28Մարտը մահուան թուականն է «Ակօս»ի հայերէն էջերու վաստակաւոր խմբագիր Սարգիս Սերովբեանի։ Ակօսականներու կոչումով Պարոն Սարգիս հիմնադրութենէն սկսեալ մինչեւ իր կեանքի աւարտը օրինակելի կերպով վարեց իրեն վստահուած խիստ պատասխանատու պաշտօնը եւ «Ակօս»ի հայերէն էջերը վերածեց բոլորովին անկախ հարթակի մը, որուն վրայ լայն տեղ կը տրուէր հայ ազգագրական զանազան երեւոյթներուն։ Ոչնչացման դատապարտուած արեւմտահայութեան մշակութային ժառանգը դարձեալ Սերովբեանի ուշադրութեան կիզակէտին էր։ Ան նաեւ պատմագէտ շրջիկ մը քայլ առ քայլ այցելած էր Արեւմտեան Հայաստանի բազմաթիւ քաղաքներ, որու ընթացքին մշակած էր նաեւ անհամար բարեկամութիւններ մանաւանդ ալ պայմաններու բերմամբ կրօնափոխ եղած, բայց իրենց արմատներու հանդէպ հաւատարմութիւն ցուցաբերած հայերու հետ։
Սերովբեանի խմբագրական կամ պատմաբանի գործունէութիւնը ունէր մասնագիտական որակ, որ ապահովուած էր ամբողջովին ինքնուս ջանքերով։ Ան օգտուելով իրեն աւանդուած գիտելիքներու պաշարէն, մերօրեայ վկայութիւնները բերաւ անցեալի գիտելիքներուն վրայ։
Կրնանք սրտաբաց կերպով խոստովանիլ թէ «Ակօս»ի հայերէն էջերու վրայ զգալի է իր բացակայութեան հետեւանքները, քանի որ դիւրին չէ նուիրումով արտադրող գրիչի մը հետաքրքրութեան դաշտը լիիրաւ կերպով փոխարինել։
Այս գիտակցութեամբ իր մահուան տարելիցի առթիւ սէր ու յարգանքով նաեւ երախտապարտութեամբ կը վերյիշենք սիրելի Պարոնը, Սարգիս աղբարիկը եւ նաեւ գաւառի իր բարեկամներու կոչումով Մամոսթէ Սարգիսը՝ Սարգիս Սերովբեանը։