Գրաւոր մամուլի մէջ պետական ծանուցումները դասաւորող մարմինը երկար տարիներէ ի վեր զանց կ՚առնէր փոքրամասնութիւներու պատկանող թերթերը։ Գրաւոր մամուլի միջեւ այս անարդարութիւնը վերացնելու նպատակով մամլոյ ծանուցումներու հասատատութիւնը որոշած էր 2001 թուականէն սկսեալ ծանուցումի փոխարէն որոշ գումար տրամադրել հայ, յոյն եւ հրեայ փոքրամասնութիւններուն պատկանող պարբերական մամուլին նիւթական աջակցութիւն ապահովել։ Այդ աջակցութիւնը չէր կայացած 2020 թուականին։ Կ՚ակնկալուէր թէ 17 Փետրուարին կայացած ընդհանուր ժողովին այդ բացթողումը կը վերացուի։ Սակայն ժողովէն ետք հրապարակուած յայտարարութեան մէջ տեսնուեցաւ որ քննարկուող նիւթերուն ցանկին մէջ տեղ չէ տրուած ազգային փոքրամասնութիւներու մամուլին զօրակցելու նիւթին։ «Ակօս»ի այս ուղղութեամբ կատարած լրատուութենէ ետք Մամուլի Ծանուցումներու Կազմակերպութիւնը 12 Մարտին իր կայքէջին վրայ յայտարարեց թէ 17 Փետրուարի ժողովին 350 հազար լիրա արժողութեամբ յատկացում մը վերապահուած է փոքրամասնութեան մամուլին համար։