7Ապրիլ թուակիր «Ճումհուրիյէթ» թերթի մէջ լոյս տեսնող լրատուութեան համաձայն կաշառքի մեղադրանքով պաշտօնազրկուած են երկու բարձրաստիճան ոստիկաններ։ Թերթի լրատուութեան համաձայն ոստիկանները Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուէն 500 հազար ԹԼ կաշառք պահանջած են։ Շիրինօղլու խնդիրը փոխանցած է Ներքին Գործոց Նախարարին, որմէ ետք ոստիկաններէն մէկը հրաժարած է իր պաշտօնէն, իսկ միւսը դիմած թոշակառու դառնալու համար։
Արցախեան պատերազմի հրատապ օրերուն Շիրինօղլուի անվտանգութիւնը ապահովելու համար պաշտօնակոչուած ոստիկանը խորհուրդ տուած է ունենալ անվտանգութեան ծառայութեան յատուկ համարանիշներ, որոնք իբրեւ թէ պիտի կանխեն հաւանական որեւէ վտանգաւոր զարգացումը։ Սակայն նոյն թիկանապահը կը յայտնէ թէ որոշ ոստիկաններ 500 հազար լիրա կը պահանջեն այդ գործողութեան համար։ Այս լսելով Շիրինօղլու կապ կը հաստատէ կաշառք պահանջող ոստիկաններուն հետ, սակայն այս վերջինները կը հերքեն այդ պնդումը ըսելով որ իրենք պարզապէս կատակած են թիկնապահներուն հետ։ Շիրինօղլուի Նախարար Սոյլուի դիմումով պարզուած է գայթակղութիւնը։