Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովի գլխաւոր քարտուղար, Յունաստանի խորհրդարանի անդամ, Մաքսիմոս Խարակոպուլոսը անդրադարձած է Արցախի քրիստոնէական յուշարձաններու պաշտպանութեան ուղղուած յայտարարութիւնով մը, ու կ՚ըսուի. «Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովը բազմիցս յայտարարած է համաշխարհային քաղաքակրթութեան յուշարձանները պաշտպանելու անհրաժեշտութեան մասին՝. դէմ լըլլալով անոնց ոչնչացման, ինքնութեան աղաւաղման կամ նպատակի փոփոխութեան։ Մարդկութիւնը զգալի առաջընթաց արձանագրած է համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցադրման մէջ։ Այն կը ներառէ կրօնական յուշարձաններ, որոնք կամ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը կամ ալ դադարած են իրենց նպատակներով օգտագործուելէ։
Ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը կը գիտակցի յուշարձաններու հսկայական պատմական եւ հոգեւոր արժէքին, որոնց միջոցով տեղի կ՚ունենայ երկխօսութիւն պատմական անցեալի եւ մարդկային ոգու վեհ մտայղացումներու միջեւ, ինչ որ նախադրեալ է մտքի հետագայ զարգացման եւ մեր ընդհանուր արժէքներու ամրապնդման համար։ Բացի այդ, պատմութեան եւ պաշտամունքի իւրաքանչիւր յուշարձանի նկատմամբ պատշաճ յարգանքը կը նպաստէ կրօնական համայնքներու միջեւ փոխըմբռնման եւ ի վերջոյ՝ ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան։
Սակայն, ցաւօք, այսօր ալ կը շարունակուի տեղի ունենալ իրադարձութիւններ, որոնց արդիւնքով այդ սկզբունքները կը խախտուին։ Կան դէպքեր, երբ երկար պատմութիւն ունեցող եւ՛ գեղագիտական, եւ՛ գեղարուեստական արժէք ներկայացող կրօնական յուշարձանները կամայականօրէն կը վերափոխուին ու կը վերածուին իրենց համար խորթ կրօնական միջոցառումներ կատարելու կամ այլ նպատակով օգտագործելի վայրերու։
Այսպէս, վերջերս, Թուրքիոյ քաղաքական իշխանութեան որոշումով Սուրբ Սոֆիայի տաճարը վերածուեցաւ մզկիթի, հակառակ որ ան կառուցուած էր Զ. դարուն եւ ընդգրկուած էր ՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան պաշտօնական ցուցակին մէջ։
Երբեմն պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձանները ամբողջութեամբ կը ոչնչացուին, առանց նկատի ունենալու թէ անոնք կը վկայեն համապատասխան տարածքներուն այլ ժողովուրդներու, կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու դարաւոր ներկայութեան մասին։ Նման գործողութիւնները բազմիցս արձանագրուած են Կոսովա եւ Մետոխիա, Սուրիոյ եւ Իրաքի գրաւեալ տարածքները, ինչպէս նաեւ թուրքական բանակի կողմէ գրաւուած Կիպրոսի Հանրապետութեան տարածքները։
Նշուածներու հիման վրայ. որպէս բազմաթիւ երկրներու խորհրդարաններու ներկայացուցիչներ անհրաժեշտ կը համարենք ամէն անգամ մեր կտրուկ անհամաձայնութիւնը յայտնել այս կարգի գործարկներու հետ եւ յորդորել միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ կառավարութիւններուն կանխել անոր օգտագործումը։
Այս կապակցութեամբ մենք կը ցանկանանք յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրել այն իրավիճակին, որ ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի արիւնալի պատերազմի աւարտէն անմիջապէս յետոյ։ 2020 թ. Նոյեմբերի 9-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան արդիւնքին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցան հսկայական տարածքներ՝ հայ ժողովրդի եւ անոր Առաքելական քրիստոնէական եկեղեցւոյ մշակութային գանձերով, որոնք համաշխարհային քաղաքակրթութեան համար ունին մեծ կրօնական, պատմական եւ գեղարուեստական արժէք։
Կը կարծենք, որ այդ յուշարձանները անյապաղ նկարագրման եւ պաշտպանութեան կարիք ունին միջազգային հանրութեան եւ իրաւասու միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ։
Մենք կոչ կ՚ընենք ՄԱԿ-ին եւ ՈՒՆԵՍՔՕ-ին. նպաստել ներկայիս Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հայ ժողովրդի մշակութային հարստութեան եւ յուշարձաններու պաշտպանութեան եւ կանխել անոնց նպատակի փոփոխութիւնը կամ ոչնչացումը։ Անտարբերութիւնը կրնայ անդառնալի վնաս հասցնել ամբողջ մարդկութեանը պատկանող յուշարձաններուն» ըսած է Տոք. Մաքսիմոս Խարակոպուլոսը։