ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
Երեւանի Պետական Համալսարանի առաջին դասարանի, առաջին օրս էր։ Ես ու ամուսինս մտանք ամպիոնի դուռէն ներս։ Անծանօթ քաղաքի, անծանօթ մթնոլորտի մը մէջ քիչ մը ամչկոտ, քիչ մը տատամսող աչքերով տեղաւորուեցանք աթոռի մը վրայ։ Գլխու շարժումով բարեւեցի կողքի աթոռը նստող խնդրումերես աղջկան։ «Բարեւ» պատասխանեց ժպտալով։ Այս ժպիտը 22 տարի առաջ մտաւ իմ կեանքս եւ մենք Նայիրուհիին հետ աշխարհի չորս ծագերը, ուր որ ցրուինք սիրտով միասին ենք։
Այսօր սիրելի ընկերուհիս Նայիրուհի Ստեփանեան Չինաստանէն կը պատասխանէ իմ հարցումներուն։
Գիտեմ թէ Հայաստանէն Չինաստան գաղթած ես։ Երբ եւ ինչո՞ւ Չինաստան գացիր։
Չինաստանը, ըլլալով աշխարհի հնագոյն եւ զարգացած երկրներէն մէկը, մեծագոյն հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր իմ մօտ։ 2018-թուականին ես տեղափոխուեցայ Չիանաստան բնակելու եւ աշխատելու նպատակով։ Կ՚ուսումնասիրեմ չինական մշակոյթը, փիլիսոփայութիւնը, լեզուն եւ կենցաղը...։
Աշխատած եմ Չինաստանի Անհուի նահանգի Բենգբու քաղաքը։ Վերջին երկու ամիսներուն կը բնակիմ Շանսի նահանգի Յանչուան քաղաքը։
Համավարակի առաջին շրջանին ո՞ւր էիր եւ ինչե՞ր եղաւ։
Մինչ համավարակի բացայայտումը՝ 2020թ.ի Յունուարի 9-ին, վերադարձայ Հայաստան՝ արձակուրդս հայրենիքի մէջ, ընտանեկան մթնոլորտով անցնելու համար։ Սակայն երկու շաբաթ անց Չինաստանի մէջ համավարակը բացայայտուեցաւ եւ սկսաւ արագօրէն տարածուիլ։ Չինաստանի չինական տոմարով նոր տարուայ տօները սկսած էին։ Չինացիները սովորոյթ ունին նոր տարին նշել ընտանեկան միջավայրի մէջ։ Այդ պատճառով միլիոնաւոր չինացիներ կը վերադառնային իրենց բնակավայրերը՝ տօնը ընտանիքի անդամներով նշելու համար։
Ես, բնականաբար յետաձգեցի թռիչքս, բայց պարբերաբար կապ կը հաստատէի չինացի գործընկերներուս հետ։ Քաղաքը ամբողջովին փակ էր։ Ոչ ոք կրնար հեռանալ կամ ետ դառնալ։
2020 թուականի Սեպտեմբերի 11-ին կրկին վերադարձայ Չինաստան։
Այժմ կ՚աշխատիմ ուսումնական կեդրոնի մը մէջ 2-12 տարեկան տարիքային խմբի երախաներու հետ։ Երախաները քաջատեղեակ են վարակէն պաշտպանուելու կանոններուն եւ խստագոյնս կը հետեւին անոնց։
Թուրքիան դժուար կ՚անցնէ այս օրերը։ Իսկ դուք Չինաստան ինչպէ՞ս կ՚անցնէք 2021-ը։
2021 թուականի Յունուար ամսուն համավարակը սկսաւ աճիլ։ Որոշ նահանգներու դպրոցները ժամկէտէն շուտ փակուեցան։ Սկսաւ խիստ կանոններու սահմանումը։ Չինական Նոր Տարուայ տօնին չէր խրախուսուեր ճամբորդելը։ Մէկ ամիս անց արդէն իրավիճակը վերահսկելի դարձած էր եւ համավարակի աճը կտրուկ նուազած։ Մարտ ամսուն նորէն բացուեցան կրթական հաստատութիւնները։
Ներկայ պահուն Չինաստանի մէջ համավարակի թիւը նուազագոյնի հասած է՝ իրենց խիստ, կազմակերպուած հակահամավարակային պայքարի շնորհիւ։ Մինչ այսօր ալ կ՚անխարգելիչ կանոններ սահմանուած են համավարակի տարածումը կանխելու համար։ Ամէն առաւօտ փողոցները կ՚ախտահանուն։ Սկզբնական շրջանին քարանթինի ժամանակ շաբաթուայ մէջ մէկ անգամ կրնայինք դուրս գալ տունէն 30 վայրկեանով։ Ան ալ մթերային խանութ երթալու համար...։ Ամէն հաստատութիւն մտնելու ատեն պարտադիր կը ջերմաչափուէինք։ Դիմակը պարտադիր էր ամենուրէք։ Հիմա կանխարգելիչ պայմանները աւելի թոյլ են վարակի ցած ցուցանիշի հետ պայմանաւորուած։ Միայն փոխադրութեան միջոցներուն եւ փակ հաստատութիւններու մէջ պէտք է դիմակ կրենք։
Ներկայ պահուն աշխատավայրի մէջ դիմակ չենք կրեր։ Համավարակով վարակուած երախաներու շատ քիչ դէպքեր գրանցուած են։ Հոս երախաները շատ թեթեւ տարած են հիւանդութիւնը։
Դպրոցի մէջ կամ ձեր ծանօթներէն վարակուածներ կամ մահացողներ եղան։
Ոչ, այստեղ իմ ընկերներու շրջանակը վարակման կամ մահացութեան դէպք չէ ունեցած։
Չինաստանի մօտ պարտադիր է՞ պատուաստուիլը։ Ամէն մարդ պատուաստո՞ւծ է։
Դեռ ոչ բոլորն են պատուաստուած, քանի որ պատուաստման գործընթացը նոր է սկսած։ Տեղեակ եմ, որ միլիոնաւոր մարդիկ հերթագրուած են պատուաստուելու համար։ Առայժմ կը գործէ պատուաստուելու կամաւոր սկզբունքը։
Գիտեմ որ համավարակի շրջանին դուն միջոց մը Հայաստան մնացիր։ Հոն ինչպէ՞ս էր վիճակը այդ առաջին օրերուն։
Այո, համավարակի տարածման շրջանին ես կը գտնուէի Հայաստան։ Անկեղծ ըսեմ որ՝ համավարակային շրջանը շատ տատանողական էր. ժամանակաշրջան կար, երբ վարակուածներու թիւը կտրուկ կ՚աճէին, այնուհետեւ աստիճանաբար կը նուազէին։ Կը հետեւիմ Հայաստանի անցուդարձերուն եւ ցաւօք կը նկատեմ թէ վարակման դէպքերու մէջ զգալի աճ կը նկատուի։
Իսկ այժմ Չինաստանի մէջ համավարակի աճ կա՞յ։
Ո՛չ, չկայ, Չինաստանը ըստ երեւոյթի յաղթահարեց այս աղէտը շնորհիւ իշխանութիւններու հետեւողական ջանքերուն եւ ժողովուրդի գիտակցութեան։