Անի Պարոնեան
Բազմամշակութային քաղաք որպէս, Պոլսոյ մէջ բարեկենդանի սովորութիւններն ալ բազմերանգ էին։ Պոլսոյ հայերը մեծամասնութեամբ Մեծ Հայքէն գաղթած են։ Բայց կար նաեւ Պոլսոյ մէջ քանի մը հարիւրամեակ անցեալ ունեցող ընտանիքներ, որոնցմէ մէկէն սերած էր մայրս։ Թէեւ անոնք ալ վանեցի էին իրենց արմատներով։ Իսկ հօրենական ճիւղը եկած էր Պրուսա, Քարաճապէյ Սալմասէն։ Աքսորի տարիներուն մինչեւ Տամասկոսի մօտակայ Ճես Ալ Այն գիւղը հասած ու ապա 1920 թուին իբրեւ գաղթական բնակած էին Պոլսոյ Գումգաբու թաղը։
Ունեւոր հողամշակ ընտանիք մը ըլլալով Սագաեանները հիմա ապաստանած էին նկուղային բնակարան մը, որու լուսամուտէն ոչ թէ Քարաճապէյի լայն դաշտերը, այլ անցնողներուն կօշիկները կը դիտուէր միայն։
Որդին ու դուստրը տարագրութեան ճամբաներուն Տամասկոս թաղած Նազիկ մեծ մայրս ապա Պոլսոյ մէջ եւս ունեցաւ երկու զաւակ, որոնք կնքեց կորցրածներուն անուններով։ Որքան սրտացաւ պատճառող, նոյնքան ալ սրտապնդող այդ պատմութեան մէջ ծնանք նաեւ մենք՝ որ ողորմութեամբ կը յիշենք իրենց տխուր եւ յոյս ներշնչող յիշատակը։
Գալով Բարեկենդանին, ան Մեծ Պահքի զրկանքներու շրջանին նախորդող վերջին ազատ օրն է, ուր կ՚ուտես համով ուտեստներ, կը զուարճանաս, կ՚ուրախանաս, նոյնիսկ կը դիմես չափազանցութեան, որ արտօնուած է միայն Բարեկենդանի սիրոյն։ Ունէինք յոյն եւ պուլղարացի հարեւաններ, որոնց հետ երբեմն նոյն թուականի կը զուգադիպէր Բարեկենդանը։ Այդ տարիներուն ալ աւելի մեծ եռանդ ու խինդ կը տիրէր թաղին մէջ, որմէ անմասն չէին մնար նոյնիսկ իսլամադաւանները։
Նազիկ մեծ մայրս ու հայրս Բարեկենդանը կը դիտէին Մեծ Պահքի նախոդող օր ըլլալով միայն։ Չէին ոգեւորուեր այդ «զեւզեկ» սովորութիւններով, որ արդէն իսկ պատած կ՚ըլլար մեր շուրջբոլորը։ Մօրս կողմը ընդհակառակ, խոհանոցային երկար պատրաստութիւններով կը դիմաւորէին Բարեկենդանը։ Այդ նախապատրաստոթիւնը կարելի է բնութագրել երկու բառերով՝ խուճապ ու աղմուկ։ Սաներու, աման չամանի աղմուկին վրայ վազվզուք մը երկյարկանի տան աստիճաններուն վրայ մէկ վեր, մէկ վար ելլել իջնելով։ Եւ խուճապ հիւրերու գալստեան պատրաստ ըլլալու կամ եթէ մենք պիտի ժամանենք, չուշանալու առումով։ Հայրս այս բոլորին նայելով իր դժգոհութիւնը արտայայտելու համար կը գործածէր «խառնիճաղանճ» եզրը։
Այդ խուճապին մէջ բաց չէր թողնուեր Ղեւոնդեաց Քահանայից Տօնը՝ այսինքն Վարդանանցը։ Մայրս անպայման պիտի հետեւէր արարողութեան ու վերադարձին մեծ ոգեւորութեամբ պիտի պատմէր թէ որքան վեհաշուք էին քահանայից դասու երգեցողութիւնները։ Մայրս ինք ալ երկար տարիներ շապիկ հագած, դպրութիւն ըրած էր։ Նոյնիսկ երբ 1941 թուին 20 դասակարգ զինուոր հաւաքուեցաւ, զինուորագրուած էր նաեւ Պագըրգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցուոյ երաժշտապետ Քալճինճիեան էֆենտին։ Մօրս կազմակերպութեամբ գործել սկսաւ Հռիփսիմեանց երգչախումբ մը, որուն անդամները կիներ էին։
Մօրս եկեղեցիէն գալով ալ աւելի թափ կը ստանար պատրաստութիւնները, որոնք կարծես արարողակարգի մը բնոյթը ունէին։ Տօնական սեղանին պարտադիր էին մայրաքաղաքայինը, լոպիի եւ ուլականչի փիլաքին, ձկնկիթով պատրաստուող թարաման, թոփիկը, փոքր եռանկիւններով փաթաթուած «մուսքա» պէօրէքը, դարձեալ քարեգնդակի չափով գլորուած քիւֆթան։ Ենիմահալլէ թաղի Փերուզէն գնուած հաւն ալ լաւ մը պիտի խաշէր ու ապա յատկապէս սպիտակ միսերը պիտի զարդարէին կանանչեղէնի սալատը։
Լաքերտան հայրս կը բերէր Սամաթիայէն։ Նոյնպէս Սամաթիա «Մեզեճի Զաւէն»էն կը գնէր երշիկ, ապուխտ եւ պանիրի տեսականի։
Անուշեղէնը տնական էր, բայց անոր հետ մատուցուող կաթնասերը Գումգաբուէն, Պորիսէն պիտի առնէինք անպայման։
Հասկնալի է ընթերցողի զարմանքը կամ նոյնիսկ ագահութեան մեղադրանքը սեղանի այդ ճոխութեան հանդէպ։ Բայց պէտք չէ մոռնալ թէ այդ կերուխումին պիտի յաջորդէ յիսնօրեայ զրկանքներու շրջան մը, որ ձօնուած է ապաշխարհութեան, ինքնամփոփման եւ զսպուածութեան։ Նոյնիսկ տան հայելիները սեւ քօղով կը ծածկուէին Մեծ Պահքի ընթացքին։
Նշեմ որ Վարդանանցը նաեւ անուանատօն է ո՛չ միայն Վարդաններու կամ Վարդ արմատով սկսող անուն ունեցողներու, այլ նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնց անունը չէ նշուած Աստուածաշունչի մէջ։
Բնութեան վերակենդանացումը խորհրդանշող Բարեկենդանի սովորութիւններուն մէջ կարեւոր էր կերպարանափոխութիւնը։ Այդ օր մարդիկ դիմակներով ու անսովոր տարազներով կը շրջէին եւ պատճառ կը դառնային խինդ ու ծիծաղի։ Կանայք տղամարդու, այրեր կանացի զգեստով եւ ընդհանրապէս բոլորն ալ դիմակով անճանաչելի կը դառնային։ Նման անճանաչելիութենէն ալ կը ստացուէր տեսակ տեսակ կատակներ։ Անգամ մը երբ բոլորս տունն էինք դուռը ուժգին թակուեցաւ։ Օտար մըն էր, որ պըռչկուտուքով մը կանգնած էր շեմին։ Մայրս լեղապատառ ներս վազեց «Թագւոր քապատայի մը եկած կը պոռայ» ըսելով։ Խեղճը ուրկէ գիտնար թէ եկողը ընկերուհիներէս մէկն էր, հօրը բաճկոնը ու տաբատը հագուած գլխուն գդակ մը եւ կեղծ պեխերով։
Ոմանք ալ կ՚անհանգստանային, խիստ պահուածքով «քեփազէութիւն» կը համարէին այդ կատակները։ «Մուչինա» կամ «Մասքարա» կը կոչէին չափազանցուած դիմայարդարումը։ Այսօր ալ կը մտածեմ, ի՞նչն էր այդ մի օրեայ զուարճանքը դատապարտող անհանդուրժողութեան պատճառը։
Ափսոս որ այդ քաղցր յիշատակները մնացին անցեալին։ Ես իմ հաշւոյս խոստովանիմ որ կարօտած եմ Մուչինայութիւնն ալ, Մասքարայութինն ալ։