Նիկերիացի գաղթական Ֆեսթուս Օքէյ 20 Օգոստոս 2007-ին սպաննուած էր Պէյօղլուի ոստիկանատան մէջ ոստիկաններու ձեռամբ։ Սպանութիւնը մեծ աղմուկ յառաջացուցած էր մարդու եւ յատկապէս ալ գաղթականներու իրաւունքները պահպանող հասարակական կազմակերպութիւններու ջանքերով։ Անոնց յարատեւ հետապնդումով եւ դատական ատեաններու դիմումով պարզուած էին զանազան ոստիկանական զանցառութիւններ։ Օրինակի համար ոստիկանատան մէջ ընդմիշտ գործող տեսախցիկները չէին արձանագրած ոսճիրի պահը։ Նոյնպէս կորսուած էր Ֆեսթուս Օքէյի շապիկը, որ կարեւոր փաստ մըն էր Արդարադատական բժիշկներուն համար։
Դատարանն ալ այս խնդրի քննարկումը ձգձգելու համար մեծ ջանք վատնեց։ Վերջապէս Ֆեսթուս Օքէյի եղբայրը Թոչուքլու Կամալիա Օկու դիմում կատարեց Սահմանադրական Ատեան երբ տակաւին Իսթանպուլի 21-րդ Եղեռնադատ Ատեանի մօտ կը շարունակուէր դատական գործողութիւնը։ Սահմանադրական Ատեանը համոզուեցաւ պետութեան կեանքի իրաւունքը ապահովելու նիւթին մէջ թերանալուն եւ հատուցում վճռեց 80 հազար ԹԼ. սահմանով։ Սահմանադրական Ատեանը մերժեց հարցաքննութեան անկատար ըլլալու մասին պնդումը, պատճառաբանելով թէ դատավարութիւնը տակաւին կը շարունակուի։