ՏԻԱՆԱ ԵԱՅԼՈՅԵԱՆ
10Նոյեմբերի գիշերուայ ժամերուն ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսիոյ Դաշնութեան Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ստորագրեց եռակողմ յայտարարութիւն մը, որ պայմանաւորուած էր Հայաստանի պարտութեամբ եւ Ատրպէյճանի յաղթանակով։ Այդ օրէն ի վեր անցած են չորս ամիսներ, ուր Հայաստան մատնուած է ներքաղաքական ճգնաժամի։ Ընդդիմադիրներ՝ որոնք ընդհանրապէս կը ներկայացնեն նախորդ իշխանութիւններու պաշտօնազուրկ մնացած կազմերը, ստորագրուած պայմանագիրը յարմար առիթ համարեցին գործող իշխանութեան յարձակելու համար։ Կը յիշենք կառավարութեան շէնքի թալանումին, Խորհրդարանի Նախագահի դէմ յարձակումի տխուր պատկերները։
Փաշինեան այդ նոյն օր խօսք ուղղեց հասարակութեան եւ նշեց թէ այդ տխուր պայմանագիրը ստորագրած է բանակէն հնչած ահազանգի հետեւանքով։ Փաշինեան նաեւ աւելցուց թէ ինք, կինը եւ որդին ռազմաճակատն էին, իսկ այսօր փողոց թափածներէն ոչ մէկը կար հոն։
Գաղտնի բանակցութիւններ
Մինչեւ Թաւշեայ Յեղափոխութիւն Արցախի հարցի կարգաւորման համար կատարուած բանակցութիւնները կը մնային շատ սեղմ շրջանակի մը մէջ։ Փաշինեան՝ որ խոստացած էր քաղաքականութեան մէջ թափանցիկութիւն, չէր կրցած կատարել իր խոստումը եւ ինք եւս շարունակած էր դիւանագիտական յարաբերութիւններու մէջ գաղտնապահութիւնը։ Մեծ յոյսերով վարչապետի աթոռին եկած Փաշինեանի պատճառած հիասթափութիւններէն մէկն ալ իր աշխատակազմի անփորձ եւ հետզհետէ նոյնիսկ անգիտակից գտնուելն էր։
Պառակտման օրերու մի այլ տխուր հետեւանքը եղաւ հասարակական կազմակերպութիւններու դէմ հալածանքը։
Այդ օրերուն շրջող քարոզչութիւնով ոչ պետական կազմակերպութիւնները թիրախ ցոյց տրուեցան իբրեւ դաւաճաններ։ Անոնց դէմ ուղղուած հալածանքի կարեւորագոյն մեղադրանքն էր «Սորոսի փողերով ազգի կործանման պատճառ դառնալ»։
Այս բոլորով հանդերձ ժողովուրդը հիասթափած ալ ըլլայ Փաշինեանը պիտի նախընտրէ նախորդներուն։ Ընդդիմադիրները կը խօսէին կնքուած համաձայնագիրը չեղեալ համարելու մասին։ Սակայն Փութինի այս մասին վճռակամ ելոյթը ապարդիւն թողուց այդ խոստումները։
Այժմ հասարակութիւնը կարելի է դիտել երկու հատուածի մէջ։ Առաջին հատուածը չի համակերպիր զինուորական պարտութեան եւ կը պահանջէ Վարչապետի հրաժարումը։ Իսկ երկրորդ զանգուածը գիտակցելով հանդերձ պատերազմի նախորդող եւ յաջորդող ժամանակներու սխալներուն, երբեք հանդուրժողութիւն չունի նախկիններուն վերադարձին։
25 Փետրուարին այս անգամ երկրի քաղաքական բեւեռացումին մէջ կողմ եղաւ նաեւ բանակը, Զինեալ Ուժերու Գերագոյն Շտապի կողմէ 40 սպաներու ստորագրութեամբ հրապարակուած յայտարարութիւնով։ Բանակը կը պահանջէր Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարումը։ Իսկ Փաշինեան զինուրական յեղափոխութեան փորձ համարեց կատարուածը եւ իրեն զօրակցողները փողոց կանչեց։ Ստորագրեց նաեւ Սպայակոյտի Նախագահ Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկման մասին որոշումը։ Սակայն այդ որոշումը մերժուեցաւ Նախագահ Արմէն Սարգիսեանի կողմէ։
Մինչ այդ զանազան երկիրներ եւս դատապարտեցին բանակի միջամտութիւնը, պահանջելով որ քաղաքական ճգնաժամը իր լուծումը գտնէ քաղաքական միջոցներով։