ԳՐԻԳՈՐ ԵԹԷՐՕՂԼՈՒ
«Ակօս»ի հրատարակութեան առաջին օրերն էին։ Առաջին անգամ հոն հանդիպեցայ Օշին Չիլինկիր անունին։ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի աշակերտութեանս շրջանին ուսուցիչս եղած եւ ապա մինչեւ մահը բարեկամութիւնս շարունակած Թորգոմ Պեշիքթաշլեանին հարցուցի իր մասին, արդեօք կը ճանչնա՞ր։ Թորգոմ Պեշիքթաշեալ պատմեց որ ան ալ իր նման Լճեցի է եւ ազգականական կապ մըն ալ ունին։ Իրմէ ստացայ տան հեռախօսը։ Աւելի մօտէն ծանօթալաու համար զանգահարեցի, բայց իր փոխարէն կինը վերցուց հեռախօսը եւ անոր պատմեցի թէ որքան կը գնահատեմ իր միտքերը եւ իր գրիչը։
Աւելի քան չորս տարիներ գրեց «Ակօս»ին եւ յետոյ հեռացաւ։ 30 Մարտ 2002-ին «Արաս» հրատարակչատան կազմակերպած գինեձօնին Թորգոմին հետ միասին գացած էինք։ Հոն է որ ծանօթացայ իր հետ առաջին անգամ։ Գիրքը իմ անունովս ստորագրելը մեծ ուծախութիւն պատճառած էր։ Կը յիշեմ որ ինչպէս կը վիրաւորուէր համեստութիւնը երբ զանազաններ գովասանքով կ՚արտայայտուէին անոր գրական յատկութիւններուն մասին։
Գիտէր որ ես ալ բանաստեղծութիւններ կը մրոտեմ, ամէն հանդիպման կը հարցնէր «Նոր քերթուածներ ունի՞ս»։ Բեղուն գրիչ մը չէի։ Ցանցառ էր գրական արտադրութիւնս, որուն համար կը քննադատէր զիս եւ կը խրախուսէր աւելի շատ գրելու համար։ Եթէ չեմ սխալիր 2019-ին էր Գատըգիւղի կողմներն էի եւ ուզեցի իրեն հետ հանդիպիլ։ Կնոջը հետ եկած էր։ Մօտայի ծովափին երկար զրուցած էինք գրականութենէն, քաղաքականութենէն եւ հին յիշատակներէն։ Այդ հանդիպումէն ետք յաճախ հեռախօսով զրուցեցինք։ Հիւանդութիւնը լսելէ ետք ուզեցի զինք այցելել, բայց միշտ արգելք մը եղաւ յետաձգելու ստիպուեցայ ու վերջապէս ալ մահուան գոյժը ստացայ։ Այսօր կ՚ափսոսամ այդ յետաձգուած օրերուն համար։
Օշին Չիլինկիր իր գրական վաստակի կողքին հասարակական գործիչ մըն էր նաեւ։ Երկար տարիներ պաշտօն ստանձնած էր Թուրքիոյ Ճարտարապետներու եւ Ճարտարագէտներու Միութեան վարչութեան մէջ։ Այսօր իր մահով ոչ միայն հարազատները, այլ Դպրեվանքի բոլոր սաները եւ ընթերցողները մեծ կորուստ ապրած են։
Յիշատակը անմար կը մնայ իմ մօտ։