ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Սեն Ռաֆայէլ
Այլեւս բաւական է, շատ երկար տեւեց. ամիսներ ի վեր՝ այսքան տխմար հայհոյանք ու ատելութիւն, մաղձ, թոյն ու գզուըռտոց որ դժուար է հանդուրժել եւ կը յիշեցնէ երկու կատաղած կռուող նոխազին, երբ չեն նկատեր իրենց մօտեցող գայլը, որուն այդ օրուայ կերը կը դառնան։ Տխմարութեան ձանձրանալի անիմաստ վերելքը այնքան զարգացած է, որ անոր հեղինակները չեն հասկնար, կամ չեն նկատեր տիրող կացութեան կարեւորութիւնը։ Երեք նշանաւոր կապիկի վիճակին են թերեւս, որ չեն լսեր, տեսներ եւ մարդավայել արտայայտուիլ։ Իւրաքանչիւրը իր էշը կը քշէ, երբ երեկ պաշտօնական ելոյթով Ալիեւը յայտարարեց դէպի Նախիջեւան՝ հաղորդակցութեան նոր միջանցքը պիտի կառուցեն իրենց պատմական Սիւնիքի տարածքով։
Որքան մեզ խելացի համարենք այնքա՜ն տխմար քայլեր ըրած ենք, որ անդառնալի հետեւանքներ ունեցած են։
Շատ հեռու չգնալու համար յիշենք ազգային հերոս Վազգէն Սարգսեանի յամառութիւնը Ռոպերտ Քոչարեանին եւ Սերժ Սարգիսեանին Արցախէն բերելը, որ դարձան ազգային չարիք, երկու տասնամեակ անդադար երկիրը դէպի անդունդ գլորեցին՝ ստեղծելով իրենց իմացականութեան յարմար ու համապատասխան աւազակաբարոյ համակարգ։ Ի վերջոյ՝ այսօր հրապարակ հանեցին իրենց նմանուող նոր մի չարիք՝ Վազգէն Մանուկեան անունով։ Իրմէ ազատուիլը շատ դժուար պիտի ըլլայ, քանզի ինքը եւս չի գիտակցիր, որ արդի պայմաններուն այլ են երկրի պահանջները։ Ինք խամաճիկի դերակատար է, քանզի որեւէ ծրագիր չունի եւ կարող չէ քաղաքական ճանապարհով հանգուցալուծում գտնել տիրող խառն ու շփոթ վիճակին։ Բարձրաձայն կ՚աղաղակէ ուժային մեթոդներով յեղաշրջում ընել, համարելով որ խորհրդարանը չի ներկայացներ ամբողջ ժողովուրդը։ Կը մոռնայ թէ վերջին ոչ կեղծուած ընտրութիւններուն իր կողքին եղած17+ի ոչ մէկ «ազգի փրկիչ» մէկ կամ երկու տոկոսէն աւել քուէ չունեցաւ։ Ժողովուրդը անոնց արդէն վաղուց քաղաքական աղբանոց նետած է։
Ձանձրալի, նոյնիսկ նողկալի է, որ փողոցի վրաններուն տակ գիշերող խեղկատակները չեն գիտեր, որ խաղալիք դարձած են նախկին աւազակապետերու եւ ռեւանշի երազանքով տառապողներու ձեռքին։ Ոչ ոք հարց չիտար թէ ցուցարարներու վճարումները, վրաններու եւ այլ ծախսերը ո՞վ կը հոգայ։ Նշենք թէ քաօսի մասնակիցները ոչ միայն գաղափարով այլեւ նիւթապէս սնանկ են։ Այս շփոթի պայմաններուն օրեր առաջ, Ռոբը յայտարարեց թէ ետ գալու եւ երկիրը ղեկավարելու պատրաստ է։ Արդի բարդ ու քաօսային խնդիրները լուծելու միակ մարդը ինքն է։ Աւելին՝ ան կարողացած է, եռակողմ յարձակման ճակատ ստեղծել իր զինակից պաշտօնեաներուն համախմբելով ի դէմս ամենայն հայոցին իր արբանեակներով, երկրի նախագահին եւ վերջերս մէջտեղ հանելով բանակի զօրավարներուն։ Մինչդեռ այս երեքը պարտաւոր են ըստ պաշտօնի եւ տրամաբանութեան՝ ոչ միայն առնուազն չէզոք մնալ, այլ նաեւ սատարել իշխանութեան ի հեճուկս, բոլոր տեսակի դաւադիրներուն՝ փոխանակ անոնց քաջալերելու։ Կը կարծեմ ժամանակն է եւ երեւոյթները բաւարար հասունացած են, որ իշխանութիւնը մտնէ իր շապիկի մէջ։ Սթափուի եւ կատարեալ զգօնութեամբ վերլուծէ պատերազմի պատճառները եւ փնտռէ ստեղծուած գորշ վիճակէն ելնելու միջոցները։ Անոր հիմնական նշանակէտը
տնտեսութեան եւ բանակի վերակառուցումն է, որ պէտք եղած վստահութիւնն եւ հոգեբանական հանդարտութիւնը կը բերէ, բաւական ձանձրացած ու ծայրաստիճան հիասթափ հասարակութեան։ Փողոցը մնացած է ոճրադաւ արկածախնդիրներուն։ Անոնցմէ ձերբազատուելու միջոցները պարզ չեն։ Երեւոյթը կը յիշեցնէ իմաստունի այն խօսքը, թէ «Տիեզերքը եւ մարդկային տխմարութիւնը սահման չունին»։