Հազիւ ամիսներու տեւողութեամբ կեանք սահմանուած թերթի մը տասնամեակն էր։ «Ակօս»ի անձնակազմը իր համակիրներով ճաշարանի մը մէջ ուրախութեամբ նշած էին թերթին անցած ճանապարհը։ Այդ օրէն յիշատակ մնացին Հրանդ Տինքի ամենաուրախ լուսանկարները։ Իրաւ ալ Հրանդ, որ անմահացած է բազմաթիւ լուսանկարներով կամ վիտէօ ժապաւէններով, իր արտայայտութիւններուն մէջ կը ներկայանայ մերթ խոր մտորումներով, մերթ ալ խիզախ պոռթկումներով։ Այդ երեկոյան նկարներուն մէջ ան կը վայելեր յաջողած ըլլալու ուրախութիւնը, յաղթանակի խինդը։
Տինք չարժանացաւ «Ակօս»ի 11-ամեակը վայելելու։ Ինչպէս որ մենք, մնացողներս անգամ մը եւս չարժանացանք տասնամեակի ոգեւորութիւնը ըմբոշխնելու։
Եթէ զուգադիպած չըլլար Ս. Զատկի տաղաւարին, թերեւս մենք ալ աննկատ պիտի թողէինք հիմնարկութեան 25-ամեակը։
Պատահականութիւն մըն էր, թերթին առաջին համարը լոյս տեսաւ 1996-ի Ապրիլի 5-ին, որ նաեւ Զատիկ կը տօնէինք։ Որքան ալ օրացուցային փոփոխոթիւններով տեղաշարժ ընէ, մենք թերթին տարեդարձը կապած ենք Ս. Զատկին, մտքի մէջ ունենալով հանդերձ 5 Ապրիլ թուականը։
Եկուր տես որ, ինչպէս մենք Հրանդի սպանութենէն ետք անգամ մըն ալ չենք ունեցած թերթին հիմնարկոթեան տարեդարձը նշելու տրամադրութիւն, Զատկի տօնն ալ զրկած է մեզ ուրախանալէ։
Այս երկրորդ տարին է որ Զատիկը չի գար մեր կողմերը։ Անշուշտ որ եկեղեցւոյ տոմարով նշուած պիտի մնայ անոր գալուստը, բայց գիտենք թէ տօնական օրերը եկեղեցական նշանակութենէն դուրս ալ իմաստներ ունին։ Ահա այդ իմաստներու առումով է որ կ՚ըսենք «երկու տարի է որ չի գար Զատիկը»։
Եթէ հանդիպելու հրճուանքով իրար չենք բարեւած «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսոի» ըսելով Պոյաճըգիւղի եկեղեցւոյ բակը, դեռ ի՞նչ Զատիկ։ Եթէ Պատարագի աւարտին լայն չեն բացուած սեղանները նոյն բակին մէջ, եթէ ժողովուրդը գունաւոր հաւկիթները ծեծելով պիտի չուրախանայ, եթէ կոտրուած ձուն իսկոյն պիտի չի փաթաթենք լաւաշին, վրան պիտի չունենանք թարմ սոխը, պիտի չբարձրացնենք հարեւան նպարավաճառի նուիրած գինիով լի բաժակները, ո՞ր Զատկի մասին կը խօսինք։ Այդ իրարանցումի մէջ եթէ չկան երիտասարդ թուրք սաքսաֆոնահարը իր կողքին ունենալով հարեւան երկուորեակ թրքուհիները իրենց սրինգով, ի՞նչ կը նշանակէ Զատկի տօնը։
Կուտակուած այսքան ձախողութեան դիմաց եթէ կայ յուսադրիչ լոյս մը, ան ալ կը պարտինք Զատկին, աւելի ճիշդ՝ Զատկի խորհրդին։ Թողենք Յարութեան հրաշքի մասին սուրբգրային պատումը եւ ականջ տանք շարականին՝ որ կը յայտարարէ «Մահուամբ զմահ կոխեաց, եւ Յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց»։
Իր սեփական մահով կեանք պարգեւելու տօնն Զատիկը։ Մեղայ բաղդատութեան համար, բայց իրաւացի ենք երբ կը տարուինք մտածելու թէ Հրանդ Տինք ալ քալեց իր Գողգոթան, խաչուեցաւ մեզ կեանք պարգեւելու տենչանքով։
Անցած ենք քառորդ դարով ճանապարհ մը, ուր թողած ենք խոր հետքեր, որոնց համար նպատակ չունինք յաւելեալ համեստութիւն ցուցադրելու։
Գիտենք թէ հաճելի չէ ինքնագովութիւնը, բայց երբ կը հաւատանք թէ գիրը կը մնայ, չենք կրնար խուսափիլ նաեւ ժամանակի վկայութիւնը բերելէ։
Եթէ այսօր պոլսահայ իրողութեան մէջ ունինք դիմադրելու կարող երիտասարդ ջիղ մը, այդ մէկուն ձեւաւորման մէջ կարեւոր առաջնորդ մըն էր Տինք, որուն համար ամենայն սրտաբացութեամբ կրնանք հաստատել՝ «Նմայ փառք, յաւիտեան»։
pakrates@yahoo.com