ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Արցախեան փորձի լոյսին տակ

Հայաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը հիմ­նարկու­թեան առա­ջին օրէն իսկ գի­տակ­ցած է այն իրո­ղու­թեան թէ, ան հայ­րե­նիքն է հա­մաշ­խարհա­յին հա­յու­թեան։ Երկրի կա­ռավա­րու­թիւնը պա­տաս­խա­նատու է բո­վան­դակ հայ ազ­գի դի­մաց։ Բնա­կան շփում մը պէտք է գո­յանայ հայ­րե­նի երկրի եւ սփիւռքի մի­ջեւ։

Այդ գի­տակ­ցութեամբ է որ Ռաֆ­ֆի Յով­հաննէ­սեան, Ժի­րայր Լի­պարի­տեան կամ Վար­դան Ոս­կա­նեանի նման անուններ շատ կա­րեւոր պաշ­տօններ ստանձնե­ցին երկրի ղե­կավար շար­քե­րուն մէջ։

Կար նաեւ շատ կա­րեւոր ու­րիշ երե­ւոյթ մը՝ որ կը բա­ցատ­րո­ւէր «քա­ղաքա­ցի» կո­չու­մով։ Որ­քան ալ յար­գո­ւէր հա­մայն հա­յու­թեան իրա­ւունքնե­րը, ի վեր­ջոյ կա­րելի չէր նոյն նժա­րին դնել երկրի բնա­կիչը եւ ար­տա­սահ­մանցին։ Մէ­կուն հա­մար լոկ զգա­ցական նշա­նակու­թիւն ներ­կա­յաց­նող ար­ժէքներ միւ­սին հա­մար ան­մի­ջական բնոյթ կը ներ­կա­յաց­նէին եւ կ՚ազ­դէին իր կեան­քին։

Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ պե­տու­թիւնը քա­ղաքա­ցիական իրա­ւունք շնոր­հեց ցան­կա­ցած սփիւռքա­հայու, միայն ընտրե­լու եւ ընտրո­ւելու իրա­ւունքը վե­րապա­հելով բնա­կու­թեան պայ­մա­նին։

Այս սկզբունքին յար­գանք ցու­ցա­բերող­ներ աւե­լի զուսպ մնա­ցին երկրին ներ­քա­ղաքա­կան խնդիր­նե­րուն դի­մաց։ Չու­զե­ցին կ՚ան­խա­պաշա­րուած միտ­քե­րով մի­ջամուխ ըլ­լալ կու­սակցա­կան կռիւ­նե­րուն։ Նշենք որ այդ փափ­կանկա­տու­թիւնը զանց առ­նողներն ալ քիչ չեն։

Անոնք իրենց իրա­ւունք կը տես­նեն դուրսէն միտ­քեր ածե­լու, եւ նոյ­նիսկ եր­բեմն կը յանդգնին իրենց կար­ծիքնե­րը մեր­ժողնե­րու դաս տա­լու։

Խու­սա­փեցանք նման դիր­քի մը մատ­նո­ւելէ։ Այս չի նշա­նակեր թէ ան­տարբեր եղանք հայ­րե­նիքի հո­գերուն հան­դէպ։ Ընդհա­կառակ՝ մեծ յու­զումով հե­տեւե­ցանք 27 Սեպ­տեմբե­րէն մին­չեւ օրս բո­լոր զար­գա­ցումնե­րուն։ Մերդ տա­րուե­ցանք իշ­խա­նու­թեան սփո­փիչ լու­րե­րով, մերթ ալ նկա­տեցինք ապա­տեղե­կատո­ւու­թեան կեղ­ծիքնե­րը։

Երե­սու­նա­մեայ սնա­մէջ ու ռազ­մա­տենչ քա­րոզ­չութիւ­նը իր տխուր աւար­տին հա­սաւ 18-ամեայ պա­տանի­ներու հե­րոսա­կան նա­հատա­կու­թեամբ։ Ի գին կեղծ հայ­րե­նասի­րու­թեան, ամ­բողջ սե­րունդ մը զո­հեցինք, որուն հա­շիւը պար­տա­կան են անցնող երեք տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թացքին յաղ­թա­նակը հա­մերաշխ ու երկկող­մա­նի պա­տուա­բեր հաշ­տութեան մը վե­րածե­լէ խու­սա­փող­նե­րը։

Փոխ զի­չումնե­րու իւ­րա­քան­չիւր քայլ մե­ղադ­րո­ւեցաւ «հող տո­ւող» ածա­կանով։ Իսկ երբ ան­խուսա­փելի դար­ձաւ մարդկա­յին մեծ կո­րուստնե­րու դի­մաց նա­հան­ջել, նոյն մե­ղադ­րանքը ու­ղո­ւեցաւ երկրի իշ­խա­նու­թեան, յատ­կա­պէս ալ Վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանին։

Բնա­կան է պար­տութիւ­նով աւար­տած պա­տերազ­մէ ետք քա­ւու­թեան նո­խազ փնտռե­լու երե­ւոյ­թը։ Բայց կ՚ար­ժէ հարց տալ թէ որ­քա՞ն ար­դար է 30 տա­րուայ սխալ քա­ղաքա­կանու­թեան մեղ­քը բեռցնել մէ­կու մը, որ հա­զիւ վեր­ջին եր­կու ու կէս տա­րինե­րուն հար­կադրո­ւած էր այդ պա­տաս­խա­նատու պաշ­տօ­նը ստանձնե­լու։

Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մը բա­ցի զի­նուո­րական պար­տութե­նէ, տո­ւաւ նաեւ քա­ղաքա­կան պար­տութիւն։ Տե­սանք որ թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թիւնով եւ ժո­ղովուրդի հա­մազ­գա­յին կամ­քով գա­հըն­կեց եղած­նե­րը առիթ հա­մարե­ցին վրէժ լու­ծե­լու հա­մար։ 17+ ի դա­շին­քը, որ ամուր կը մնար Փա­շինեանի հրա­ժարու­մը պահնջե­լու պա­հուն, պա­ռակ­տե­ցաւ Ռո­պէրթ Քո­չարեանի կամ Սերժ Սարգսեանի քա­ղաքա­կանու­թեան վե­րադառ­նա­լու ազ­դանշան­նե­րով։

Այս թո­հու­բո­հի մէջ Էջ­միած­նի եւ Կի­լիկիոյ կա­թողի­կոս­նե­րը, նաեւ ՀՅԴ աշ­խարհաս­փիւռ հա­յու­թեան դի­մաց մատ­նո­ւեցան բա­րոյա­կան ան­կումի։

Դէպ­քե­րու պար­զումը ապա­ցու­ցեց թէ հա­րիւր տա­րի անց տա­կաւին շատ հե­ռու ենք աշ­խարհի, մանա­ւանդ ալ արեւմտեան իբ­րեւ թէ «քա­ղաքա­կիրթ» սա­տանա­յական դրո­ւած­քին դի­մաց միաս­նա­կան միտք ու կամք գո­յացնելէ։

pakrates@yahoo.com