Թերթի մը մէջ յօդուած գրելը բնականաբար կը պարտադրէ որոշ սահմանափակումներ։ Ստիպուած ես իւրաքանչիւր բառ կշռելու եւ ապա թուղթին յանձնելու։ Իսկ երբեմն ալ նիւթը կը պարտադրէ բաները իրենց անունով կոչելու անհրաժեշտութիւն։ Իսկ երբ այդ անհրաժեշտութիւն դարձածը գռեհիկ բառ մըն է ճարեր կը փնտռես շրջանցելու համար, բայց գտածներդ երբեք չեն փոխարիներ այդ բուն բառին։ Այս շաբաթ խօսիլ կ՚ուզեմ վախի մը մասին, որուն բնութագրող բացատարականն է «Ոռի վախ»։ Պահ մը փորձեցի յետոյք բառը գործածել, բայց չստացուեց նոյն հարազատութիւնը։ Ի վերջոյ որոշեցի դիմել Մուսա Լերան բարբառին, որ նոյն իմաստով կ՚օգտագործէ «Իտիւ» այսինքն ետեւ բառը։ Ուրեմն այս շաբաթ կը խօսինք իտիւի վախի մասին։
Սովորական մարդու համար առաջին ակնարկով դրական իմաստ մը ունի «անվտանգութիւն» կոչուած հասկացողութիւնը։ Բայց սա միայն բառին առթած առաջին տպաւորութիւնն է։ Իսկ եթէ մտածենք այդ անվտանգութիւն կոչեալին պարտադրած սահմանափակումները բառը նոյն հրապոյրը պիտի չունենայ։ Օրինակի համար ես կը բնակիմ անապահով թաղի մը, անապահով շէնքերէն մէկուն մէջ։ Պատճառը պարզ է, մեր թաղեցիները առհասարակ եւ նաեւ մեր շէնքի բնակիչները սովորական մարդիկ ենք։ Այս շէնքին մէջ մեծ կեղեքումներով հարստութիւն դիզած մարդիկ չեն ապրիր։ Մեր դրացիներու մէջ չկան կաշառքի կամ քաղաքական շահերու համար անարդար վճիռներ կայացնող դատաւորներ։ Չկան կաշառակեր բարաձրաստիճան պաշտօնեաներ։ Նոյնիսկ եթէ կան չար մարդիկ, անոնք իրենց բազկի ուժով կրնան դիմագրաւել որեւէ սպառնալիք։ Այս իրողութիւնը մեր թաղը կը դարձնէ ազատութեան տարածք։ Առանց շէնքի մը թիկնապահին հաշիւ տալու ազատ, համարձակ կ՚երթաս այցելութեան կամ ուրիշներ կ՚այցելեն քեզ։
Բարեկամ մը ունէինք, որ կը բնակէր Վոսփորի բարձունքին շքեղ թաղամասի մը մէջ։ Տարիներ ետք այդ նոյն թաղը փոխադրուեցաւ բարձրաստիճան նախկին զինուորական մը եւ իսկոյն ահաբեկեց թաղամասը։ Անշուշտ մենք ենք որ այս երեւոյթը կը դիտենք «ահաբեկել» եզրով։ Մինչ ան ճնշում բանեցնելով թաղեցիներուն վրայ պարտադրեց պահակի խցիկ մը տեղադրել թաղի մուտքին եւ այսպէսով հսկել ամբողջ բնակչութիւնը։ Իր տեսանկիւնով կատարուածը անվտանգութեան կանխամիջոց էր։
Հասկնալի է, իտիվի վախով կը տառապին բոլոր անոնք, որոնք անցեալին ոտնակոխած են ուրիշներու անվտանգութիւնը։ Իրենց պաշտօններուն ընձեռած առիթներով տանջած են մարդկանց եւ հիմա, որ թոշակառու դարձած են կը շարունակեն իրենց մէջ պահել այդ սարսափելի իտիւի վախը։
Եթէ հանդիպիք անվտանգութեան կանխամիջոցներով ապահովուած թաղի մէջ թիկնապահներու զօրախումբով երթեւեկող մարդկանց, խղճացէք անոնց, վասն զի իտիւի վախը կը գերազանցէ բոլոր այլ վախերուն։
Վախը մարդկային է։ Ոմանք կը սոսկան գերեզմանի մօտէն անցնելէ, կը վախնամ հոն խաղաղ ննջողներէն եւ այդ վախը փառատելու համար կը սուլեն։ Ոմանք խաւարէն, մութէն, անտեսանելիութենէն կը վախնան։ Նոյնիսկ անկողին մտնեն չեն կրնար անջատել լոյսերը։ Տրամաբանական թէ ոչ բոլորն ալ հասկնալի վախեր են։ Բայց կ՚ենթադրեմ թէ անոնց մէջ ամենադաժանն է իտիւի վախը եւ ով որ մատնուած է այդ վախին թող մինչեւ կեանքին վերջ տառապի այդ վախով։
Թերեւս այս ալ երկնային արդարութեան դրսեւորումներէն մէկն է։
Իսկ եթէ դուք անարդար չէք եղած վայելեցէք անապահովութեան ընձեռած ազատութիւնը։
pakrates@yahoo.com