Այն տպաւորութիւնը ունիմ, թէ, յարգելի ընթերցող, «Բառերու խորհրդաւոր աշխարհ» կը մտնէք սովորաբար գիշերային ժամերուն, երբ խաղաղած է ձեր տունը ու առանձնասենեակին մէջ մէկուսացած թերթ կը կարդաք կանթեղի մը մեղմացած լոյսի տակ։ Իսկ այսօր, եթէ դեռ մայր չէ մտած արեւը, կը թելադրեմ ձեր թերթը ձգել սեղանիկի մը վրայ, քանի մը ժամ համբերել, ապա իրիկնային անդորրութեան մէջ վառել կանթեղը ու ընթերցել այս յօդուածը, քանզի ան «կանթեղ» բառի ջինջ ու փայլուն պատմութիւնն է։
Չենք գիտեր, թէ ո՛վ եւ ե՛րբ վառեց առաջին կանթեղը, սակայն ստոյգ է, որ «կանթեղ» բառը հայկական գրականութեան մէջ առաջին անգամ լոյս առեր է Ե. դարուն ու մինչեւ այսօր ալ կը շարունակէ պայծառացնել մեր մայրենին եւ գրականութիւնը։
Ծագումով օտար է «կանթեղ» գոյականը- միջազգային բառ մըն է համասփիւռ։ Հին աշխարհի լեզուներու մէջ տեղ գտած է տարբեր ձեւերով. լատիներէն եւ իտալերէն՝ caldela, ասորերէն՝ գանտիլա, արաբերէն՝ գանտիլ, վրացերէն՝ գանդելի, ռուսերէն՝ գանտիլօ, ֆրանսերէն՝ chandelle։ Ֆրանսացիներուն աշտանակ, մոմակալ նշանակող candleabre բառը ծնունդ տուած է անգլիացիներու chandelier բառին, որ՝ ջահն է։ Անգլիացիները ունին նաեւ candle բառը՝ մոմ, ճրագ։
Հայկական հին մատենագրութեան մէջ՝ Կորիւնի, Ագաթանգեղոսի եւ Փարպեցիի գործերը կը լուսաւորուին «կանթեղաբորբոք», «կանթեղակիր» եւ «կանթեղաւոր» բառերով։ Իսկ հայկական եկեղեցւոյ մէջ կանթեղներ վառած ենք խորանի եւ սրբապատկերներու առջեւ, ինչպէս նաեւ տաճարը լուսաւորելու նպատակով։ Յախճապակի, ապակի, պղինձ, երկաթ ու արծաթ կանթեղներ լուսաւորած են Անիի, Գառնիի, Դուինի եւ այլ քաղաքներու տաճարները։
Զարմանալի չէ, որ հայը «կանթեղ» բառի հետ հիւսած է նաեւ հինաւուեց զրոյց մը, քանզի ան աղբիւր է նաեւ հոգեւոր լոյսի՝ Լուսաւորչի ձեռքով վառած ու անոր ջինջ արցունքով լեցուած։ Խօսքս, յարգելի ընթերցող, «Լուսաւորչի կանթեղը» յայտնի աւանդապատումի վերաբերեալ է, զոր քերթուածի է վերածեր Վահան Թէքէեանը՝ արեւմտահայ գրականութեան կանթեղներէն մէկը.
Երկնի անթիւ աստղերէն մերն է միայն անիկա,
Ամէն գիշեր վերը, հոն, Արագածի գլխուն վրայ
Ան կը շողայ առանձին, այնքան անջատ միւսներէն,
Որ ուրիշ ձեռք մը կարծես զանի վառեց գաղտնօրէն։
Այս քառեակով կը սկսի Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւնը, հիմնուած՝ վերոյիշեալ աւանդավէպի վրայ։ Յիշեցնեմ, թէ սրբազան կանթեղը կը տեսնեն միայն անոնք, որոնք հաւատքը ունին անոր։
Բառարանագէտ եւ ստուգաբան Հր. Աճառեանի վկայութեամբ Թիֆլիսի հայերը կանթեղին կ՛ըսէին «կանթիղ», իսկ ալաշկերտցիներն ու մշեցիները՝ «կանտեղ»։ Ստուգաբանական բառարաններ մեզի կը յիշեցնեն նաեւ, թէ հին յոյները փայտածուխին կ՛ըսէին «գանտարոս»։ Բոլորին ծնունդ տուած է լատիններու candere բառը, որ կը նշանակէ շողալ, փայլիլ։ Այս վերջինի արմատն է «kand» բառը։ Այս արմատէն սերած ըլլալ կը կարծուին «խանդ», «շանթ» եւ «խանձել» (այրել, մրկել) բառերը։ «Խանդ»ը եղած է պտղաբեր արմատ ու մեր մայրենին հարստացուցած է բազմաթիւ բառերով. խանդակաթ, խանդաղատիլ, խանդաղատանք, խանդոտ եւ այլն։
1902 թուականն է։ «Կանթեղ»ի աւանդավէպը խանդավառած ըլլալ կ՚երեւի նաեւ Յովհաննէս Թումանեանը՝ հայկական գրականութեան արեւելահայ թեւի կանթեղը։ Այդ տարի, Յովհաննէս Թումանեանի գրիչին տակ, մէկ այլ ձեւով հնչեց «Լուսաւորչի Կանթեղը».
Կէս գիշերին կանթեղը վառ, կախ է ընկած երկնքից,
Լուսաւորչի կանթեղն անմար, հայոց մթնած երկընքից։
«Կանթեղ»բառը կայծ տուաւ նաեւ լուսաւոր արտայայտութիւններու, ինչպէս՝ «կանթեղ լուսաւորութեան», «կանթեղ գիշերոյ», «կանթեղ օղւոյ», «կանթեղ ցոլացիկ», «նշանատու կանթեղ», «անբոց կանթեղ», «ինքնաբորբ կանթեղ» եւ «անստուեր կանթեղ»։ Իսկ երբ վերջացեր է օրը եւ պէտք է եղեր մարել զայն՝ մեր հիները ըսեր են՝ «անցուցանել զկանթեղ»։ Հայկական լեռնաշխարհի մէջ բարձր ու սպիտակափայլ տեղ գրաւեց ան, դարձաւ լեռնագագաթ՝ «Կանթեղ»։ Այդ լեռը մինչեւ 20րդ դարու առաջին տասնամեակը կը գնտուէր Ծաղկունեանց լեռնաշղթայի արեւմուտքը, իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, սար ու ձոր կանթեղով փնտռեցէք զայն, չէք գտներ, քանզի վերանուանուած է ու դարձած՝ «Ղանդըլ»։
«Կանթեղ» բառը լուսաւորեց նաեւ հայկական ժամանակակից գրատպութիւնը։ 1940-ականներէն սկսեալ հայ հեղինակներ Լիբանանէն մինչեւ Երեւան, սկսան «կանթեղ» բառի գործածութեամբ իրենց գիրքերուն շող մը տալ։ Ահա քանի մը գիրքի անուն. «Մշտավառ կանթեղ», «Մեր սէրը՝ անմար կանթեղ», «Հաւատի կանթեղ», «Ամարասի կանթեղը», «Հոգուս կանթեղները», «Յուսոյ կանթեղ»։ Սակայն, կանթեղ բառը իր ամենափայլուն շրջանը ապրեցաւ միջնադարուն, երբ ան դարձաւ... գեղեցկուհի։ Բազմաթիւ սիրսավառ տաղասացներ՝ գեղադէմ եւ գեղաչեայ գեղեցկուհին նկարագրելու համար յարմար տեսան «կանթեղ» բառը գործածել։ Յարգելի ընթերցող, քանի որ դուք այժմ կանթեղի մը մեղմ լոյսի տակ նստած էք խաղաղութեամբ, ուստի կրնամ ներկայացնել գրական բազմաթիւ ընտիր ճաճանչներ... «Աչքերդ է զերդ ծով օվկիանու նման, / Կանթեղ է ի վառ ի քո ծաղկաստան», Երեմիա Քէօմիւրճեան, «Աչքերդ է կանթեղ կազմեալ, ունքերդ է կամար, հոգիս», Աւետիք Դաշտեցի, «Աչքերդ կանթեղ է, ուներդ կամար, / Երեսներդ արեգակ կամ շամս ու ղամար», Սահակ Տիրացու, «Ճակատդ է մէյտան, աչուիդ է կանթեղ, Քո լեզուդ քաղցր է քան զշաքար ու մեղր», անանուն տաղասաց, «Աչերդ է պայծառ զէտ ոսկի կանթեղ, / Շրթունքդ է բարակ զէտ աղեղան թեւ», մէկ այլ անանուն տաղասաց, «Իմ գեղեցիկ, հրեշտակատիպ, լուսատեսիլ, եկ առ իս / Աչեր կանթեղ, արփիածագ, իբր զլուսին եւ արեգակ», Յովհաննէս Կաֆացի... Յարգելի ընթերցող, եթէ սենեակի մէջ, այս ժամուն դեռ չքնացած երեխաներ կան, ըսէք անոնց որ վայրկեան մը դուրս ելլեն կամ այլեւս երթան անկողին, քանզի վերջին տողիկը կը պատկանի Նահապետ Քուչակին, այն աշուղին, որ սիրային արտայայտութիւններու մէջ իր ժամանակակիցներէն աւելի համարձակ էր ու կը սիրէր իր միտքերը մերկացնել։ Ըստ անոր, եարը ունի զոյգ աչքերէն աւելի պայծառ ու խանդավառող մասեր։ Ահա Քուչակի քառատող բանաստեղծութիւնը իր ամբողջութեամբ.
Քո ծոցդ է ճերմակ տաճար, քո ծծերդ է կանթեղ ի վառ.
Երթամ ես ժամկոչ ըլլամ, գամ լինիմ տաճրիդ լուսարար։
— Գնա՚, ծօ՜ տղայ տխմար, չի վայլես տաճրիս լուսարար,
Երթաս դուն խաղով լինաս ու թողուս տաճարս ի խաւար։
20-րդ դարուն, աղօտացաւ «կանթեղ» բառի աշխարհիկ ցոլքը։ Սիամանթօն զայն գործածեց «Սուրբին աղօթքը» քերթուածի մէջ, ուր Մեսրոպ Մաշտոցը Աստուծոյ կը խոստովանի, թէ «անբալասան բժիշկ», «հողմակոծ անտառ» եւ «անտաշ ատաղձ» է ինքը, ինչպէս նաեւ՝ «կոտրած կանթեղ» մը։ Պոլսահայ Զահրատը, իր յորջորջումով՝ «աղուէսը», որ յայտնի է բազմաթիւ սիրային սրամիտ քերթուածներով, բոլորիս կարծել տուաւ, թէ Քուչակի 20-րդ դարու մարմնացումն է, որոշեց -ինչ մեծ հիսաթափութիւն- Թէքէեանի եւ Թումանեանի ուղին շարունակել ու «կանթեղ» բառը գործածել ազգային-պատմական սահմաններու մէջ։
Լուսաւորչի կանթեղ անմար
Որ դարերէ ի վեր կ’այրի
Հաւատքի սիւն - սիրոյ կամար
Յուսատու զէնք Աւարայրի։
Իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, եկէք «կանթեղ» բառը յիշէնք իր սիրային վերջին պուտով, քնարական իր վերջին ցոլքով, զոր գրի է առեր Վահան Թէքէեանը։ Ահա ջինջ կաթիլներ «Կանթեղ» բանաստեղծութենէն. «Իմ սրտիս մԷջ՝ բիւրեղ կանթեղ, / Նշուլեցաւ բոցը սիրոյդ, / Եւ կանթեղին մէջ, իւղի տեղ, / Հոսեցուցի կեանքս պուտ-պուտ... Սիրոյս կանթեղը կը մխայ / Բոցով մը փոքր ու պլպլուն»։
Ձեր կանթեղը, յարգելի ընթերցող, միշտ պահեցէք վառ, ձէթով կամ արտասուքով, -ինչպէս որ կը նախընտրէք- քանզի բառերու խորհրդաւոր նորանոր հէքիաթներ կը փափաքին ձեզ գտնել խաղաղ իրիկնաժամուն՝ կանթեղի մը լոյսին տակ։