ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը զգայացունց որոշում մը կայացնելով Թաքսիմ Հրապարակի այլեւս աշխարհածանօթ «Կէզի» զբօսայգիի սեփականութիւնը առնելով Իսթանպուլի Քաղաքապետարանէն փոխանցեց «Սուլթան Պայազիթ Հանը Վելի Հազրեթլերի» անուն հիմնադրամի մը։
Տնօրէնութեան այս մասին 19 Մարտ թուակիր յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուի հետեւալը։ «2008 թուին ուժի մէջ մտնող 5737 համար Վաքըֆներու օրէնքի 30-րդ յօդուածի մէջ նշուած է հետեւեալ կէտը։ Հիմնադրամի միջոցաւ գոյացած եւ ինչ որ պատճառով ալ ըլլայ պետական գանձին, քաղաքապետարաններուն, գիւղերու եւ օրինական ինքնութիւններու սեփականութեան անցած մշակութային արժէքներ կը փոխանցուին հիմնադրամին։ Հիմնարկութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան եւ նոյնիսկ աւելի վաղ Սելչուքեան Իշխանութեան օրով հիմնուած եւ այսօր այլեւս վարիչ չունեցող հիմնադրամները կը կոչուին «Մազպութ Վաքըֆ» եւ անոնց հիմնադրութեան նպատակին յարմար կերպով շահագործումը կը ստանձնէ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը»։
Տնօրէնութիւնը յայտարարութեան մէջ կը նշէ, որ Թուրքիոյ տարածքին 1014 անշարժ գոյքեր փոխանցուած են «Մազպութ Վաքըֆ»ի, որոնց պահպանութիւնը պիտի ստանձնէ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը։
Իսթանպուլի Քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու առարկեց այս որոշումին դէմ ըսելով թէ «Կէզի» զբօսայգին նախքան թնդանոթաձիգերու բանակատեղի ըլլալը 310 տարի առաջ մահացած Սուլթան Պէյազիթ Բ.-ի Հիմնադրամը համարելով քաղաքապետարանէն առին։ Ան նշեց որ սեփականութեան իրաւունքը պահանջելու համար դատարան պիտի դիմեն։
Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան փոխանցած 1014 կալուածներու մէջ է նաեւ Շիշլիի Էթֆալ Հիւանդանոցը։ Հիւանդանոցը արդէն 2018-էն ի վեր մտած էր ուրիշ վայր մը փոխադրութեան գործընթացի։ Այդ փոխադրութիւնը կանխելու համար հիմնուած զօրակցութեան հարթակի բանբեր Իփեք Տենիզ «Ակօս»ին յայտնեց թէ իրենք կը պայքարէին հիւանդանոցի փոխադրութիւնը կանխելու համար։ Ստորագրահաւաքի արշաւներ կազմակերպած էին եւ ղրկած Առողջապահական Նախարարութեան։ «Այս նոր դրութեան մէջ ալ աւելի մտահոգ ենք։ Խելքերնուն փչածը ընելու կարողութիւն մը ունին, որ բոլորիս մտահոգութիւն կը պատճառէ» ըսած է Իփեք Տենիզ։ Ան նաեւ յայտնած է որ իրաւաբանական գործընթացի մը համար ալ փնտռտուքներու մէջ են եւ ամէն ինչ պիտի ընեն հիւանդանոցին իր գտնուած տեղւոյն վրայ նոյն առաքելութիւնը շարունակելուն համար։
Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէն Պուրհան Էրսոյ 23 Մարտին մամլոյ ժողով մը գումարելով յիշեցուց որ «Սուլթան Պայազիթ Հանը Վելի Հազրեթլերի» հիմնադրամը 600 տարուայ անցեալ ունեցող հաստատութիւն մըն է։ 2008-ին ընդունուած օրէնքէն ետք տնօրէնութիւնը սկսած է յայտնաբերել այս տեսակի օրինակները եւ այժմ մէկ առ մէկ անոնք կը գրանցուին իրենց հիմնադրման նպատակին յարմար ձեւով։ Ցարդ փոխանակուած 1014 կալուածներու մեծամասնութիւնը կը պատկանի Իսթանպուլի Քաղաքապետարանին, բայց այս աշխատութիւնը քաղաքական նպատակ մը չի հետապնդեր։
Այս պահուն կ՚արդժէ յիշել թէ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը, որ այդքան բարեխիղճ ու գերզգայուն եղած է 600 տարի առաջ հիմնուած հաստատութեան մը իրաւունքը պաշտպանելու գործին, մէջ արդեօք այդ մինչեւ 600 տարի ետ ճամբորդութեան ընթացքին միթէ չէ՞ հանդիպած Սուրբ Յակոբ Հիմնադրամի մը գոյութեան, որ տակաւին ընդամէնը 100 տարի առաջ դատարաններու մէջ կը փորձէր ապացուցել իր գոյութիւնը եւ չէր յաջողեր, որու հետեւանքով ալ կը խլուէր իր սեփականութիւնը եղող Փանկալթըի Հայոց Գերեզմանատունը։