7-8 տարի առաջ «Բառերու խորհրդաւոր աշխարհը» յօդուածաշարը շպարուեր եւ գրաւիչ դարձեր էր «սնգոյր» բառով։ Բայց, աւաղ, ինչպէս ամէն ներկ, սնգոյրն ալ մնայուն չէր ու շուտով մաշեցաւ՝ անմխիթար ձգելով գրութիւններուս տեսքը։ Ուստի, յարգելի ընթերցող, տիկիններ յատկապէս, այսօր կ՛առաջարկեմ, որ դարձեալ բանանք այդ ընտիր ներկափոշիի արծաթեայ, փղոսկրեայ կամ տօսախեայ տուփը, սնգուրենք այս զրոյցը, որպէսզի ան մնայ հրապուրիչ։ Սակայն, այդ տուփը պէտք է բանալ ամենայն զգուշութեամբ, քանզի, ան կը պարունակէ բազմաթիւ մեղքեր, տհաճութիւններ եւ փորձանքներ։ Հիմա դուք որոշեցէք զայն բանալ, թէ չբանալ, ես ներկայացնեմ «սնգոյր» ծաղիկը եւ անոր ստուգաբանութիւնը։
Դաշտային համեստ ծաղիկ է սնգոյրը, բուսաբանական անունով՝ anchusa (Յուն.՝ άγχουσα)։ Նոյն ընտանիքէն է նաեւ alkanna tinctoria ծաղիկը։ Անոր բնաշխարհն է Միջերկրականը։ Հայաստանի մէջ կ՚աճի Կոտայքի, Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի, Սիւնիքի մարզերու մէջ, Երեւանի մօտակայքը։ Ծաղիկը երկնագոյն-կապոյտ է, կը ծաղկի Մայիս-Օգոստոս ամիսներուն։ Մխիթարեան հայրերէն Գաբրիէլ Մենեւիշեանը «Բուսաբանութիւն» աշխատասիրութեան մէջ (1897, Վիեննա) նշած է, թէ ան ունի «Ցագարաձեւ, գոց, գեղեցիկ կապոյտ ծաղիկներ»։
Պճնասէր օրիորդներ, քաղցրաբոյր բաղադրիչներ պատրաստող դեղագործներ եւ խոհարարներ, դաշտերու մէջ, լեռներու վրայ ազատօրէն եւ առատօրէն բուսնող սնգոյրը չեն փնտռած իր ծաղիկի համար, այլ՝ իր կարմիր ներկի համար։ Իսկ անոր ներկը կու գայ ո՛չ թէ սնգոյրի ծաղկաթերթերէն, այլ՝ անոր հաստ արմատներէն։ Արիստակէս Ազարեանի «Յունարէն-Իտալերէն-Հայերէն-Թրքերէն» քառալեզու բառարանը (1848, Վիեննա) կը գրէ. «Բրդեղէնները ներկելու համար ներկ մըն է»։ Մէկ այլ բառարանի մէջ կայ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Ներկ պաճուճանաց երեսաց»։
Սնգոյրի ներկափոշին մութ կարմիր երանգ կու տայ գինիներուն, պարսկական «ռուղան ճուշ» կոչուած ճաշին, ինչպէս նաեւ այտերուն։ Միջնադարուն Ֆրանսացի նրբաճաշակ տիկիններ սնգոյրով կը շինէին շրթունքի ներկ՝ «rouge»։ Իսկ կահոյք պատրաստող վարպետները սնգոյրը կը շարունակեն գործածել վարդափայտի գոյն ստանալու համար։
«Սնգոյր» բառը, Հր. Աճառեանի ստուգաբանութեամբ եւ համոզումով, ունի իրանական ծագում, փոխառութիւն մը՝ «սանկեար» ձեւէն, «san+angr»։ Բոյսը կը պատկանի «շնխաղող» կոչուած ընտանիքին եւ այդ անուանումը կը համաձայնի պարսկականին. «սակ»՝ շուն, «անկիւր»՝ խաղող։
Մայիս կամ Օգոստոս ամիսներուն սնգոյրը կը վառէր տղաներու սիրտերը։ Բայց ինչպէ՞ս եղաւ, որ սնգուրուած ժպիտներ ուշադրութիւնը գրաւեցին նաեւ... եկեղեցական հայրերուն։ Այդ մանր փոշին ինչպէ՞ս դարձաւ «մեղաւոր»։ Հասկնալու համար իջնենք անոր գրական արմատներուն։
«Սնգոյր» բառի հայկական առաջին գործածութիւնը Աստուածաշունչի մէջ է. «Ի բաղանիս մտանէիր, ի ծարիր եւ ի սնգոյր շպարէիր, եւ զարդարէիր զարդու»։ Սուրբ Գիրքի մէջ սնգոյրը հաւասարուած է կանանց անպարկեշտ կեցուածքի հետ։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ հայրերը գարոզեցին, թէ կիներն ու աղջիկները իրենց երեսը չշպարեն սնգոյրով։ Ներսէս Շնորհալի հայրապետը ըսաւ. «Թող կիները իրենց երեսները չներկեն»։ Հայկական բուսաբանական մատենագրութեան մէջ սնգոյրի նկատմամբ կայ հետեւեալ նշումը. «Խոտ, որ լինի նիւթ գունելոյ լկտի կանանց զերեսս»։ Այս եւ նման արտայայտութիւնները թելադրեցին, թէ այդ ներկը դրդապատճառն է անբարոյութիւններու։ Ռեթէոս Պէրպէրեանն ալ առակով մը միացաւ այդ քարոզչութեան. «Վարդապետ մը շատ կը տրտմէր։ / Համայնքին մէջ երբ կը տեսնէր / Սէր ու տենչանք ունայն զարդի, / Շպար սնգոյր եղած յարգի։ / Թողէք, եղբարք, թողէ՛ք, քոյրեր, / Այդ սուտ զարդեր, սին նազանքներ»։
Ապա հայոց լեզուի մէջ գոյացաւ «սնգոյր» բառի փոխաբերական իմաստը՝ «կեղծիք», «սուտ երեւոյթ», հայոց դարձուածքային բառարանները հարստացան մէկ այլ պատկերաւոր խօսքով՝ «Հին դէմքի նոր սնգոյր», իսկ հայ գրիչները այս վտանգաւոր բառով սնգուրեցին յօդուածներ։
Կարելի է խաբուիլ բառի սիրուն տեսքէն ու կարծել, թէ սնգոյրը քոյրն է համբոյրի, հրապոյրի եւ զգլխիչ բոյրի։ Ճշմարտութիւնը ընթերցող, «սնգոյր» բառը, չներկեց հայկական քնարական-սիրային քերթուածները, բայց ան լայն գործածութիւն գտաւ քաղաքական-գաղափարային գրականութեան մէջ։ Պատճառը արդեօ՞ք պատմաբան, գրագէտ եւ հրապարակախօս Լէօն էր՝ Առաքել Բաբախանեանը, որ «Գրիգոր Արծրունի» երկասիրութեան մէջ զգուշացուց իր գրչեղբայրներուն, թէ միայն թեւաւոր բանաստեղծութիւն եւ ներբող ստեղծէ գրագէտը, «...այն կը դառնայ գեղեցիկ կանանց նման, որոնց բոլոր սիրունութիւնը… սնգոյրով է»։ Վիպագիր Ռաֆֆին իմաստասիրեց. «Ե՜ղբայր [...] արդարեւ, լուսաւոր կոչուած ազգերի այժմեան քաղաքականութիւնը — այդ մեծ պոռնիկը — իւր կեղծաւոր եւ անոյշ լեզուով, իւր դիմակաւոր դէմքի սնգուրած փայլողութեամբ հրապուրում է քո սէրը, բայց հաւատացնում եմ քեզ բարեկամ, որ նորա այն քաղցրախօս շրթունքների մէջ թաքուցած է մահաբեր թոյնը»։ Աւետիք Իսահակեանը, մեր ազգի ամենէն սեւ օրերուն, հեռացուց թշնամիի կարմիր սնգոյրը եւ ցոյց տուաւ անոր իսկական երեսը. «Գիտեն իրենց վայրագութիւնները շպարել, սնգուրել արիւնարբու աչքերը եւրոպացիին խաբելու համար, նրանք շատ վարպետ են խաբելու մէջ եւ եւրոպացիին էլ լաւ են ճանաչում»։ Իսկ Նիկոլ Աղբալեանը բացատրեց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ բանակի մէջ դասալիք ըլլալ ու զայն հռչակել որպէս՝ առաքինութիւն. «Հնչուն բառերով սնգուրել դաւաճանութեան երեսը եւ վտանգել յեղափոխութիւնն ու ազատութիւնը»։
Խիստ հազուագիւտ են «սնգոյր» բառի քնարական գործածութիւնները։ Անոնցմէ մէկը գրի առաւ Մ. Զգօնը «Վարդեր Քեզ Համար» արձակ բանաստեղծութեան մէջ (1928, Վառնա) ու նկարագրեց իր կեանքը. «Իմ երկինքը վերջալոյսի սնգոյրն է գունատած»։ Իսկ հայ կանանց մէջ Սիպիլն է, որ 16 Սեպտեմբեր 1913 թուականին, Պոլսոյ Բերա վայելուչ թաղամասի մէջ, ուր բոլոր կիները սնգուրուած կը ճեմէին «Grande Rue de Pera»-յի վրայ (Մեծ Պողոտայ) աւարտեց «Մի՚ Ըսէք» բանաստեղծութիւնը, այն միակ քերթուածը, որ պճնուած է «սնգոյր» բառով. «Մի՛ ըսէք ինձ թէ բարութիւնն է կեղծիք, / Թէ ժպիտը կնճիռ մըն է սնգուրուած, / Թէ ոչինչ կայ ազնիւ, ոչինչ գեղեցիկ, / Թէ պատրանք են սէրը, ծաղիկն ու քերթուած»։
Ուրախ եմ, որ որոշեցիք բանալ սնգոյրի տուփը ու դուրս հրաւիրեցիք անոր պարունակած հարստութիւնները։ Յաջորդ յօդուածին պիտի ըլլանք աւելի համարձակ, պիտի բանանք «շիրիմ» բառը – երկիւղածութեամբ - , որ տեսնենք, թէ գրական ի՛նչ հարստութիւններ յաւերժօրէն կը հանգչին անոր գեղաքանդակ մարմարի տակ։