Մեր մայրենին ինչո՞ւ ունի մարգարիտի մը ազնուական փայլը։ Միթէ՞ «մարգարիտ» բառն է պատճառը։ Անկասկած։ Որպէս ազնուուհիի մը նուրբ պարանոցը զարդարող մարգատաշար՝ «մարգարիտ» բառը զարդարեց հայոց լեզուն, զայն դարձուց աչքառու եւ թանկագին։ Ու ինչպէս Կարմիր ծովու, Պարսից ծոցի կամ Հնդկական ոսկիանոսի արկածախնդիր լողորդները մարգարիտ մը դուրս բերելու համար խիզախութեամբ կը սուզուին դէպի ջուրի յատակը՝ նոյնպէս ալ մենք - այսօր ըլլանք գրական մարգարիտներու որսորդներ - ու իջնենք հայկական գրականութեան խորութիւնները ու դուրս բերենք քանի մը ընտիր ու պատուական «մարգարիտ»։
Հին դարերուն ոսկին եթէ արքայական էր՝ մարգարիտը եւ «մարգարիտ» բառը կը պատկանէին հայոց փափուկ թագուհիներուն, ինչպէս կը վկայէ մեր քերթողահայրը Մովսէս Խօրէնացին.
«Տեղ ոսկի տեղայր
ի փեսայութեանն Արտաշիսի,
Տեղայր մարգարիտ
ի հարսնութեանն Սաթինկանն»։
Մատթէոս առաքեալի աւետարանի մէջ «մարգարիտ» բառը երկինք բարձրացաւ. «Երկինքի թագաւորութիւնը նաեւ նման է ճամբորդող վաճառականի մը, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ։ Գտնելով թանկարժէք մարգարիտ մը, ան կ՚երթայ եւ իսկոյն կը վաճառէ իր ունեցուածքը եւ կ՚առնէ զայն»։ Դուք արդէն նկատեցիք, թէ «մարգարիտ» բառը կը տիրէ ընտիր ածականներու հետ տեսնուիլ, ինչպէս՝ ըստ Աստուածաշունչ մատեանի - «գեղեցիկ», «թանկարժէք» եւ «պատուական»։ 10-րդ դարուն Գրիգոր Նարեկացին խոստովանեցաւ, թէ ինքը փշրուած մարգարիտի մը չափ արժէք չունի. «Ես, անարժանս ամէն բարիքի, փշրուած մարգարիտ, ընկղմած գոհար»։ Իսկ 12-րդ դարուն Սուրբ Ներսէս Շնորհալին «մարգարիտ»ով զարդարեց Ս. Գայանէին եւ Աստուածամօր նուիրուած բանաստեղծութիւններ. «Վկայուհի Գայիանէ, ծաղկազարդ պսակ կուսից եւ մարգարիտ սուրբ հաւատոյ», «Աստուածածին, միշտ կոյս Մարիամ... Ակն շափիւղայ եւ մարգարիտ պատուական»։
Յարգելի ընթերցող, եթէ ոեւէ մէկը բարձր կատարէ մը դիտէ Հայկական լեռնաշխարհը – քարերու ովկիանոս մը իսկական - իրաւունք ունի հարցնելու, թէ ուրկէ՛ եկաւ «մարգարիտ»ը, ծովային փափկամարմիններու մէջ գոյացող այդ սատափեայ պինդ, կլորաւուն եւ աչքառու քարը։
Այդ հարցումը պատասխանելու տենչանքով Հրաչեայ Աճառեանը սուզուեցաւ հին աշխարհի հին լեզուներու մէջ ու դուրս ելաւ հետեւեալ բացատրութեամբ. «մարգարիտ» բառը յունական փոխառութիւն է լատիներէնի միջնորդութեամբ, արմատն է՝ μαργαρίτης (մարղարիտիս)։ Սակայն ժամանակակից ստուգաբանութիւնը սկսած է համոզում ցոյց տալ, թէ անոնք ունին պարթեւական ծագում։ Հայերէնի միջոցով բառը հասաւ Հին վրացերէն ու դարձաւ მარგარიტი - մարգարիտի։ Բառը տարածուեցաւ նաեւ այլ երկիրներ ու անկասկած զարդարեց պճնասէր տիկինները եւ անոնց նուիրուած երգերը։ Ահա «մարգարիտ» բառի միջազգային շարանը. Լատինախօս աշխարհ՝ մարգարիտա, Արաբական թերակղզի՝ մարճան, Պարսկաստան՝ մորվարիտ, Ասորեստան՝ մարգանիթա։ Իսկ հայկական գաւառներու մէջ բառը ստացաւ իւրայատուկ հնչիւններ. Հաճընի մէջ «մագարիդ» (իբրեւ յատուկ անուն), Վանի մէջ «մարկըրիտ», Խարբերդի եւ Ակնայ մէջ «մարքըրիդ», Ալաշկերտի, Մշոյ եւ Սեբաստիոյ դաշտերուն վրայ «մարգրիդ»։
Հայոց լեզուի մէջ «մարգարիտ» բառի փրփուրներէն ծնունդ առին բազմաթիւ գեղեցիկ ածականներ։ Այժմ միացնենք ամենէն ընտիր 12 հատը ու կազմենք սիրուն մարգարտաշար մը. մարգարտագեղ, մարգարտազարդ, մարգարտածին, մարգարտածոպ, մարգարտածով, մարգարտածոց, մարգարտայեռ, մարգարտահնչիւն, մարգարտաշող, մարգարտափայլ, մարգարտափունջ եւ մարգարտապսակ։ «Մարգարիտ» բառը – սա իսկապէս հազուադէպ երեւոյթ է – դարձաւ նաեւ գիրքի անուն՝ հայկական գրատպութեան ամբողջ պատմութեան մէջ բառը լոյս տեսաւ լոկ հինգ անգամ։ Առաջին երեք հատը ծնունդ առաւ Պոսֆորի փրփուրներէն, իսկ յաջորդները՝ Թիֆլիսը զարդարող Կուր գետի ջուրերէն- «Մարգարիտ արքայութեան երկնից», «Անխօս Մարգարիտ», «Մարգարտաշարք մը ներկայ ճշմարտութեան գոհարատուփէն», «Մարգարտ» մանեակ», Մարգարիտներ»։ Կ՛արժէ յիշել, թէ 1400ներուն, տաղերգու, երաժիշտ, հասարակական–եկեղեցական գործիչ Առաքել Բաղիշեցին Պոլիսը գովաբանելու համար գործածեր էր «մարգարիտ» բառը. «Դու մարգարիտ ՝ տեառն քարոզ / Արքայութեան երկրի, Ստըմպոլ. / Որ ամենայն հաւատացեալք / Քո ցանկային տեսլեանդ, Ստըմպոլ»։
«Մարգարիտ» բառը գործածուեցաւ նաեւ նախնեաց առակի մը մէջ, որ կ՛ըսէ, թէ մարդու լեզուն ունի երկու ճիւղ, երկու բնաւորութիւն՝ չարն ու բարին մէկ բերանի մէջ.
Լեզուն ճուղ ունի քան զօձու,
Զմէկն մարգարիտ կու թափէ,
Զմէկն՝ ժահր (թոյն)։
Հայկական գրականութեան մէջ, սակայն յարգելի ընթերցող, «մարգարիտ» բառը իր ամենափայլուն շրջանը ապրեցաւ միջնադարուն։ 1200էն մինչեւ 1700ներ հասնող այն ժամանակահատուածին, երբ մարդը սկսեր էր գովաբանել բնութիւնը, գարունը եւ գեղեցիկը ու կ՛ապրէր կեանքը եւ անոր շնորհները լիովին ապրելու ցանկութեամբ՝ «մարգարիտ» բառն ազատեցաւ հոգեւոր գրականութեան կաշկանդումներէ ու դարձաւ աշխարհիկ։ Ամէն աշուղ, ամէն սիրավառ բանաստեղծ «մարգարիտ» բառը առնուազն մէկ անգամ գործածեց նկարագրելու համար իր սիրոյ առարկան։
Այժմ, յարգելի ընթերցող, ելլենք մակերես, շունչ մը առնենք, շաբաթ մը զմայլինք մեր որսած գոհարներու գեղեցկութեան վրայ, բայց շարունակենք արկածախնդիր ու խիզախ մնալ, որպէսզի յաջորդ յօդուածին կրկին խորանանք հայկական գրականութեան խաղաղ ջուրերու խորութեանը ու մեր յայտնաբերած ամէն մէկ ընտիր «մարգարիտը» գրական նուրբ թելի մը վրայ հատի-հատիկ շարելով՝ շինենք հայկական աշուղական գրականութեան շողշողուն շարգարտաշարը։