Ուշ Օսմանեան շրջանի ճարտարապետութեան մէջ անուրանալի եւ անհերքելի իրողութիւն է Պալեան Ճարտարապետ ընտանիքի թողած մեծ ժառանգը։ Երեք սերունդով արքունի ճարտարապետ Պալեաններ բազմաթիւ կոթողային շինութիւններու կողքին հեղինակած են նոյնքան բազմաթիւ գործարաններ եւ ճարտարագիտական զանազան բնոյթի կառոյցներ։
Երկրի մէջ տիրող հայատեացութիւնը դիտումնաւոր կերպով փորձած է անտեսել այս կարեւոր աւանդը։ Գտնուած են փրոֆ կոչումով տիպարներ, որոնք նոյնիսկ փորձած են Պալեաններու ճարտարապետի կոչումը ուրանալ։
Այդ տեսակներուն արժանի պատասխան տուող առաջին անունը եղաւ հայազգի պատմաբան ու լեզուագէտ Փարս Թողլաճը իր հեղինակած «Պալեան Ընտանիքը» խորագրեալ հատորով։ Այժմ հրատարակութեան կը պատրաստուի Պիւքէ Ուրասի ուսումնասիրութիւնը՝ «Պալեաններ» հատորը, որ 25 Մարտէն ետք պիտի տրամադրուի թրքերէն եւ անգլերէն երկլեզու ընթերցողներուն։ Նշենք որ այս հատորի հրատարակութեան մէջ կարեւոր արխիւային տուեալ հայթայթած է Հայաստանի Ալեքսանդր Թամանեանի անուան Ճարտարապետներու ազգային Թանգարան- Ինստուտուտի արխիւային նիւթերը, որոնք մօտ անցեալին կիսուած էին Հայ Ճարտարապետներու եւ Ճարտարագէտներու Միութեան հետ։
352 էջանի այս նոր հրատարակութեան մէջ տեղ կը գտնէ Պալեան Գերդաստանի անդամներու դիմանկարները, համաշխարհային արխիւներէն նիւթեր, կնիքներ, նախագիծեր, շինութիւններու ճակատային տեսարաններ եւ պատմական արժէք ներկայացնող 158 լուսանկարներ։