Անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը պաշտօնագիր մը ուղղեց Յունաստանի իշխանութիւններուն պահանջելով Հալքիտիքիի երբեմնի իսլամաց գերեզմանը որ յայտնաբերուած էր դպրոցի մը շինութեան ժամանակ, իսկոյն պաշտպանութեան տակ առնուի, բարեզարդուի եւ ցուցատախտակով մըն ալ նշուի իսլամական գերեզման ըլլալը։ Տակաւին այդ վերջնագիրի արձագանգները կը շարունակէին Անգարա Ուլուսի մէջ յայտնաբերուեցաւ հայ կաթողիկէ գերեզմանատուն մը։ Այդ շրջակայքի մէջ մզկիթի մը շինութիւնը պատճառ դարձած էր «Իլլեր Պանքասը» շենքին փլուզման։ Այժմ մզկիթի հարեւանութեամբ նոր շէնքի կառուցման պահուն յայտնաբերուած է Հայոց գերեզմանը։
Անգարայի ճարտարապետներու սենեակի պետ Թեզճան Գարագուշ Ճանտան պահանջեց, որ դադրի շինութեան աշխատանքները եւ տարածքը գրանցուի իբրեւ պատմական վայր, քանի որ հոն կայ նաեւ եկեղեցիի մը աւերակները։