Անցեալ շաբաթ, յարգելի ընթերցող, երկիւղածութեամբ եւ ձեր թոյլտուութեամբ համբուրեր, մեղմիկ շոյեր, ապա վերցուցեր էինք «շիրիմ» բառի մամռոտ ու մաշած մարմարը եւ յայտնաբերեր էինք անոր մէջ յաւերժապէս հանգչող գրական եւ լեզուական մասունքներ։ Այցելեր էինք նաեւ հայ դիւցազններու, թագաւորներու, երջանկայիշատակ հայրապետներու եւ նշանաւոր իշխաններու պաշտելի շիրիմները, որպէսզի «շիրիմ» բառի երկու պաղ վանկերու մէջ մոռացութեան չենթարկուէր անոնց յիշատակը։ Տեսեր էինք նաեւ, թէ հայը ունէր շիրիմներ, ինչպէս Օշականը՝ Մաշտոցի շիրիմը, որոնք տրտմութեան կամ սուգի վայրեր չէին մշուշոտ, այլ՝ «... Պայծառ են, ժպտում են մարդկանց սրտերին մի խոր յաւիտենական ժպիտով ու ասես թէ կեանքը հաշտեցնում են մահի հետ» («Մի պայծառ շիրիմ», Յովհաննէս Թումանեան, 1914)։ Իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, գրկած փունջ մը մանիշակագոյն վարդակակաչներ – նշան սիրոյ եւ յաւերժութեան - յամր քայլերով ճեմենք հայ քնարերգակ բանաստեղծներու պանթէոնին մէջ, ջերմեռանդ շրթունքով համբուրենք անոնց գրական յիշատակը ու խոր յուզումով տեսնենք, թէ այդ անշիրիմ սերունդն էր, որ վարպետօրէն քերթեց «շիրիմ» բառը ու անոր յաւերժական գեղեցկութիւն շնորհեց։
Հայ նոր քերթողութեան նախաշաւիղներէն է Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանը։ 1661 թուականին, Օգոստոս ամիսն էր, վշտահար Արբահամ Չէլէպիի փոքր դստեր թաղումին ներկայ եղաւ ու արտասանեց սրտաճմլիկ ներբող մը։ Այդ օր, առաջին անգամ «շիրիմ» բառը դարձաւ այնքան քնքոյշ, որքան անշունչ պառկող պատանուհիի դէմքը ծածկող սեւ մարմաշը. «Մանկահասակ կոյս... Փոխան բեհեզ ծիրանեաց ու ոսկէթել կուսին քօղանոց, / Այսօր ի շիրիմ ծածկեալ՝ եւ քօղն էր հողն եւ գերեզման»։ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը «շիրիմ» բառի մէջ տեսաւ հայու անմահութիւնը եւ յաղթանակը. «Պարսկական բազկաւ արւոյն Վահանայ, / Շեշտ ի ծայր շիրմի դաշտին Շաւարշան / Տնկել յաղթանակ անմահ Հայութեան... Ի յաղթանակ օ՜ն անդր յառաջ, / Մի՚ ձախ մի յաջ... / Ի յաղթանակ»։
Այնուհետեւ «շիրիմ» բառը ողբանուագ քերթուածներու նրբաքանդակ տողերու մէջ քիչ քիչ թաղուեցաւ հանդարտութեամբ, հեզութեամբ։ Ահա քանի մը պատկերաւոր արտայայտութիւն Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանէն. «Շիրիմք նոճեպարփակ տխրահնչակ», «Արցունքներով մէկ թաց շիրիմ», «Շիրիմ եղերամայր», «Սիրելին իմ գոցուեցաւ ի շիրիմ»։ Նոյնքան քնքոյշ մրմունջներ շշնջաց Պետրոս Դուրեանը. «Ոհ, կայծ տուէ՛ք ինձ, կայծ տուէ՛ք, ապրի՜մ. / Ի՜նչ, երազէ վերջ գրկել ցուրտ շիրի՜մ»։ Եւ աւաղ, ան շատ շուտ «գրկեց շիրիմ»։ Հայոց լեզուի ընտիր դարձուածքներէն է «շիրիմ գրկել»ը, կը նշանակէ «մահանալ»։
Դուրեանի պէս հիւծեալ էր Մատթէոս Զարիֆեանը։ Ձմեռ էր։ Գիշեր։ Մութ սենեակի պատուհանէն ան երբ տեսաւ ձիւնի վտիտ փաթիլներ, ինքն իրեն հարց տուաւ. «Ի՞նչ կայ դէմս - Դատարկութի՞ւն թէ Աստուած. / Եւ ի՞նչ կու գայ Վաղուան հետ… Վա՞րդ, թէ շիրիմ»։ Մէկ այլ թոքախտաւոր բանաստեղծ էր Ինտրան, Տիրան Չրաքեանը։ Ինքը չէր սարսափեր շիրմէն, գերեզմանոցներու նոճիները անոր կու տային անդրշիրիմեան կեանքի յոյսը. «Թռչնիկները նոճիներուն մէջ կը ճռուողեն. Ի՛նչ հանդարտ ըլլալու են հիմա մենարանները, գերեզմանները։ Ի՛նչպէս գեղեցիկ է երկիրը։ Երանի անոնց որ անոր ծոցը դարձած են. ու տիեզերքին մէջ կորսուած մենարան մը կամ շիրիմ մ՚ունին»։ Հազուադէպ է «անդրշիրիմեան» ածականի գործածութիւնը մեր մայրենիի մէջ։ Մէկ-երկու հեղինակ միայն համարձակեր է զայն շօշափել։ Անոնցմէ մէկը Երուխանն էր, Երուանդ Սրմաքէշխանլեանը, մեր անշիրիմ գրիչներէն մէկը։ «Ամիրային աղջիկը» վէպի մէջ ահա Սոֆին է, որ ունեցաւ այդ ածականով նկարագրուած տրամադրութիւն. «Սոֆի տոքթորին նայեցաւ իր հիանալի աչուըներուն բոլոր նուաղկոտ եւ անդրշիրիմեան տրտմութեամբը»։ Իսկ նուազ յայտնի մէկ գրող, Կեսարիոյ Մունճուսուն պատկառելի գիւղաքաղաքի մէջ ծնած բանասէր, խմբագիր եւ հրապարակախօս Մատթէոս Այվատեանը հայկական գրականութեան պարգեւեց «կենդանի շիրիմ» արտայայտութիւնը. «Ի՞նչ ընէի...։ Կեանքի եւ մահու առջեւ քեզ հռչակեցի իմ հարսը եւ դարձայ կենդանի շիրիմ»։
Ի՜նչ հեգնական է... Մարդը իր ծննդավայրի շիրմաքարերու յիշատակարանները արձանագրէ զանոնք հրատարակելու եւ յաւերժացնելու համար, բայց յետոյ ի՛նքը մնայ անշիրիմ... Յարգելի ընթերցող, ահա դուք ծանօթացաք նահատակ գրող Թլկատինցիի կեանքի ողբերգութեան։ Իր սպանութենէն քիչ ժամանակ առաջ արդեօք ի՞նչ էր, որ ան արձանագրեց։ Կարդանք «Պտոյտ մը գերեզմանոցին մէջ» յօդուածէն երկու պատառիկ. «Այս է շիրիմ Մահտեսի Պօղոս վարժապետին որ ցաւօք լի կեանք մը ապրեցաւ», «Դամբանարան եւ շիրիմ ծառայ ծառայիցն անպիտան, Խուկասի Դուստր, Շողեր խաթունին, որ շինեց զտուն Ածյ. իր հալալ արդեամբ»։
Ռուբէն Սեւակը 1914 թուականին դողդոջ ձեռքերով նկարագրեց իր եւ իր ցեղի յաւերժական երթը. «Անուրջիս մէջէն հի՜ն քաղաքներուն / Հի՜ն բերդերն ահա կը տեսնեմ հեռուն... / Կը տեսնեմ հարի՜ւր սարեր մոխրապատ... / Կը տեսնեմ մեր հին տապանաքարեր... / Լա՜յն կարկառեցի ձեռքերս արիւնոտ. / Առէ՜ք, գոչեցի, տարէ՜ք զիս ձեզ մօտ, / Կ՚ուզէի այսպէ՜ս դիմել յաւիտեան / Ցեղի մը Ուխտին անդրշիրիմեան»։ Այդ սերունդի մարտնչող ձայնն էր Սիամանթօն։ Ան յորդորեց բոլորին, որ խորտակեն իրենց «յոգնած եւ ապաժամ» քնարները։ Այլ միտքեր ալ յղացաւ ան. «Ընկե՛ր... գլուխդ հողաթմբիս՝ մտիկ ըրէ շիրիմներէն հասնող աղաղակին... / Ա՚ռ այն սուրը, որ օր մը իբր Խորհրդանիշը իմ անձնուրաց անցեալիս, / Եկար կայծակի բեկորի մը նման իմ շիրիմիս վրան ցցելու»։ Ապա գոյացաւ երկարաշունչ բանաստեղծութիւն մը ու Սիամանթօն զայն անուանեց՝ «Անդրշիրիմեան աղաղակ»։
Յարգելի ընթերցող, այսօր, դարձեալ ձեր թոյլտուութեամբ, Դանիէլ Վարուժանը, մէկ այլ անշիրիմ մարդ, կը հռչակեմ «շիրիմ» բառի երկրպագուն։ Անոր բանաստեղծութիւններու մէջ կը փայլատակին այդ երկու վանկով յօրինուած պատկերներու ծաղկաքաղ մը՝ ռազմաշունչէն մինչեւ տրտմաշուք։ Կը մտածեմ յատուկ յօդուած մը շարադրել Վարուժանի «շիրիմ»ներուն նուիրուած։ Այսօր մէջբերեմ վարուժանեան լոկ մէկ պատկեր, ուր ան կը խոնարհի Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի շիրմին առջեւ, - երբ նոր էր վախճանած հայ ազգին եւ մշակոյթին նուիրուածութեան այդ դարաւոր խորհրդանշանը ու արդէն ուխտատեղի էր դարձած անոր շիրիմը - ու «Բազմավէպ»ի մէջ 17-ամեայ Վարուժանը ընթերցողին կը ներկայանայ «Ալիշանի Շիրմին Առջեւ» բանաստեղծութեամբ։
Քեզի եկայ՝ իբր ուխտաւոր մը յոգնած,
Որ կը գտնէ հուսկ փոխարէն իղձերուն
Շիրիմ մը՝ հոն ծնրադրելու սիրտը բաց,
Եւ խոկալու, համբուրելու լոյս աճիւն։
Իսկ պաշտելի շիրիմները յարգելու համար այլ ի՞նչ ձեւ կայ։ 1899 թուականին Վան քաղաքի մէջ ծնած, Վարագայ ժառանգաւորացի մէջ կրթութիւն առած գրող, մանկավարժ Մկրտիչ Խերանեանը տուաւ այդ հարցումին պատասխանը.
Տարեկան գէթ մի անգամ
Շիրիմս յիշես ու գաս,
Մի կաթիլ արցունք թափես,
Կանաչի հողը վրաս։
Յարգելի ընթերցող, երախտապարտ եմ որ ըմբռնումով մօտեցաք եւ համամիտ եղաք, որ շիրիմ ծածկող քանի մը վէմ հեռացնենք, պեղենք ազգային գանձեր ու անոնց տանք – թէեւ կարճատեւ - երկրորդ կենդանութիւն մը։ Իսկ գալ շաբաթ Յարութեան տօնին առթիւ պիտի ընթերցենք Զատիկը շնորհաւորող ընտանեկան հին հին բացիկներ ջերմ ու ազնիւ։ Առայժմ, մնացէք խաղաղ, մնացէք կենսուրախ։