ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Երեք ամիս առաջ, Դեկտեմբերի վերջին օրերուն, յարգելի ընթերցող, ձեզի ներկայացուցեր էի 1900-1930-ական թուականներուն գրի առնուած ամանօրեայ հայկական բացիկներ, որոնք ունէին նրբաճաշակ ձեռագիր եւ ազնիւ լեզու ջերմ ու պաշտօնական։ Իսկ այսօր, երբ հայկական աշխարհը կը պատրաստուի Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը տօնելու, այս անգամ կը փափաքիմ վերանայիլ Զատիկը եւ Ս. Յարութիւնը շնորհաւորող 1920-30-ականներու հայկական բացիկներու համեստ մէկ տրցակին։ Գիտեմ։ Բարեկրթութեան օրէնքներուն կը հակառակի ուրիշի նամակը կամ բացիկը ընթերցել։ Սակայն, ասիկա կը կատարեմ ձեր թոյլտուութեամբ եւ այդ սակաւակեաց թղթիկներուն երկրորդ կեանք մը պարգեւած ըլլալու հաճոյքով։
Կ՚արժէ յիշել, թէ 1915-էն յետոյ, ի տարբերութիւն Օսմանեան կայսրութեան բնակիչ հայ ընտանիքներու նախորդ տասնամեակներուն ուղարկուած բացիկներու, դադրած է Տրապիզոնէն, Զմիւռնիայէն, Օրտուէն, Սամսոնէն կամ Նիկոմիդիայէն դէպի Պոլիս եւ հակառակ ուղղութեամբ հասցէագրած շնորհաւորական բացիկներու հոսանքը։ Յայտնուած են նոր ուղղութիւններ՝ ինչպէս Պոլիս-Ֆրանսա, Պոլիս-ԱՄՆ, Եգիպտոս-Պոլիս։ Ահա այդ օրերէն մնացորդ 6 բացիկ՝ նոյն օրերու համաշխարհային կեանքը նկարագրող համառօտ տուեալներով։
Առաջին երկու բացիկները կը կրեն 1924 թուականը։ Այդ տարի Զատիկը 20 Ապրիլին էր։ Եթէ չէք յիշեր, թէ աշխարհի վրայ ինչեր պատահեր էին 1924-ին՝ ահա հակիրճ ակնարկ մը։ Ռուսաստան. Ս. Պետերսպուրգը վերանուանուեցաւ ու դարձաւ Լենինկրատ, մահացաւ ու Կարմիր Հրապարակի մէջ թաղուեցաւ Լենինը։ ԱՄՆ. Հիմնուեցաւ IBM եւ MGM ընկերութիւնները։ Գերմանիա. Հիմնուեցաւ Mercedes-Benz ընկերութիւնը։ Ֆրանսա. Փարիզի մէջ սկսան ողիմպիական խաղերը։ Իսկ վերապրած եւ վերաշինուող հայկական աշխարհի համար բարեբեր տարի էր 1924ը։ Երեւանի մէջ բացուեցաւ բամբակազտիչ գործարանը, Մարտիրոս Սարեանի ղեկավարութեամբ հիմնադրուեցաւ «Գիրք» հրատարակչական ընկերութիւնը։ Ծնունդներով բախտաւորուած տարի էր նաեւ 1924-ը. Փարաջանով, Պարոյր Սեւակ, Զահրատ, Շառլ Ազնաւուր, Գոհար Գասպարեան... 1924ին բոլորը նորածիններ էին։ Բայց, Զատիկէն երկու շաբաթ առաջ մահացեր էր Մատթէոս Զարիֆեանը, հայկական քնարական բանաստեղծութեան վերջին ներկայացուցիչը։
1924-ի առաջին բացիկի դիմերեսին վրայ կայ լեհ հռչակաւոր դերասանուհի Էլենա Մաքովսքայի լուսանկարը, իսկ դարձերեսի վրայ հետեւեալ գրութիւնը. «Սիրելի Սիւզիս, կը շնորհաւոր[եմ] Ս. Զատիկը մաղթելով երկար եւ երջանիկ տարիներ։ Քու անկեղծ ընկերուհիդ Մաննիկ։ Ապրիլ 1924։ Constantinople, Pera»։ Երկրորդ բացիկը ունի չափազանց մանր ու ազնիւ ձեռագիր։ Ուսանող Գաւաֆեանը գրեր է. «Առ սիրելի հայրիկս, Սրբ. Զատկի առթիւ ձեզ կը շնորհաւորեմ, երկայն եւ երջանիկ տարիներ եւ նաեւ Օր. Եպրագսէին ալ եւ ձեր գործերուն յաջողութիւն կը մաղթեմ։ Քեզ մտածող զաւակդ Ա. Գաւաֆեան, աշակերտ Մուրատ-Ռաֆաէլեան վարժարանի։ 18.IV.924»։
«Joyeuses Paques»՝ ահա թէ ի՛նչ է գրուած 1926-ի բացիկի դիմերեսի վրայ։ Հոն պատկերուած է երկար պարանէ կախուած սիրունիկ պատանի մը դեղձան, որ կը փորձէ խոշոր ոսկեգոյն զանգակ մը ղօղանջել։ Իսկ ցատկռտող ցնծուն գառնուկ մը կ՛աւետէ գարունը։ Բացիկի դարձերեսը ունի ընտիր ձեռագիր կապոյտ մելանով գրուած. «Սիրելի Տ. Ներկատի եւ մօրեղբօր Ս. Զատիկի տօնին առթիւ անկեղծ շնորհաւորութիւններ եւ յաջողութիւններ։ [Անընթեռնելի ստորագրութիւն]։ Pour M/eur et M/me Mokossian, 30 Mars 1926, Yenikeuy»։
Հիմա դուք կ՚ուզէք գիտնալ, թէ ինչե՞ր եղան 1926-ին։ Կարեւոր բաներ։ Գերմանիա. Հիմնադրուեցաւ Lufthansa օդանաւային ընկերութիւնը։ Սպանիա. Ֆրանքօն դարձաւ երկրի Հրամանատարը։ Թուրքիա. երկիրը անցաւ Գրիգորեան օրացոյցին։ Հայաստան. Երեւանի մէջ հիմնադրուեցաւ կարի առաջին գործարանը, Արզնիի մէջ բացուեցաւ առողջարան։ Պէտք է նաեւ յիշել, թէ այդ տարի Պոլսոյ մէջ ծնաւ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունին։
Ապրիլ 1927-ին ֆրանսական բացիկի մը վրայ Վեհանուշը գրի առաւ նուրբ ու ջերմ խօսքեր՝ Քում Քափու բնակող իր սիրելիներուն ուղղուած. «Չրաքեան եւ Գազազեան, Կը շնորհաւորեմ Սուրբ Զատիկը համբոյրներով։ Վեհանոյշ։ 11 Ապրիլ 1927։ Հասցէ՝ Mademoiselle Tchirakian, Koum-Kapou, Rue Sou-Terazi»։ Յարգելի ընթերցող, եթէ այս յօդուածը կ՚ընթերցէք Պէյրութի, Աթէնքի կամ Հալէպի մէջ ու ծանօթ չէք Պոլսոյ թաղամասերուն, ըսեմ, թէ Քում Քափուն պոլսահայ կեանքի սիրտն է, ուր կայ Հայոց Պատրիարքարանը եւ Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցին։ Ծովեզերեայ այս թաղամասը յայտնի է նաեւ իր ձկնորսներով եւ ձուկի ճաշարաններով, որոնք բազմաթիւ հայ գրողներու եւ լուսանկարիչներու ուշադրութիւնը գրաւած են։
Իսկ 1927 թուականին աշխարհի վրայ տեղի կ՚ունենային նորանոր զարգացումներ եւ յառաջացումներ։ ԱՄՆ. Հիմնուեցաւ PanAm օդանաւային ընկերութիւնը։ Սպանիա. Հիմնուեցաւ Iberia օդանաւային ընկերութիւնը։ Շուետ. Իր առաջին ինքնաշարժը արտադրեց Volvo ընկերութիւնը։ Իրաք. Երկիրը անկախացաւ։ Իտալիա։ Հիմնադրուեցաւ Roma ոտնագնդակի ակումբը։ Գերմանիա. Լոյս տեսաւ Ֆրից Լանկի աշխարհահռչակ, ապագայապաշտ Metropolis շարժանկարը։ Իսկ հայկական աշխարհը ցնցուեցաւ երկու մահով, ԱՄՆի մէջ իր աչքերը փակեց Անդրանիկ Օզանեանը, իսկ Երեւանի մէջ Շուշանիկ Կուրղինեանը։
Մէկ այլ ֆրանսական բացիկի մը վրայ գրուած է. «Շատ սիրելի Քոյրս Ժօզէֆին, Քեզի եւ ամենուդ կը մաղթեմ Յիսուսի Ս. եւ հրաշափառ Յարութիւնը [...] գալ տարի միասին եւ մէկ տեղ պիտի կատարենք։ Այս է որ կը խնտրեմ Աստուծմէ։ Աղօթենք, եղիցի, եղիցի...։ Քոյդ Յովհաննէս Քազէզեան։ 17-4-1930, Marseille»։ Ահա այս կարօտալի խօսքերով շնորհաւորեց Յովհաննէսը իր քրոջ Ս. Յարութեան տօնը։ Այս բացիկի դիմերեսին վրայ կայ ծաղկած ճիւղի մը վրայ դրուած կողով, որ լի է հաւկիթներով։ Անոնց մէջէն նորափետուր ճուտիկներ ե՜րգ կ՛երգեն ու կ՚աւետեն գարունը- «Joyeuses Paques»։ Մինչ Յովհաննէսը կը փափաքէր յաջորդ Զատիկը տօնել իր ընտանիքի հետ, աշխարհի ուրիշ ծայրերը մարդիկ ունէին այլ ապրումներ եւ մտահոգութիւններ։ ԱՄՆ. Առաջին անգամ լոյս տեսաւ «Mickey Mouse»ը։ Ուրուկուայ. Առաջին անգամ տեղի ունեցաւ FIFA աշխարհի բաժակի խաղերը, որ աւարտեցաւ հիւրընկալ երկրի ախոյեանութեամբ։ Հայաստան. Մահացաւ ամենայն հայոց կաթողիկիս Գեւորգ Ե. Սուրենեանցը։ Թուրքիա. Բանակը ներխուժեց Պարսկաստան քրտական զինեալ ոյժերը հետապնդելու համար։ Կառավարութիւնը միջազգային մարմիններուն դիմեց Կոնստանդնուպոլիսը եւ Անգորան վերանուանելու, որպէս՝ Իսթանպուլ եւ Անքարա։
Վերջին բացիկը կը պատկանի 1938 թուականին, զոր Աղեքսանտրիայէն Պոլիս ուղարկեր է պր. Սագայեանը հետեւեալ խօսքերով. «Շնորհաւորանք Ս. Զատկի ու ջերմագին բարեւներ Աղեքսանտրիայէն։ Յարգանքով Սագայեան»։ Բացառիկ է պարոն Սագայեանի ձեռագիրը։ Հայկական գեղագրութեան լաւագոյն նմոյշներէն մէկն է ան։ Ունի ոլորուն եւ զարդարուն տառեր։ Բարձրաճաշակ է եւ նուրբ։ Բացիկը հասցէագրուած է հետեւեալ ձեւով. «Famille K. Aba, Pangalti, Cayir 11, Istanbul (Turquie)»
Գարնան այդ օրերուն Պարոն Սագայեանը անկասկած գիտէր, թէ Եգիպտոսի թագաւոր Ֆարուքը Յունուարին ամուսնացեր էր Սաֆինազ Զիւլֆիքարին հետ ու հարսը դարձեր էր հռչակաւոր Թագուհի Ֆարիտան։ 1938-ի Փետրուարին առաջին անգամ արտադրուեցաւ «նայլոն» ակռայի խոզանակը, Մարտ ամսոյն մէջ Սաուտական Արաբիոյ հողերու վրայ առաջին անգամ գտնուեցաւ քարիղը եւ Գերմանիան գրաւեց Աւստրիոյ։ Սակայն, Պարոն Սագայեանը չէր գիտեր, թէ այդ բացիկէն օրեր անց ԱՄՆ-ի մէջ առաջին անգամ լոյս պիտի տեսնէր «Superman»ը, Յունիսին Իտալիան պիտի տիրանար ոտնագնդակի աշխարհի բաժակին եւ Արեւելեան Միջերկրականի Հաթայ քաղաքը պիտի հռչակէր իր անկախութիւնը։ Յարգելի ընթերցող, վերջին տողս երախտագիտական խօսքեր են մեծ մարդասէր, հայասէր Նանսէնի հասցէին, ան որ օգնեց հայ գաղթականներուն, բազմահազար հայ փախստականներուն տրամադրեց «Նանսենեան անձնագիր», որ մասամբ թեթեւցուց անոնց դրութիւնը, հայ գաղթականներուն Խորհրդային Հայաստան վերադարձնելու համար պայմաններ ստեղծել առաջարկեց եւ գլխաւորեց հայրենադարձութեան յանձնաժողովը։ Այդ մեծագործ այր Ֆրիդեոֆ Նանսենի անունով՝ իր մահէն քիջ յետոյ ՄԱԿ-ի կողմէ հիմնադրուած «Նանսեն Գաղթականներու Գրասենեակ»ը 1938-ի Դեկտեմբերին՝ գաղթականներու օժանդակութեան գործի մէջ կատարած աշխատանքի համար արժանացաւ Նոպելեան Խաղաղութեան մրցանակի։
Փոքր են բացիկները եւ խիստ առժամեայ։ Սակայն իրենց փոքր տարածութեան մէջ անոնք կը պարունակեն պատկերալից պատմութիւններ։ Հին բացիկները նաեւ ծնունդ կու տան կարօտալի զրոյցներու։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, կը յորդորեմ, որ դուք ալ բանաք ձեր ընտանեկան սնտուկ-արկղները եւ կրկին կարդաք հին ընկերներու, հին դրացիներու կամ՝ հին սիրելիներու գրի առած ազնիւ ու ջերմ խօսքերը, յանուն հին օրերու բարի յիշատակին՝ այդ սակաւակեաց թղթիկներուն երկրորդ կեանք մը պարգեւած ըլլալու հաճոյքով։