ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
Երեսփոխանական իրաւունքները վերացուած ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Էօմեր Ֆարուք Կերկերլիօղլու 3 Ապրիլ շաբաթ օր բնակարանէն ձերբակալուելով բանտ դրուեցաւ։ Ձերբակալման պահուն ոստիկաններու բռնութեան ենթարկուած Կերկերլիօղլուի բազկերակը հասաւ վտանգաւոր բարձրութեան, որուն հետեւանքով ան ուղարկուեցաւ հիւանդանոց, ուր ենթարկուեցաւ անժիոյի քննութեան։
Այս զարգացումներէն ետք կապ հաստատեցինք Կերկերլիօղլուի որդւոյն Սալիհ Կերկերիլօղլուի հետ, որ ականատես եղած էր իր հօրը ձերբակալման պահուն։ Սալիհ Կերկերլիօղլու գործընթացը պատմեց հետեւեալ կերպով.
«Խորհրդարանէն դուրս բերուելէն ետք հօրս յայտարարութիւն մը ղրկեցին պահանջելով թէ 10 օրուայ ընթացքին ինք անձամբ ներկայանայ արգելանոց։ Հայրս մերժեց այդ հրաւէրը եւ յայտնեց թէ տուեալ ժամկէտի աւարտին ոստիկաններ կրնան զինք տանիլ բնակարանէն։ Այսպէս ոստիկանները շաբաթ երեկոյ մեր տունը եկան։ Հայրս իրենցմէ խնդրեց որ մի քանէ րոպէ սպասեն, որ պատրաստուի։ Անոնք նախ համաձայնեցան այս առաջարկին, բայց քիչ անց ներ խուժեցին եւ քաշքշելով դուրս հանեցին հայրս։ Մեզի համար շատ ուշագրաւ էր, որ եկող ոստիկաններէն մէկը հօրս կողմէ մեղադրուած էր ձերբակալուածներուն տանջանք գործադրելու յանցանքով։ Այդ ոստիկանին նման պաշտօնի ուղարկուիլը դիտումնաւոր էր թէ ոչ չեմ գիտեր։ Ես որեւէ ձեւով չեմ կրնար հասնիլ իրեն։ Այդ պահուն հօրս ճնշումը բարձրացաւ, բայց ոստիկանները զինք փոխանակ հիւանդանոց առաջնորդնելու ուղղակի բանտ տարին։ Բանտ մտնելէ ետք է, որ այդ տեղի բժիշկները պատասխանատուուոթիւն ստանձնելէ խուսափելով կ՚որոշեն հայրս հիւանդանոց փոխադրել։ Հիւանդանոց փոխադրուիլը լսելով մենք ալ հիւանդանոց փութացինք։ Ոստիկանները համարեա բանակի մը համապատասխան քանակով շրջապատած էին շտապօգնութեան ինքնաշարժը։ Անհաւատալի էր պարզուած պատկերը։ Հիւանդանոցի նրբանցքները զինեալ ոստիկաններով լեցուն էր։ Վերջապէս որոշեցին «անժիօ» ընել, այդ քննութեան ընթացքին «սթենտ» մըն ալ դրած են։ Բոլոր այդ ընթացքին ես չկրցայ հօրս մօտը երթալ։ Համավարակը պատճառաբանելով զիս միշտ հեռու պահեցին։ Այս բոլորին համար մենք որպէս ընտանիք պիտի չբողոքենք։ Այդ գործընթացը ստանձնած է ՀՏՓ կուսակցութիւնը, որուն երեսփոխանները միշտ մեր կողքին էին։ Հօրս արեան ճնշումը արդէն միշտ բարձր եղած էր, բայց սրտի որեւէ անհանգստութիւն չէր ունեցած։ Անոր «Լաւ եմ՝ ինծի համար մի մտահոգուիք» յայտարարութիւնն ալ զինք սիրողները հանգստացնելու միտումով էր։ Կրնամ ըսել որ հայրս արդարութեան հերթապահութիւնը պիտի շարունակէ մինչեւ որ Սահմանադրական Ատեանը վճիռը արձակէ»։