Երեւան, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները հրապարակեցին յայտարարութիւններ ՝ դատապարտելով 12 Ապրիլին Ատրպէյճանի մէջ բացումը Արցախեան պատերազմին նուիրուած «Պուրակ»ի։
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Ապրիլի 12-ին Ատրպէյճանի նախագահի մասնակցութեամբ Պաքուի մէջ բացուած է Արցախեան պատերազմին նուիրուած «Պուրակ», ուր հայկական զինուորական տեխնիկայի հետ միասին ցուցադրուած են հայկական զինուած ուժերու ծառայողներու կերպարներ, Հայաստանի ու Արցախի զինուորներու անձնական իրեր եւ զոհուած հայ զինուորականներու սաղաւարտներ։ «Պուրակ»ի բացման արարողութեան եւ Ատրպէյճանի նախագահի ելոյթը կ՚ապացուցեն, որ վերոնշեալ գործողութիւնն ուղղուած է հրապարակայնօրէն նսեմացնելու պատերազմին զոհուածներու յիշատակը, անյայտ կորածներուն ու գերիներուն, ոտնահարելու անոնց ընտանիքներու իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը։ Այն ժամանակ, երբ դեռեւս լիովին հասցէագրուած չեն Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի հետեւանքները, երբ Ատրպէյճանի պատանդառութեան մէջ կը գտնուին բազմաթիւ հայ ռազմագերիներ, դիակապտութեան տարրերով պարուրուած նման «ցուցադրութեան» կազմակերպմամբ Ատրպէյճանը վերջնականապէս կ՚ամրագրէ իր դիրքը որպէս անհանդուրժողականութեան եւ այլատեացութեան համաշխարհային կենդրոն։ Ատրպէյճանի բարձր ղեկավարութեան նման մարդատեաց գործելաոճն առաւել խօսուն է, քան խաղաղութեան եւ հանդուրժողականութեան, բազմամշակութայնութեան վերաբերեալ ցանկացած յայտարարութիւն կամ PR-գործողութիւն։ Մէկ կողմէն Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը հանդէս կու գայ Հայաստանի կողմէ հնարաւոր վրէժխնդրութեան վերաբերեալ դիտարկումներով, իսկ միւս կողմէ նման ցուցադրութեամբ փորձ կը կատարէ վիթխարի դարձնել վրէժխնդրութիւնը, մարդատեացութիւնը եւ ազգամիջեան ատելութիւնը։ Նման քայլերը ի ցոյց կու տան, թէ որքան հեռու է կանգնած Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը յետ-հակամարտային իրավիճակի, տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ հաշտեցման վերաբերեալ իր իսկ յայտարարութիւններէն»։
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան դիտել տուաւ, որ Պաքուի մէջ Արցախեան պատերազմին նուիրուած «Պուրակ»ը պետական աջակցութեամբ հայատեացութեան եւ Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան ապացոյց է։
«Պուրակում հայկական զինուորական տեխնիկայի հետ միասին ցուցադրուած են հայկական զինուած ուժերի ծառայողների կերպարներ (մանեկեններ), որոնք բոլորն էլ ներկայացուած են արժանապատուութիւնը ոտնահարող, նուաստացուցիչ վիճակում։ Դա արուած է հնարաւորինս լայն հրապարակայնութիւն ապահովելով։ «Պուրակ»ի հրապարակուած տեսանիւթերից ու լուսանկարներից ակնյայտ է, որ ցուցադրութիւնն արուած է Հայաստանի ու Արցախի հայերի, Հայաստանի քաղաքացիների նկատմամբ ատելութիւնն ու թշնամանքն աւելացնելու, խրախուսելու համար։ Ցուցադրութիւններն արուած են ցինիզմով (շնականութեամբ)՝ հրապարակայնօրէն նսեմացնելու համար պատերազմում զոհուածների յիշատակը, անյայտ կորածներին ու գերիներին, ոտնահարելու համար նրանց ընտանիքների իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը», նշեց Թաթոյեան։
Ան յայտնեց, որ նոյն լկտիութեամբ ցուցադրուած են Հայաստանի եւ Արցախի զինուորներուն անձնական իրերը, իսկ զոհուած զինուորականներու սաղաւարտներու ցուցադրութիւնը կատարուած է լաւապէս գիտնալով, որ անիկա յաւելեալ տառապանքներ պիտի պատճառէ անոնց ընտանիքներուն, Հայաստանի ու Արցախի հասարակութեան, նոր ատելութիւն գրգռելով ատրպէյճանական հասարակութեան մէջ։ Արման Թաթոյեան նշեց, որ հոն ցուցադրուած են նաեւ հայ գերիներուն վերաբերող տեսարաններ, որոնք դատապարտելի են այն առումով, որ Ատրպէյճանի մէջ կը շարունակուի ապօրինաբար, մարդու իրաւունքներու միջազգային պահանջներու կոպիտ խախտումով պահուիլ գերիներ՝ զինուորներ եւ քաղաքացիներ։
«Նման «Պուրակ»ի բացումն ակնյայտ հաստատում է Ատրպէյճանում կառուցային հայատեացութեան եւ թշնամանքի քարոզի պետական քաղաքականութեան առկայութեան փաստը։ Այդ քաղաքականութիւնը հետեւողականօրէն իրականացւում է տարիներ շարունակ եւ հաստատւում յստակ ապացոյցներով։ Այդ քաղաքականութեան հետեւանք են այն դաժանութիւններն ու խոշտանգումները, սպանութիւնները, որոնք ադրբեջանական զինուած ուժերի ծառայողները հայկական կողմի զինուորականների ու քաղաքացիական անձանց նկատմամբ կատարել են թէ՛ 2020թ. Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսների, թէ՚ 2016թ. ապրիլեան պատերազմական գործողութիւնների, թէ՚ ադրբեջանական այլ զինուած յարձակումների ժամանակ», կ՚ըսէ Թաթոյեան։
Ըստ անոր՝ պետական հովանաւորչութեամբ թշնամանքն էր պատճառը, որ ատրպէյճանցի զինուորականները դաժանաբար կը խոշտանգէին եւ կը սպաննէին հայկական կողմի զինուորները եւ քաղաքացիները՝ գործելով բաց դէմքերով, բացառիկ լկտիութեամբ՝ առանց նոյնիսկ մտածելու պատասխանատուութեան մասին ու վստահ ըլլալով, որ անոր համար իրենք միայն գովասանքի պիտի արժանանան։
Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը դիտել տուաւ, որ այս քայլը ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ հիւանդագին հայատեացութեան առօրեայ դարձած դրսեւորումն է, որ մէկ կողմէ կ՚արտայայտէ Ատրպէյճանի հասարակութեան մօտ հայութեան նկատմամբ ատելութեան հսկայական պաշարը, միւս կողմէ կը հանդիսանայ այդ պաշարը սնուցող աղբիւր։
«Այս ամէնի մէջ ոչ այնքան զարմանալի է Ադրբեջանի բռնապետի բացարձակ անարգանքը մարդկութեան հանդէպ, որքան քաղաքակիրթ մարդկութեան անտարբերութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը։ Աշխարհի աչքի առաջ Իլհամ Ալիեւը ֆաշիստական ցինիզմով հրապարակայնօրէն ոտնահարում եւ նուաստացնում է մի ողջ ժողովրդի արժանապատուութիւն, միտումնաւոր տառապանք պատճառում զոհուած զինծառայողների, անյայտ կորած ու գերեվարուած անձանց հարազատներին։ Ցաւակցութիւնների եւ մարդու իրաւունքների համընդհանրութեան մասին աղաղակելու փոխարէն միջազգային հանրութիւնը պէտք է պատշաճ գնահատական տա Ատրպէյճանի կատարած ոճրագործութիւններին եւ պատասխանատուութեան ենթարկի 44օրեայ պատերազմի ընթացքում գործած մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնների համար», յայտնեց ՄԻՊ-ը։