Երբ նախագահ Էրտողան հայեացքը ուղղած դէպի արեւմուտք ժողովրդավարութեան գործադրութեան մասին նոր ծրագիրներ կ՚աւետէ, հասարակական կազմակերպութիւններու դէմ հալածանքը նոյն թափով կը շարունակուի երկրէ ներս։ Այսպէս 5 Ապրիլին Տիյարպեքիրի մէջ ոստիկաններ բերման ենթարկեցին «Ռոզա» կնոջ միութեան անդամ 22 կիներ։ Բերման ենթարկուած կիները կը մեղադրուին կազմակերպութեան անդամակցութեամբ։ Ինքնին վիճելի մեղադրանք մըն է այս մէկը, քանի որ կատարուած յայտարարութիւններու մէջ չի նշուիր թէ ակնարկուածը ո՞ր կազմակերպութիւնն է։ Հետեւաբար բերման ենթարկուողներն ալ մինչեւ որ չի հարցաքննուին դատախազի կողմէ չեն իմանար թէ ինչո՞վ կը մեղադրուին։ Նոյնիսկ փաստաբաններ չեն կրնար այդ մասին յստակ բացատրութիւններ ստանալ։ Վերջերս սովորութիւն դարձած գործադրութիւն մը ըլլալով մարդիկ նախ բերման կ՚ենթարկուին, կը հարկադրուին երկու կամ երեք օրերը ոստիկանական արգելանոցի մէջ անցնել եւ ապա անպարտ կը թողուին առանց գոհացուցիչ բացատրութեան։ Այս երեւոյթը կը կրկնուի երկրի տարբեր քաղաքներու մէջ, տարբեր բնոյթով ընդդիմադիր դիրք բռնած զանազաններուն։ Յայտնի է թէ իշխանութիւնը այս կիրարկումով կը փորձէ հասարակութեան մօտ որոշ ճնշում մը բանեցնել եւ անհատները խրտչեցնելով լռութեան դատապարտել։
Այս շաբաթ նոյն գործադրութիւնը կը կատարուի 104 ծովակալներու դէմ, որոնց մասին անչատաբար կ՚անդրադառնանք թերթիս սիւնակներուն վրայ։