Նախորդ թիւով արդէն անդրադարձած էինք Նախագահ Էրտողանի յայտարարած «Մարդու Իրաւունքներու Գործնական ծրագիր»ի մասին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. ընկերակցութեամբ այլ հոգեւոր պետերու ընդառաջած էր յատուկ հրաւէրին եւ ներկայ գտնուած Նախագահ Էրտողանի ծրագիրը ծանօթացնող ելոյթին։ Սրբազան Պատրիարքի վերադարձէն ետք Պատրիարքարանի Դիւանի ստորագրութեամբ ծանօթագրութիւն մը հրապարակուեցաւ, որուն մէջ ընդգրկուած էր Սահակ Բ. Սրբազանի տպաւորութիւնները։ Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնած էր լսածներուն մասին յատկապէս ծանրանալով համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններուն ընտրութեան մասին խոստումներուն։ Անշուշտ որ հասկնալի է Պատրիարք Սրբազանի ուրախ ակնկալութիւնը, բայց այս երեւոյթը արգելք չէ աւելի քան ութը տարիներ տեւած զանցառութիւնը անտեսելու համար։ Իսկապէս ալ բաւականին սուղ արժած է երկու ընտրաշրջանի հասնող այս ոտնձգութիւնը, քանի որ այժմու թաղական խորհուրդներու անդամները արդէն իսկ կը լրացնեն 12 տարիներու հասնող պաշտօնավարութեան շրջան մը։ Նկատի ունենալով որ համայնքի միակ օրինական մարմինները թաղականութիւններն ու խնամակալութիւններն են ընտրութիւններու բացակայութիւնը անընդունելի բացթողումի մը վերածուած է համայնքին համար։
Պատրիարքարանի յայտարարութեան մէջ ուշագրաւ է նաեւ այն կոչը, ուր ուղղուած է թաղականութիւններուն, այս վերջին խոստումին իրականացման համար պահանջատէր ըլլալու մասին։
Նշենք նաեւ թէ համայնքային կարգ մը երիտասարդ փաստաբաններ ալ դատարաններու միջոցաւ կը փորձեն ընտրութեան իրաւունքի վերահաստատումը։ Այս հանգրունին կ՚արժէ օրակարգի բերել հաւանական ընտրութեան մը ընթացքին նոր կազմերու ձեւաւորման ուղղեալ խորհրդածութիւններ։