Նախորդ դարասկիզբին 1700 հայ բնակչութիւն ունեցող գաւառ մըն է Տէրիք։ Ունեցած է եօթ եկեղեցիներ, որոնցմէ երկուքը մնացած էին մեր օրերուն։ Հայ Առաքելական եւ Հայ Կաթողիկէ այդ երկու եկեղեցիներէն բացի կար աղջկանց եւ մանչերու համար զատ զատ երկու դպրոց։ Գիտէինք նաեւ այդ միւս եկեղեցիներու վայրերը, աւելի ճիշդ աւերակները։
Սարսափի օրերէն ետք միայն 80 հայեր մնացած էին, որոնց մեծամասնութիւնը անչափահասներ։ Ինքնութիւնը պահպանելու միակ միջոցն էր ներընտանեկան ամուսնութիւնները, որոնք կրօնաբարոյական իմաստով անընդունելի ըլլալով հանդերձ կատարուեցան այդ փոքրաթիւ համայնքի մէջ։
Տէրիքի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին՝ որ մինչեւ օրս կ՚օգտագործենք իբրեւ աղօթատեղի, զոյգ դպրոցներուն հետ միասին երկար տարիներ գրաւուած էր պետութեան կողմէ։ Այդ շրջանին եկեղեցին տրամադրած էին բանակին, որ երկար ժամանակ օգտագործեց իբրեւ պահեստանոց եւ ապա ուղտերու ախոռ։ Որոշ ժամանակ շարժանկարի սրահ եւ ապա դարձեալ ախոռ ըլլալով շահագործուած է։
Վերջապէս քաղաքի իշխանութիւնները կ՚որոշեն հայերէ գրաւուած կալուածները աճուրդի ճամբով վաճառել։ Տէրիքի հայութիւնը կ՚ուզէ այս առիթէն օգտուելով վերատիրանալ իր երբեմնի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ։ Ընտանիքներ, իրենց նիւթական կարողութիւններու սահմանները կը գերազանցեն այս սրբազան նպատակին համար։ Համաքաղաքացի մահմետականներն ալ կ՚որոշեն աճուրդի չմասնակցիլ, որպէսզի կանխեն կալուածի արժէքի ալ աւելի բարձրացումը։ Այսպէս վերատիրացանք մեր նախկին եկեղեցւոյ եւ 1955-1956 տարեթիւերուն ստացանք սրբավայրի սեփականութիւնը հաստատող փաստաթուղթին (Թափու)։ Ունինք խոչընդոտ մը եւս։ Յատուկ հիմնադրամի մը բացակայութեան պատճառաւ մեր եկեղեցւոյ կալուածը գրանցուած է համայնքէն վստահելի անձի մը վրայ։
Այդ տարիներոն ոչ մենք Պոլսոյ Պատրիարքարանին ճամբան գիտէինք, ոչ ալ պատրիարքարանը տեղեակ էր մեր գոյութենէն։ Երախտիքով կը յիշեմ թէ Տէրիքի հայոց բոլոր հոգեւոր ծառայութիւնները կը ստանցնէին ասորի հոգեւորականները։ Անհամար են Խոր Սամուէլի (Աքտեմիր) կատարած մկրտութեան, պսակադրութեան եւ թաղման խորհրդակատարութիւնները։ Մինչեւ հայ հոգեւորականներու հետ հաղորդուիլը, իրենք եղան մեր քրիստոնէական ապրումները ապահովողը։
Տարիներու տեւողութեամբ աճած համայնքը հասած էր 80 ընտանիքի։ Մեր կարողութիւններու չափով կը փորձէինք վառ պահել հայկական աւանդութիւնները։ Եկեղեցւոյ վերատիրանալէ ետք կրօնական տօները շատ աւելի մեծ նշանակութիւն ունեցան։ Յատկապէս Զատիկը՝ որ կը յաջորդէր եօթ շաբաթանի պահքի շրջանին։ Զատկի օրը հայրս եւ Թովմաս հօրեղբայրս Աստուածաշունչէն յօդուածներ կը կարդային։ 1960-ական թուականներուն Տիյարպէքիրի հոգեւոր հովիւ Տէր Արսէն եւ իր մահէն ետք ալ Տէր Կիրակոս իրենց քաղաքի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ Զատկի Պատարաքը մատուցելէ քանի մը օր ետք կ՚այցելէին նաեւ Տէրիք, մեզ ալ անմասն չթողելով Հայաստանեաց եկեղեցւոյ կարեւորագոյն ծիսակատարութենէն։
Զատկի շնորհաւորութեան այցելութիւնները Տէրիքի հայոց կողմէ ալ ընդունուած սովորութիւն էր։ Արդէն փոքրաթիւ համայնքի բոլոր բնակիչները կ՚այցելէին զիրար, ստանալով շաքարեղէն։ Ինչպէս բոլոր հայկական գաղութներ, Տէրիքի հայերն ալ ունէին Զատկի յատուկ խմորեղէն, որ կը կոչուէր «Քըլիչէ»։
Գերեզմանը մէկ քիլոմեթր հեռաւորութիւն ունէր քաղաքէն։ Կ՚այցելէինք մեր ննջեցեալները ու կ՚աղօթէինք անոնց հոգւոյն խաղաղութեան համար։ Մեռելոցի օրը ոչ աշխատանքային էր բոլորիս համար։ Քանի որ քաղաքի բոլոր արուեստագէտները հայեր էին, շուկան ալ համարեա կ՚ամայանար մեռելոցներուն։
Մեր քաղաքի մօտ անցեալի պատմութեան մէջ անմոռանալի է 1986 թուականը, երբ ուրախութիւնը վայելեցինք Թուրքիոյ Հայոց 82-րդ Պատրիարքին՝ Շնորհք Գալուստեանի այցելութեան։ Ես այդ ժամանակ Իսթանպուլ կը բնակէի։ Այդ այցելութեան նախապատրաստութիւնները կազմակերպելու համար նախօրօք վերադարձայ ծննդավայրս։ Զինք դիմաւորեցինք քաղաք մտնելէն 15-20 քիլոմեթր առաջ։ Այդ օր շուրջ 5, 6 հարիւր հոգինոց սեղան սարքեցինք։
Շնորհք Պատրիարքէն ետք Մեսրոպ Պատրիարքն ալ այցելեց Տէրիք։ Ես դարձեալ հոն էի։ Թմբուկ- Զուռնայով դիմաւորեցինք զինք։ Եկեղեցին խուռներամ բազմութիւն մը կար։ Ինչպէս որ կ՚ըսեն «ասեղ քցես գետին չիյնար»։ Շուրջ հազար հոգի եկած էր իր քարոզ պատգամը լսելու։ Մեսրոպ Պատրիարքի խօսքերը խորապէս տպաւորած էին նաեւ մեր մահմետական համաքաղաքացիները։
Յաջորող տարիներուն մեր քաղաքը կրկին վերածուեցաւ լքեալ աւանի։ Գաղթի հոսանքը սկսած էր 1960-ական տարիներուն։ Նախ քանի մը ընտանիքներ, որոնք առեւտուրով կը զբաղէին հարեւան երկիրներու հետ, գաղթեցին դէպի Սուրիա եւ Լիբանան։ Ապա աւելի մեծ հոսք մը եղաւ դէպի Պոլիս։ Պոլիս եկածներուն ալ մէկ մասը գաղթեցին Եւրոպայի զանազան երկիրներ կամ Ամերիկա։ Այժմ Տէրիքի մէջ միայն մէկ ընտանիք ունինք՝ Նաիֆ եւ Սրբուհին ամոլը, մէկ ալ վերջերս իր ընտանիքի աւանդական արուեստը՝ օճառաշինութիւնը շարունակող Զեքերիա Սապունճուն։ Ներկայիս Պոլիս կը բնակին մօտ 200 Տէրիքցի ընտանիքներ։
Մինչեւ քանի մը տարի առաջ տարին մէկ անգամ Պատրիարքի պաշտօնակոչած հոգեւորականի մը ընկերակցութեամբ կ՚այցելէինք մեր 300 տարուայ անցեալ ունեցող եկեղեցին։ Խունկ կը վառէինք մեր ննջեցելոց շիրիմներուն վերեւ։
Այսօր եթէ հարց տան թէ ի՞նչ կը ցանկաս, ապագային ալ Սուրբ Գէորգին տէր կանգնած մարդկանց գոյութիւնը միայն։