«Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց, նմա փառք յաւիտեանս. ամէն»։ Այսպէս կը բնութագրէ Յարութեան Տօնի շարականը, որ կ՚երգենք Զատկի տաղաւարին։ Սուրբ Զատկի խորհուրդը բոլորիս կը յուշէ վերակենդանացում։ Բան մը՝ որ զբաղեցուցած է մարդկային միտքը պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն ի վեր։ Այսօր կարծես թէ օդի կամ ջուրի նման անհրաժեշտութիւն մըն է յոյսը, որ օրըստօրէ կը կորսնցնենք աշխարհով մէկ։ Իսկ յոյսի սպառումը կեանքի վերջակէտ կրնայ դառնալ։ Ուրեմն պարտաւոր ենք յոյսը վառ պահելու, որուն եղանակներէն մէկն ալ եղած է մահուն ճամբով անմահանալու խորհուրդը։
Յիշենք Մովսէս Խորհենացու պատգամը «Մահ չիմացեալ մահ, մահ իմացեալ անմահութիւն»։ Այս հաւատք ու գիտակցութեամբ կը պատրաստուինք դիմաւորել Սուրբ Զատկի տօնը, որու խորհուրդով պիտի յաղթահարուի Հայոց երկրի եւ առհասարակ երկրագունդի վրայ կուտակուած սեւ ամպերը։
Այս հաւատքով ու յոյսով
Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց՝ Օրհնեալ Է Յարութիւնն Քրիստոսի։