Պատրիարքական Աթոռոյս 82-րդ, 83-րդ եւ 84-րդ գահակալներ՝ Շնորհք Եոզղատցի (Գալուստեան), Գարեգին Բ. Պոլսեցի (Գազանճեան) եւ Մեսրոպ Բ. Պոլսեցի (Մութաֆեան) պատրիարքներ, իրենց վախճանման տարելիցներուն առթիւ, 8 Մարտ 2021, Երկուշաբթի, ժամը 14.00-ին, Շիշլիի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ աղօթքներով յիշատակուեցան։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուած արարողութեան մասնակցեցան Աթոռոյս միաբան հայրերը, քահանայից դասը, ժառանգաւոր սաներ եւ Աթոռոյս Արմաշ Դպրաց Խումբէն անդամներ։ Համավարակի սահմանափակումներու պատճառաւ արարողութիւնը եւս իրականացաւ սակաւ թիւով ներկաներու մասնակցութեամբ։ Ներկայ էին նաեւ համայնքային վարիչներ, Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր ընտանեկան պարագաներն ու աշակերտներէն խումբ մը։
Ժամը 14.00-ին Ամենապատիւ Պատրիարք Հօր գլխաւորած եկեղեցականաց թափորը գերեզմանատան վարչային շէնքէն ուղղուեցաւ երանաշնորհ հովուապետներու դամբարաններուն առջեւ։ Այստեղ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արորողութիւն ի յիշատակ Երանաշնորհ Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Բ. պատրիարքներու։
Արարողութեան աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը իր պատգամը տուաւ ներկաներուն յիշեցնելով թէ Պատրիարքարանի մատենաշարէն շուտով լոյս պիտի տեսնէ Մեսրոպ Բ. Մութաֆեանի կեանքին ու գործին նուիրուած հատոր մը։