Մարտինի Սոր Եաքուբ Վանքի վանահայր Սեճեր Ահօ Պիլէչեն 9 Յունար 2020-ին բերման ենթարկուած՝ յաջորդ օր ձերբակալուած եւ 14 Յունուարին ալ ազատ արձակուած էր։ «Կազմակերպութեան օգնել»ու մեղադրանքով յարուցուած դատավարութեան Ե. նիստը կայացաւ Մարտինի 4-րդ Եղեռնադատ Ատեանի մէջ։ Նիստի աւարտին Հայր Ահօ դատապարտուեցաւ 2 տարի 1 ամիս բանտարկութեան։
Դատարանի վճիռը տեղի տուաւ զանազան հակազդեցութիւններու։ Միտեաթի Մօր Կապրիէլ Վանքի վարչութիւնը յայտարարութիւն մը ընելով հերքեց իշխանամէտ մամուլի մէջ վարդապետին վերագրուած խօսքերը։ Օրուայ թերթերը պնդած էին թէ Ահօ վարդապետ ստանձնած էր իրեն ուղուած մեղադրանքը ըսելով թէ «Հաւատքիս հրամայականն էր, ինձմէ հաց ուզեցին ես ալ տուի»։
Վարչութեան ատենապետ Քուրիաքոս Էրկիւն «Ակօս»ին տուած լուսաբանութեան մէջ նշեց թէ պիտի առարկեն այս վճիռին եւ խնդիրը պիտի փոխադրեն Վճռաբեկ Ատեան։
Միւս կողմէ «Եւրոպայի Ասորիներու Միութիւն»ն ալ վճիռը մեկնաբանեց իբրեւ ժողովրդավարական սկզբունքներու, մարդու իրաւունքներու, փոքրամասնութիւններուն եւ անապահով խումբերուն պահպանման ուղղեալ հարուած մը ըլլալով։