ՍԻԼՎԱ ԷՕԶԵՐԼԻ
Յետ-պատերազմեան այս օրերուն, երբ բաց են ազգի վէրքերը ու դեռ փակ են մեր շրթունքները, կը փափաքիմ, յարգելի ընթերցող - ձեր եւ բոլոր որդեկորոյս ընտանիքներու թոյլտուութեամբ, առաւելաբար՝ Ջուղայի պղծուած շիրիմերու պարտադրած երկիւղածութեամբ եւ խոր ակնածանքով - վերցնել «շիրիմ» բառի քեղաքանդակ մարմարը ու յայտնաբերել անոր մէջ յաւերժօրէն հանգչող ազգային-գրական գանձերը։ Գանձախոյզ մը չեմ։ Ընմբնումով մօտեցէք։ Նպատակս է այդ բառի երկու պաղ վանկերու մէջ մոռացութեան ենթարկուած լեզուական ընտիր գեղեցկութիւններուն լոյս տալ ու անոնց պարգեւել երկրորդ կենդանութիւն, շարադրելով նաեւ մեր դիւցազններու, թագաւորներու, երջանկայիշատակ հայրապետներու եւ նշանաւոր իշխաններու շիրիմներու վրայ քանի մը խօսք։
Աւա՜ղ, անյայտ է «շիրիմ» բառի արմատը։ Բայց, այս երեւոյթը նոր չէ մեզի համար, քանզի Արցախեան հողի վրայ դեռ անշիրիմ կը մնան անհամար հերոս հայորդիներ։ Հրաչեայ Աճառեանը համոզուած է, թէ «շիրիմ» բառի նախնական նշանակութիւնը պարզապէս «քար» էր, ապա ան դարձեր է «քերեզմանաքար»։ Բառը տեղափոխուած է նաեւ հիւսիս ու կը գործածուի լազերէնի եւ վրացերէնի մէջ՝ «շիրիմի» ձեւով, შირიმი։
Բարդ եւ ածանցաւոր բազմաթիւ բառերու ծնունդ չտուաւ ան։ Հայոց լեզուն միայն եօթը բառ ունի «շիրիմ»ով շինուած. Քանի որ թիւով շատ չեն անոնք, բոլորը կարելի է հիմա յիշել. արուեստաւոր երեք հատը՝ շիրիմախաչ, շիրիմարձան, շիրմաքար, յոյս ներշնչողը՝ անդրշիրիմեան, վշտահարը՝ անշիրիմ, ընտանեկան սրբութիւն բուրողը՝ շիրմակից։ Իսկ եօթներորդ բառը, 10-րդ դարուն յայտնուած «շիրմաւոր»ը, կը պարտինք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին, «Ի դադարման եղծման շիրմաւոր, արարչական բանին սպասաւոր». Հազուագիւտ բառ է ան՝ կը նշանակէ գերեզման ունեցող. Սուրբի գրիչէն հոսեցաւ նաեւ պատկերաւոր մէկ արտայայտութիւն՝ «հողապատեան շիրիմ»։ Կայ նաեւ... թիւ ութն, այդ վատ ու չար բառը, որ գոյութիւն չունի հայու բառարաններու մէջ, սակայն այդ հրէշը շատ այցելեր է մեզ ու ամէն անգամ տեսնելով զայն՝ մենք մնացեր ենք շշմած ու կարկամած. «Շիրմապիղծ» բառն է ան, որ կը բացակայի հայկական գրականութեան եւ մտածողութեան մէջ. Սակայն, գրող, հրապարակախօս Զորի Բալայեանը, օր մը դառնացած սիրտով, ակնարկեց անոր, երբ Ջուղայի հայկական խաչքարերու եւ շիրիմներու պղծումը դատապարտելու համար բեմ ելաւ ու խօսեցաւ. «Մենք խօսում ենք այսօր Նախիջեւանի անկրկնելի սքանչելի խաչքարերի մասին, սակայն պէտք է չմոռանանք, որ իւրաքանչիւր խաչքարի տակ մի հայի շիրիմ է, եւ այսօր նրանք պղծում են շիրիմները»։
Հայը նախընտրեց լուռ մնալ «շիրիմ»ի առջեւ ու շատ չարտայայտուիլ անոր մասին, հակառակ պարագան ալ համարելով սրբապղծութիւն։ Ուստի շատ չեն «շիրիմ» բառվ շինուած արտայայտութիւնները, կան լոկ երեք դարձուածքներ՝ գրաբարէն ժառանգ մնացած. Ահա այդ մասունքները եւ անոնց միջազգային ընդունելութիւն գտած թարգմանութիւնները. «Մարմնածախ շիրիմ» sarcophagus, «Շիրիմ հոյակապ» mausoleum, «Շիրիմ դատարկ» cenotaph՝ անյայտ կամ հայրենիքէն հեռու մահացածի համար կառուցուած յուշադամբարան. Ժամանակակից հայերէնի մէջ «անթաղ-անշիրիմ» են անոնք, որոնք գերեզման չունին, չեն թաղուած։ Իսկ եթէ հայ զինուորը ձեզի ըսէ, թէ զինակից ընկերները «շիրիմ կը բռնեն», իսկոյն հանեցէք ձեր գլխարկները ու պահ մը լռութեամբ յարգեցէք անոնց յիշատակը։
Հակառակ իր անկենդան տեսքին՝ բառը յաջողեցաւ տեղանուն դառնալ։ Գեղարքունիքի, Սիւնիքի, Արագածոտնի, պատմական Այրարատի եւ Տուրուբերանի մէջ կայ գիւղ, գերեզմանոց, վանք, կամ լեռ մը, որուն անունն է «Շիրիմք»։
Շիրիմներ այցելեց ու անոնց մամռոտ վէմերուն ջերմեռանդ շրթունքով համբոյր նուիրեց նաեւ Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցը։ Ազգագրագէտ եպիսկոպոսը, ապա, հայոց պաշտելի շիրիմներուն նուիրուած յօդուած մը գրի առաւ ու զայն կոչեց՝ «Շիրիմք նախնեաց»։ Այդ նախնեաց շիրիմներէն մէկը կը պատկանէր Արշակունի թագաւորներուն. «Արշակունի թագաւորաց շիրիմներ։ Դարանաղեաց գաւառին մէջ Երզնկայու մօտ Անի բերդին եւ Թորդանի մէջ եղած են, որոնց շատերը արդէն ուրացող Մեհրուժանէն կողոպտուեցան, եւ այն յարգելի ոսկորներ ի գերութիւն տարաւ չարն»։ Մէկ այլ նկարագրութիւն նուիրուած է Լեւոն թագաւորին. «Ռուբինեանց վերջին թագաւոր Լեւոն, որ կենօք թշուառ՝ բայց հետ մահուան գոնէ արժանացաւ նշանաւոր շիրիմ ու փառաւոր արձան իւր վերայ ունենալ». Գարեգին Եպիսկոպոսին ամենէն հրճուալի օրն էր, երբ իր հոգեւոր եղբայրներով յաջողեցաւ վերազարդարել Արծրունի Սենեքերիմ թագաւորի շիրիմը, որ կը գտնուէր Վարագայ վանքի սուրբ Գեւորգ տաճարի աջակողմեան դասը։ Անոր շիրմակիցներն էին իր տիկինը, Խուշուշ թագուհին եւ Գետադարձ Պետրոս Հայրապետը։ Ահա, թէ Գարեգին Սրուանձտեանցը ինչպէ'ս կը նկարագրէ այդ օրը. «Զուարճախառն տրտմութեամբ ամփոփեցինք կրկին այն պատուական ոսկորներ իւր հանգստարանին մէջ բարձրացուցանելով շիրիմին դիրքը եւ ըստ չափու զարդարեցինք նորա վէմը»։
Յարգելի ընթերցող, դուք չկարծէք, թէ հայոց շիրիմները սուգի եւ տրտմութեան մութ քարեր են միայն։ Հակառակը ապացուցանելու համար, ձեզ կը հրաւիրեմ Թիֆլիս, ուր թաղուած է Սայաթ-Նովան։ Ըստ Յովհաննէս Թումանեանի Սայաթ-Նովայի շիրիմը եւ նմանները, յոյսի եւ լոյսի վայրեր են։ Ահա ամենայն հայոց բանաստեղծի նկարագրութիւնը. «Պայծառ են, ժպտում են մարդկանց սրտերին մի խոր յաւիտենական ժպիտով ու ասես թէ կեանքը հաշտեցնում են մահի հետ. [...] Ամբողջովին հաշտութիւն ու սէր է բուրում... Միշտ կենդանի... պայծառ, քնքոյշ ու ազնիւ»։ Դուք հիմա կ՚ուզէ՞ք գիտնալ, թէ ինչպէս գրի առնուեցաւ այդ տպաւորութիւնը։ Պատմեմ. Յովհաննէս Թումանեանը 1914 թուականի Մայիսի 15-ին, Համբարձման օրը, վարդեր գրկած, քաղաքի հասարակութեան հետ այցի գնաց մեծ աշուղի շիրիմին - ուխտագնացութիւն մը հոգեշահ, եւ նոյն օր գրի առաւ այդ յօդուածը ու զայն կոչեց՝ «Մի պայծառ շիրիմ»։
Իսկ օր մըն ալ Թումանեանը, Դսեղի հին, փոքր գերեզմանոցի մէջ նկատեց անշուք եւ անյիշատակ մնացած երկու քար, մօտեցաւ ու գրեց հետեւեալ քառեակը.
Երկու շիրիմ իրար կից,
Յաւերժական ու դրկից,
Թախծում են ու լուռ խորհում,
Թէ ինչ տարան աշխարհքից.
Անոնք Թումանեանի մեծ մօր եւ մեծ հօր շիրմաքարերն էին...։ Յաջորդ յօդուածի մէջ, յարգելի ընթերցող, պիտի տեսնենք, թէ բոլորէն աւելի 19-րդ դարու քնարերգակ հայ բանաստեղծներն էին, որ երգեցին «շիրիմ» բառի յաւերժական գեղեցկութիւնը։ Աւա՜ղ, վաղամեռիկ Դուրեանն ու Մեծարենցը տարաժամ գրկեցին զայն, իսկ Սեւակը, Վարուժանը, Երուխանը, Սիամանթօն եւ Թլկատինցին մնացին անշիրիմ։ Այդ բոլորին, կրկին ձեր թոյլտուութեամբ, կ'այցելենք գալ շաբաթ ու ջերմեռանդ շրթունքով կը համբուրենք անոնց գրական յիշատակը։