Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին 11 եւ 12 Մարտ թուականներուն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Կրեմլի մամլոյ ծառայութեան հաղորդումով հարցազրոյցին քննարկուած է Արցախի խնդրի շուրջ գոյացած համաձայնութեան գործադրման եղանակները։ Նշուեցաւ նաեւ զինադադարը յարգուելուն եւ տարածաշրջանի վրայ խաղաղութիւն տիրելու մասին գոհունակութիւնը։ Երեք ղեկավարները քննարկած են նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրական ցանցերու հանդիպած արգելքները վերացնելու խնդիրները։
Միւս կողմէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 14 Մարտ կիրակի օր տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ եւ Շուէտի Արտաքին Գործոց Նախարար Ան Լինտէի հետ։ Ալիեւ այդ հանդիպման ընթացքին նշեց թէ Արցախի հակամարտութիւնը աւարտին հասցնելու համար իբրեւ մեկնակէտ պատրաստ են Երեւանի հետ յարաբերութիւններ մշակելու։