Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան Գոճաէլիի պատգամաւոր բժիշկ Էօմէր Ֆարուք Կերկերլիօղլու վերջին զոհը դարձաւ կառավարութեան այդ կուսակցութեան դէմ մղած ոխերիմ քաղաքականութեան։ 17 Մարտ չորեքշաբթի յետմիջօրէին Խորհրդարանի ամպիոնէն ընթերցուեցաւ Կերկերլիօղլուի դէմ արձակուած դատական վճիռը եւ այսպէսով պաշտօնապէս ջնջուեցաւ անոր պատգամաւորի հանգամանքը։
Գործընթացը սկսած էր Կերկերլիօղլուի բանտերու եւ ոստիկանատուներու մէջ մերկ խուզարկման դէպքերը օրակարգի բերելով։ Ան որպէս մարդու իրաւունքներու պաշտպան պատգամաւոր ընտրուած օրէն սկսեալ գերզգայուն կերպով հետեւեացաւ մարդու իրաւունքներու բռնաբարման երեւոյթներուն։ Այդ առումով տուժածներու դիմումները բծախնդրութեամբ հետապնդեց եւ տեսանելի դարձուց ամբողջ երկրին։ Ի սպառ հանեց կառավարութեան եւ պետական մարմիններու իր պնդումները հերքելու փորձերը։ Կառավարութիւնը որպէս Կերկերլիօղլուն լռեցնելու միջոց կրկին անգամ դիմեց իր ազդեցութեան տակ գործող դատական համակարգին։ Շուտով դատ մը յարուցուեցաւ եւ Կերկերլիօղլուն տարիներ առաջ բաժնեկից եղած «Թուիթըր»եան գրառումի մը հետեւանքով մեղադրուեցաւ ահաբեկչութեան քարոզութիւնով։
Այսպէսով ՀՏՓ կուսակցութեան 14-րդ պատգամաւորը ըլլալով կը հեռացուի խորհրդարանէն։
Էօմեր Ֆարուք Կերկերլիօղլու նախապէս յայտարարած էր թէ այդ որոշումին ընթերցան դէպքին պիտի չլքէ Խորհրդարանը եւ պիտի սպասէ որ ոստիկանները խորհրդարանին մէջ ձերբակալեն զինք։ Արդարեւ որոշումի ընթերցումէն ետք միւս կուսակցութեան անդամները լքեցին խորհրդարանի դահլիճը, բայց Կերկերլիօղլու եւ կուսակցական ընկերները շարունակեցին մնալ դահլիճին մէջ վանկարկումներով բողոքելով կատարուածը։ Մինչ այդ կուսակցութեան համաբանբերներ Մերալ Տանըշ Պէշթաշ եւ Սարուհան Օրուչ մամլոյ յայտարարութիւն մը ըրին ու պախարակեցին կատարուած անարդարութիւնը։ Նախապէս նման դէպք մը տեղի ունեցած էր Հանրապետական Կուսակցութեան պատգամաւոր Էնիս Պերպերօղլուի դէմ, որ նիւթը փոխադրած էր Սահմանադրական Ատեան եւ վերաշահած պատգամաւորի իրաւունքը։ Նոյն դիմումը կատարած է նաեւ Կերկերլիօղլու եւ շատ հաւանական է թէ ան եւս ստանայ Խորհրդարան դառնալու իրաւունքը։
Թերթս հրատարակութեան ղրկուած պահուն Կերկերլիօղլու կը շարունակէր Խորհրդարանը մնալ։
Միւս կողմէ նախկին ԱՔՓ-ական պատգամաւոր եւ այժ Տեւա Կուսակցութեան հիմնադիրներէն Ապտուլրրահիմ Աքսոյ եւս առարկեց կատարուածին դէմ եւ բարձրաձայն բողոքեց։ Սակայն անոր ընդվզումին իսկոյն միջամտեցին խորհրդարանի թիկնապահները եւ զինք հեռացուցին դահլիճէն։
Դէպի քաօս
Միւս կողմէ Վճռաբեկ Ատեանն Սահմանադրական Ատեան դիմելով պահանջեց ՀՏՓ կուսակցութեան արգիլումը։ Այսպէսով արտակարգօրէն կը սրուի Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութիւնը, որու հետեւանքները դարձեալ անելանելի կրնան մատնել երկիրը։
Ինչպէս ծանօթ է Ազգային Շարժում կուսակցութեան պետը վերջերս յարատեւ կերպով կը պահանջէր Ժողովուրդներու Ժողովուրդավարութեան կուսակցութեան գործունէութեան դադրեցումը։ Ըստ երեւոյթի Նախագահ Էրտողան կը հակասէ իր դաշնակցին այդ ցանկութեան ընդմիշտ նշելով թէ Թուրքիա անցած է կուսակցութիւններ արգիլելու այդ շրջանը։ Այս ուղղութիւնով օրէնքի բարեփոխումներ կատարուած էին կուսակցութիւններու արգիլումը դժուարացնելու համար։