ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
Անցեալ շաբաթ արդէն գրած էինք Անգարայի Ուլուս թաղի մէջ Հայ Կաթողիկէ Գերեզմանատան վրայ շինութիւն կառուցելու մասին։ Այս առթիւ կապ հաստատեցինք, այդ գերեզմանի եւ յարակից մատուռի մասին ուսումնասիրութիւններ հրատարակած Աւետ Քելլէճի (Աւետիս Այտընեան)ի հետ։
Վերջերս Անգարայի հայ համայնքի մասին կը խօսուի Ուլուսի գերեզմանատան նիւթի առնչութեամբ։ Ի՞նչ է այդ համայնքի պատմական անցեալը։
Թէեւ Հայ Կաթողիկէ Գերեզմանատան մասին առաջին տուեալները կը հասնին ԺԸ. դարուն, բայց նկատի ունենալով անոր հնադարեան այլ գերեզմաններու մօտութիւնը, կարելի է աւելի հին թուականներու ալ ակնարկել։ 1717 թուին ֆրանսացի բուսագէտ Թուրնէփորթի պատրաստած Անգարայի յատակագծի մէջ յստակօրէն կ՚երեւայ գերեզմանատան տարածքը։ Աւելի ուշ թուականներուն հայոց միջդաւանանքային կռիւներու հետեւանքով գերեզմանատունը փոխանցուած է Կաթողիկէդաւան հայերուն։ Ան շահագործուած է մինչեւ 1935 թուականը, երբ կառուցուեցաւ Ճեպեճիի արդի գերեզմանատունը։ Եթէ նկատի ունենանք ԺԸ. դարը Անգարայի հայ բնակչութիւնը կը կազմէ մօտ 4-5 հազար։ Քաղաքի ապրած սովի, հրդեհներու, կամ ապստամբութիւններու պայմաններուն տակ իսկ հայ բնակչութիւնը աճած է եւ 1914-ին հասած 15 հազարի։ Իսկ 1915-ին քաղաքի հայութեան տարագրումէն ետք Անգարայի հայ բնակչութիւնը կը բաղկանայ միայն կաթողիկէ հայերէ, որոնց թիւը կը հաշուուի 2 հազարի շուրջ։ 1919-ի զինադադարէն ետք, երբ կ՚արտօնուի հայոց ետդարձին, շրջանի այլ քաղաքներէն կամ աւաններէն եկողներով հայութիւնը կը հասնի իր պատմութեան ամենաբարձր բնակչութեան։ Սակայն 1923-էն սկսեալ բնակչութիւնը դարձեալ կը նօսրանայ եւ 1930-ականներուն կը հասնի մինչեւ 300-ի։
Իսկ ինչե՞ր կը պատմէք մատուռի մասին։
Պատմութեան ուսումնասիրութիւններու առումով Անգարան բաւականին դժուար քաղաք մըն է։1916-ի հրդեհին քաղաքի 1/3-ը կը փճանայ եւ այդ հատուածին մէջ է նաեւ քրիստոնեաներու թաղամասը։ Այրած կառոյցներուն մէջ կը յիշուի եօթը հայկական եկեղեցիներ։ Իսկ հրդեհի աղէտէն ազատած են պատմական բերդի մէջ գտնուող Սուրբ Խաչ Եկեղեցին, Էթլիքի Սուրբ Աստուածածին Վանքը եւ Հայ Կաթողիկէ Գերեզմանատան մատուռը։
Նշենք որ առաջին երկու տաճարները կը պատկանէին Հայ Առաքելական համայնքին։ Իսկ գերեզմանատան մատուռը, որ նախատեսուած էր միայն թաղումներու եւ յուղարկաւորութիւններու համար հետզհետէ դարձած է քաղաքի միակ գործօն եկեղեցին։ Այդ առումով ամբողջ հանրապետութեան շրջանին մատուռը քաղաքի բոլոր քրիստոնեաներու համար միակ աղօթատեղին էր։ Արդարեւ իմ խօսած տարեց անգարացիներու յիշողութեան մէջ կը մնայ մատուռը եւ անոր տեղացի վերջին հոգեւորականը Թորպաճըեան։ Նաեւ նշեմ որ մատուռը Անգարայի հայ կաթողիկէ համայնքի վերջին առաջնորդարանն էր։
Ձեր յօդուածին մէջ ալ կը նշէք, Հայր Կղմես Թորպաճըեանի անունը։ Իր մասին ինչե՞ր կրնա՞ք պատմել։
Թորպաճըեանի որպէս եպիսկոպոսի փոխանորդ պաշտօնավարած 1923-1933 թուականներու զուգադիպող 10 տարիները անկման տարիներ ըլլալով կը յիշուին։ Հետեւաբար զուրկ են արմատական որոշումներէ։ Այդ ժամանակահատուածի Թորպաճըեան, թէ համայնքի հոգեւոր ծառայութիւնները կը կատարէր եւ թէ կը ստանձնէր Պոլսոյ ՀայԿաթողիկէ Պատրիարքարանի Անգարայի խորհրդարանի հետ ունեցած թղթաբանական գործերը։ Կը կազմակերպէր դէպի Իսթանպուլ կամ Եւրոպա գաղթելու ձեռնարկող համայնքի անդամներուն ճամբորդութիւնը եւ հասած տեղերուն կարգ մը թղթաբանութիւնները։ Իր բնակարանի մէկ սենեակը յատկացուցած էր համայնքի երախաներուն հայերէն դասաւանդելու աշխատանքին։ Ընդհանուր առմամբ նահանջի այդ պայմաններուն տակ Թորպաճըեան յաջողած է իր հօտը մէկտեղել եւ պաշտպանել մատուռն ու գերեզմանը։ Նաեւ աւելցնեմ թէ գերեզմանը պաշտօնապէս Հայ Կաթողիկէ համայնքին պատկանելով հանդէպ 1916 թուականէն սկսեալ հոն կը հանգչին քաղաքի Լաթին Կաթողիկէ, Յոյն Ուղղափառ եւ Հայ Առաքելական համայնքներէն ննջեցեալներ։ Բացի այդ Էսքիշեհիրի եւ Պիլեճիքի փոքրաթիւ համայնքներն ալ իրենց ննջեցեալները թաղեցին այս գերեզմանատունը։ Իմ հաստատումներով 4 Նոյեմբեր 1916 եւ 4 Յուլիս 1933 թուականներու միջեւ հոն թաղուած են 530 ննջեցեալներ, որոնց կարգին է նաեւ քաղաքի վերջին հոգեւորականներէն Հայր Կարապետ Գասապեան։
Գերեզմանատան փլուզումը համայնքին ալ նօսրանալուն պատճառ դարձա՞ծ է։
Գերեզմանը եւ մատուռը Անգարայի հայ համայնքի վերջին հասարակապատկան կառոյցն էր։ Համայնքը իր մշակոյթին հետ այդ կառոյցին միջոցաւ է որ կը շփուէր։ Այդ կառոյցին վերացումէն ետք, թէեւ շրջակայ տարածքներէն եկողներ ալ ըլլան արդէն ոչ հայախօս համայնքը օրըստօրէ կը կորսնցնէ իր մշակութային աւանդութիւնները։
Գերեզմանատան համալիրի ոչնչացումը տարիներու շարունակութեան մէջ տեղի ունեցաւ։ Տակաւին Թորպաճըեանի կենդանութեան օրօք 6750 մ² հաշուող տարածքի հարաւային հատուածը գրաւած է ու հոն կառուցուեցաւ առեւտուրի երկրորդական վարժարան մը։ Թորպաճըեանի մահէն ետք նոր հոգեւրական մը չնշանակուելով համայքնը սկսաւ յաճախել ֆրանսական Սուրբ Թերեսա Եկեղեցին։ 1935-ին Ճեպեճիի արդի գերեզմանատան բացումէն ետք գերեզմանը եւ մատուռը ամբողջովին լքուած եղան։