Պետական պաշտօնեաներուն դատուած դատական գործողութիւնները այլեւս հասած են վճիռ արձակելու հանգրուանին։ 5 Մարտին կայացող նիստի ընթացքին կ՚ակնկալուէր որ վճիռը արձակուի։ 14-րդ Եղեռնադատ Ատեանի նիստին դատակազմի պետ Աքըն Կիւրլեք վերջին երկու ականատեսներու վկայութիւնը լսելէ ետք յայտարարեց թէ դատակազմի անդամ դատաւորներէն Ֆերհաթ Շահին սրտի գործողութեան մը ենթարկուած է եւ իրեն փոխանակող դատաւորն ալ թղթածրարը քննելու ժամանակ չունենալով մերժած է նիստին մասնակցիլ։ 76 մեղադրեալներով դատավարութիւնը ունեցաւ 130 նիստեր։ 2020-ի Դեկտեմբերին դատախազը ներկայացուց իր եզրակացութիւնը եւ մեղադրեալներն ալ ներկայացուցին իրենց վերջին պաշտպանութիւնները։
Այս պայմաններուն մէջ 26 Մարտ ուրբաթ օր պիտի կայանայ վճիռի նիստը, որուն նախօրեակին «Հրանդի Ընկերները» հարթակը անգամ մը եւս զօրակցութեան կոչ ուղղեց ժամը 09.30-ին Չաղլայանի Դատարանը C դրան մուտքին հաւաքուելու համար։