Իսթանպուլի 14-րդ Եղեռնադատ Ատեանը միջակէտ մը դրած եղաւ 14 տարուայ պատմութեան մը վերածուած Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան։ 26 Մարտ ուրբաթ օր Չաղլայանի դատարանին մէջ կայացած նիստի ընթացքին ամբաստանեալներու վերջին հայցերը լսելէ վերջ դատակազմը ցկեանս բանտարկութեան դատապարտեց նախկին ոստիկանապետներ Ռամազան Աքյիւրէք եւ Ալի Ֆուաթ Եըլմազէրը։ Այս երկուքը նման պատիժի մը արժանացան ծրագրուած մարդասպանութեան մեղադրանքով։ Բացի այդ անոնք զանազան պատիժներ եւս ստացան պաշտօնական փաստաթուղթերը ոչնչացնելու կամ պաշտօնական փաստաթութերը խեղաթիւրելու յանցանքներու համար։
Նոյնպէս ցկեանս փանտարկութեան դատապարտուած է նախկին սպայ Մուհարրէմ Տեմիրքալէ, որ կը մեղադրուէր ծրագրուած մարդասպանութեան օժանդակելու յանցանքով։ Օքան Շիմշեք, Վէյսել Շահին եւ Տրապիզոնի Ոստիկան Զօրաց նախկին հրամանատար Ալի Էօզ 25-ական տարի ազատազրկման դատապարտուեցան։
Դատարանը կարգ մը մեղադրեալներու համար զանազան ազատազրկման պատիժներ տալէ զատ խումբ մը մեղադրեալներ ալ անպարտ հռչակուեցան։ Դատական վճիռի յայտարարութենէ ետք Հրանդ Տինք ընտանիքի իրաւապաշտպան Հաքան Պաքըրճըօղլու դատարանի մուտքին մեկնաբանեց կայացած վճիռը եւ անգամ մը եւս նշեց այս դատավարութեան թերացումները։ Նոյն շեշտը դրին նաեւ «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեան, «Հրանդի Ընկերները» հարթակի բանբեր Պիւլենթ Այտըն եւ «Լրագրողներ Առանց Սահմանի» միջազգային կազմակերպութեան Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Էրօլ Էօնտերօղլու։
Նոյնպէս Հրանդ Տինք ընտանիքն ալ հրապարակեց մամլոյ յայտարարութիւն մը, որու մէջ կը նշուէր թէ 14 տարուայ դատավարութեան ընթացքին դիտումնաւոր կերպով անտեսուած է այս ոճիրի բուն պատուիրատուները եւ կազմակերպիչները։ «Դատական համակարգին այս աստիճան վարկազրկուած պայմաններու մէջ արդէն կարելի չէր արդարութեան կայացումը…։ Մենք որպէս Հրանդի ընտանիքը, ընկերները, փաստաբանները եւ անոր դագաղը ուսամբարձ տանող բարեկամները պիտի չվհատինք այս արդարութեան պայքարի մէջ։ Մինչեւ որ ամբողջ մերկութեամբ յստականայ այս սպանութեան տեղի տուող մտայնութիւնը» ըսուած է ընտանիքի յայտարարութեան մէջ։
Փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլուն ալ նշած է որ պիտի առարկեն այս որոշումին։