Մարդու իրաւունքներու հետապնդման Կազմակերպութիւնը (HRW) 24 Մարտին կատարած յայտարարութիւնով մը վերլուծումը ըրաւ Էրտողանի կառավարութեան մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան չափանիշերուն եւ իրաւաբանութեան գերակայութեան հակասող երեւոյթներուն։
Նախագահ Էրտողան 19 Մարտ 2021-ին յանկարծակի որոշումով մը չեղեալ համարեց կիներու եւ ընտանիքէ ներս բռնութեան դէմ պայքարը կանխելու ուղղուած Եւրոխորհուրդի բանաձեւը, որ ծանօթ է նաեւ Իսթանպուլի Համաձայնագիր անունով։
Նախքան Էրտողանի այս յայտարարութիւնը Վճռաբեկ Ատեանի գլխաւոր դատախազն ալ յայտարարած էր, որ արգիլման պահանջով դատ պիտի բանայ Ժողովուրդներու Ժողոժրդավարութեան Կուսակցութեան հանդէպ։ Մինչ այդ մեծամասնութիւնը իշխանութեան կուսակցութեան պատգամաւորներէ բաղկացող խորհրդարանն ալ կը վերացնէր մարդու իրաւունքներու անխոնջ պաշտպան Էօմեր Ֆարուք Կերկերլիօղլուի երեսփոխանութիւնը։
Այս մասին Մարդու Իրաւուքներու Հետապնդման Կազմակերպութեան ընդհանուր կառավարիչ Քենըթ Ռոթ յայտնեց թէ Նախագահ Էրտողան նպատակադրած է Թուրքիոյ հասարակութիւնը վերաձեւաւորելու ծրագրին մէջ իր դիմաց ելլող բոլոր արգելքները չէզոքացնել։ «Խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն, քիւրտերուն եւ կիներուն դէմ այս վերջին զարգացումները ուրիշ ոչ մէկ բան կը նշանակէ, բացի այն որ Էրտողան իր իշխանութիւնը շարունակելու համար որոշած է ոտնակոխել մարդու իրաւունքները եւ ժողովրդավարական սկզբունքները»։
Նախագահ Էրտողանի կէսգիշերային որոշումով մը Իսթանպուլեան Համաձայնագրէն հրաժարումը կը միտի իր կուսակցութենէն դուրս մնացած կրօնամոլ շրջանակները սիրաշահելու։ Սոյն շրջանակները այդ համաձանագիրը իբրեւ սպառնալիք կը տեսնէին ընտանիք հասկացողութեան դիմաց եւ ատելութիւնով կ՚արտայայտուէին ԼԿՊԹ+ անհատներու հանդէպ։ Կազմակերպութիւնը կը նշէ թէ Թուրքիոյ մէջ իւրաքանչիւր տարի բազմահարիւր կիներ կը սպանուին իրենց ամուսիններուն կամ նախկին ամուսիններուն ձեռամբ։ Ռոթ կը նշէ թէ համաձայնագիրէն հրաժարելը պիտի նշանակէ շատ կարեւոր ետքայլ մը կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործընթացին մէջ։
Գալով կուսակցութիւն փակելու խնդրին, Թուրքիոյ մէջ անցնող 30 տարիներու ընթացքին քրտամէտ հինգ կուսակցութիւններ արգիլուած էին։ Ինչպէս նախորդներուն այս անգամ ալ մեղադրանքը ուղղուած է «Պետութեան ամբողջութիւնը խանգարող գործողութիւններու միջոցաւ սահմանադրութիւնը ոտնակոխելու»։ Վճռաբեկ Ատանի գլխաւոր դատախազութիւնը բացի այս սոյն կուսակցութեան շարքերուն մէջ գործող 687 քաղաքացիներու դէմ ալ քաղաքականութեամբ զբաղուելու արգելք կը պահանջէ։