Թաթոյեանի աստղը կը փայլի

Հայաստա­նի տա­­րած­­քին կա­­տարուած հար­­ցա­­­խոյ­­զի կը հա­­մաձայն ժո­­ղովուրդի հա­­մակ­­րանքը ուղղո­­ւած է մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան Ար­­ման Թա­­թոյեանին։

«Կալ­­լուփ» հաս­­տա­­­տու­­թեան գոր­­ծընկեր MP LLC-ի վա­­րիչ Արամ Նա­­ւասար­­դեան հար­­ցա­­­խոյ­­զի ար­­դիւնքնե­­րը հրա­­պարա­­կեց մամ­­լոյ ժո­­ղովի մը մի­­ջոցաւ։ Նա­­ւասար­­դեան յայտնեց թէ մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րուն առա­­ջար­­կած են անուններ եւ պա­­հան­­ջած են ար­­ժե­­­ւորում մը նո­­ւազա­­գոյոն 1 եւ առա­­ւելա­­գոյն 5 միաւո­­րի սահ­­մաննե­­րուն մէջ։

Ար­­դիւնքնե­­րու դա­­սաւո­­րու­­մով պար­­զուած է թէ ամե­­նաբարձր միաւո­­րու­­մը ստա­­ցած է մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան Ար­­ման Թա­­թոյեանը 3,7։

Երկրորդ հո­­րիզո­­նակա­­նին վրայ կը գտնո­­ւի վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեան 2,7

ՀՀ նա­­խագահ Ար­­մեն Սար­­գի­­­սեան ստա­­ցած է 2,4

Հան­­րա­­­պետու­­թեան երկրորդ նա­­խագահ Ռո­­պերթ Քո­­չարեան եւ Բար­­գա­­­ւաճ Հա­­յաս­­տան կու­­սակցու­­թեան պետ Գա­­գիկ Ծա­­ռու­­կեան 2,1

Լու­­սա­­­ւոր Հա­­յաս­­տան կու­­սակցու­­թեան պետ Էդ­­մոն Մա­­րու­­քեան 1,9

Հա­­յաս­­տա­­­նի եր­­րորդ նա­­խագահ Սերժ Սար­­գի­­­սեան 1,6

ՀՅԴ-ի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Իշ­­խան Սա­­ղաթե­­լեան եւ ընդդի­­մադիր դա­­շինքն վար­­չա­­­պետի թեկ­­նա­­­ծու Վազ­­գէն Մա­­նու­­կեան 1,5 միաւոր ստա­­ցան։

Այլ հա­­շուար­­կումով մը եթէ յա­­ռաջի­­կայ կի­­րակի ընտրու­­թիւն կա­­յանայ հար­­ցա­­­խոյ­­զի մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րու 31,7 պի­­տի քո­ւէար­­կէ այժմու իշ­­խա­­­նու­­թեան՝ «Իմ Քայ­­լը» կու­­սակցու­­թեան ի նպաստ ։ Անոր կը յա­­ջոր­­դէ 5,9-ով Ռո­­պերթ Քո­­չարեան։ Բար­­գա­­­ւաճ Հա­­յաս­­տա­­­նը կը ստա­­նայ 4,4, Լու­­սա­­­ւոր Հա­­յաս­­տա­­­նը 2,2 , Հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թիւնը 2,4 , ՀՅԴ 2,1 եւ Ար­­ցա­­­խեան պա­­տերազ­­մէն ետք հիմ­­նո­­­ւած «Հայ­­րե­­­նիքի Փրկու­­թեան Շար­­ժում»ը 1 տո­­կոս։

Հար­­ցա­­­խոյ­­զի ար­­դիւնքնե­­րը կ՚ապա­­ցու­­ցեն նաեւ ընդդի­­մադիր­­նե­­­րու ընտրու­­թե­­­նէն խու­­սա­­­փելու պատ­­ճառնե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ