Օրացոյցի էջերուն մէջ 16 Մարտ թուականը տխուր յիշատակներ կը պահէ Թուրքիոյ հաշւոյն։ Ողբերգութիւններու թուական մըն է ան, քանի որ 1964 թուին թուրքաբնակ բազմաթիւ յոյներ կառավարութեան յանկարծակի որոշումով մը հարկադրուեցան իրենց ծննդավայր երկիրը լքելու։ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալի եւ յունաց Նախագահ Վենիզելոսի ստորագրած համաձայնագիրը միակողմանի կերպով ջնջուեցաւ Ինէօնիւի կառավարութեան կողմէ։ Երկրէն վտարուողներուն արտօնուեցաւ իրենց հետ ունենալ 20 քկ. ծանրութիւնով ճամբրուկ մը եւ 20 տոլար սահմանումով տարադրամ։
Մարդիկ ակամայ լքեցին իրենց պապենական տները, խանութները եւ ամբողջ նիւթական կուտակումը։
Նոյն 16 Մարտ թուականը 14 տարի անց 1978-ին կը խորհրդանշէ եօթը համալսարանական երիտասարդներու սպանութիւնը Իսթանպուլի Համալսարանի դեղագործութեան բաժնի մուտքին։ Ոստիկանութեան հետ համագործակցաբար կատարուած ազգայնականներու յարձակումը մինչեւ օրս կը դասուի հեղինակը անյայտ ոճիրներու շարքին։ Արդարեւ այս տարի ալ «78-ականներու հիմնարկ» հասարակական կազմակերպութիւնը դէպքի յիշատակման համար մամլոյ յայտարարութիւն մը կատարեց ոճիրին պատահած վայրին վրայ։
1988 թուին այս անգամ մեծ ոճիրը կը կայանար Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս, Ըրաքի քրտաբնակ Հալեփչէ քաղաքին մէջ։ Սատտամի զինուորները քիմիական կազով թունաւորեցին խաղաղ բնակչութիւնը թունաւոր կազ արձակելով քաղաքին վրայ։ Պաշտօնական տուեալներով մահացողներու թիւը յայտարարուեցաւ 6357 ըլլալով։ Անոնց մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէին երախաներն ու կիները։
Այդ տարելիցի առթիւ ալ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մէջ կատարուեցաւ յիշատակման եւ ոգեկոչման միջոցառումներ։
Ցաւալին այն է թէ անցեալի այս դէպքերը բացարձակապէս անցեալի մէջ չեն մնացած եւ ընդմիշտ կը կրկնուին տարբեր վայրերու մէջ, տարբեր ձեւերով եւ միշտ պահելով իրենց անմարդկային բնոյթը։