Իսթանպուլ քաղաքի կեդրոնական Շիշլի թաղամասի կարեւոր առողջապահական հաստատութիւններէն մէկն է Էթֆալ հիւանդանոցը, որ ունի աւելի քան 120 տարուայ անցեալ։ Վերջերս օրակարգի եկած էր հիւանդանոցը մաս առ մաս փոխադրել զանազան վայրեր եւ ի վերջոյ անոր գրաւած տարածքը վերարժեւորել աւելի շահաւետ նպատակի մը համար։ Թուրքիոյ քաղաքներուն մատնուած կարեւորագոյն դժուարութիւնն է թալանի սպառնալիքը։ Բոլոր այդ տարածքները որոնք շահոյթ ապահովելու տարողութիւն ունին կը սեփականացուին եւ հարստանալու առիը կ՚ընդձեռեն իշխանութեան մօտ գործատէրերու։ Այդ ցանկութիւնը չի խնայեր նոյնիսկ գնացքի կեդրոնական կայանները ինչպիսիք են Հայտարփաշա եւ Սիրքեճի։ Շատ անգամ բնակավայրերն ալ կը բաժնեն նոյն ճակատագիրը, ուր երբեմնի սեփական տուներու տեղ կը բարձրանան առեւտուրի կեդրոններ կամ երկնագեր կառոյցներ։ Այդ թալանէն իրենց բաժինը ստացած են գնչուաբնակ պատմական Սուլուքուլէ եւ Քուշթեփէ թաղերը։
Էթֆալ Հիւանդանոցի վերացումը մտահոգութիւն կը պատճառէ այդ հաստատութենէ օգտուող բազմահազար քաղաքացիներուն։