ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Եթէ դաւաճանութիւն կը փնտռէք

Համաշ­խարհա­յին հայ ժո­ղովուրդը Թուրքիոյ Խորհրդա­րանի մէջ ու­նի կուռ ձայ­նով ներ­կա­յացու­ցիչ մը յան­ձին Ժո­ղոովուրդնե­րու Ժմղմվրդա­վարա­կան Կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լա­նի։ Ան ընտրո­ւած օրէն այս կողմ հա­յու ուղղեալ ամէն տե­սակի վար­կա­բեկ­ման դէմ հզօր ու ամուր վա­հան մը ըլ­լա­լով կը կա­տարէ իր ստանձնած պաշ­տօ­նը։

Ի տար­բե­րու­թիւն Խորհրդա­րանի մէջ երկրի փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն հա­մար որոշ աթոռ­ներ տրա­մադ­րած օրի­նակ­նե­րու Թուրքիոյ Խորհրդա­րանը միայն ժո­ղովւրդի ձայ­նե­րով ընտրո­ւած պատ­գա­մաւոր­ներ ու­նի։ Հե­տեւա­բար այդ պատ­գա­մաւոր­նե­րը պաշ­տօ­նապէս չեն ներ­կա­յաց­ներ իրենց պատ­կա­նած հա­մայնքը, այլ կը ներ­կա­յաց­նեն ամ­բողջ քո­ւէար­կողնե­րը։ Այս առու­մով ալ Կա­րօ Փայ­լան Թուրքիոյ հայ հա­մայնքի պաշ­տօ­նական ներ­կա­յացու­ցի­չը չէ, այլ իբ­րեւ հայ ան­հատ բնա­կան իրա­ւապաշտպա­նը տիեզե­րական հա­յու­թեան։

Ցա­ւով կը նկա­տենք թէ այդ քա­ջարի քա­ղաքա­կան գոր­ծի­չը մերթ ընդ մերթ կ՚են­թարկո­ւի իր ազ­գա­կից­նե­րու իսկ հա­լածան­քին, պար­զա­պէս անոր հա­մար որ ան կը խօ­սի ոչ թէ ան­հա­տի մը կամ խմբա­կի մը աջակ­ցե­լու՝ այլ իր ժո­ղովուրդին ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը բարձր պա­հելու հա­մար։

Կա­րօ Փայ­լան իր խի­զախ ելոյթնե­րէն մէ­կը ու­նե­ցաւ Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Սա­հակ Բ.-ի հան­դէպ։ Մեր­ժած էր ճանչնալ մեր եկե­ղեցա­կան եւ հա­սարա­կական բո­լոր սկզբունքնե­րուն հա­կասող եւ պե­տու­թեան կող­մէ պար­տադրո­ւած պայ­մաննե­րով ո՛չ թէ ընտրո­ւած, այլ նշա­նակո­ւած հո­գեւո­րակա­նի մը պատ­րիար­քութիւ­նը։ Որ­քան ալ իբ­րեւ թէ ընտրու­թիւն մը կա­տարո­ւած ըլ­լար, վեր­ջա­պէս ժո­ղովուրդի ձայ­նե­րով ընտրո­ւած Պատ­րիարք մը կար մեր դի­մաց եւ Թուրքիոյ հայ հա­մայնքը կա­մայ թէ ակա­մայ հա­մակեր­պած էր այդ ար­դիւնքին։ Այս առու­մով բա­ւակա­նին սուր էր Կա­րօ Փայ­լա­նի «Ան իմ պատ­րիարքս չէ» խօս­քը։ Սուր էր, բայց տրա­մաբա­նական։ Տրա­մաբա­նական էր եւ ար­դար։ Ար­դար էր եւ իրա­ւացի։

Սա­հակ Ար­քե­պիս­կո­պոս պէտք էր գի­տակ­ցեր թէ ինք եւ նոյն աթո­ռի միւս թեկ­նա­ծու Արամ Ար­քե­պիս­կո­պոս Աթէ­շեան պե­տու­թեան պար­տադրան­քին սխա­լը հաս­տա­տելով հան­դերձ ընտրու­թեան կա­յանա­լուն աջակ­ցե­լով ար­ժա­նի եղան այս մեր­ժումին։ Ցա­ւալի է որ ընտրու­թեան ըն­դա­ռաջ սկզբունքա­յին կե­ցուածք մը ցու­ցա­բերած չըլ­լա­լու փոխ հա­տու­ցումը ընդմիշտ իրենց հետ պի­տի մնայ։ Հե­տեւա­բար Կա­րօ Փայ­լա­նի ելոյ­թը ուղղո­ւած չէ միայն Սա­հակ Բ. Պատ­րիար­քին, այլ նաեւ Արամ Արք. Աթէ­շեանին եւ հե­ղինա­կու­թիւն չու­նե­ցած Կար­գա­դիր Յանձնա­խումբի ու այս անար­դար ընտրու­թիւնը իւ­րացնող բո­լորին։

Կա­րօ Փայ­լան իր կու­սակցա­կան գոր­ծընկեր­նե­րուն հետ միասին նշա­ւակը դար­ձած է իշ­խող ֆա­շիս­տա­կան կա­ռավա­րու­թեան։ Նա­խագահ Էր­տո­ղանի գլխա­ւորած քա­ղաքա­կան ու­ժը իր հետ ու­նե­նալով ծայ­րա­յեղ ազ­գայնա­կան­նե­րը եւ քե­մալա­կան­նե­րը լծո­ւած են երկրի միակ այ­լընտրան­քա­յին գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը լռեց­նե­լու ջան­քին։ Այդ ջան­քի յա­ջողու­թիւնը մեծ կո­րուստ մըն է երկրի ժո­ղովրդա­վարու­թեան հա­մար։ Կո­րուստ մը, որուն հա­մար աղօ­թող­նե­րու շար­քին դժբախ­տա­բար կան նաեւ հա­յեր, որոնց մեղ­քը դա­տապար­տե­լի պի­տի ըլ­լայ աշ­խարհաս­փիւռ հա­յու­թեան դի­մաց։

pakrates@yahoo.com