Մարտի առաջին եւ երկրորդ օրերուն Նախագահ Էրտողան ունեցաւ երկու յայտարարութիւններ, առաջինը համավարակի կանխամիջոցներու համեմատական թուլացման, իսկ երկրորդը արդարադատական համակարգէ ներս բարեփոխումներու վերաբերեալ։
Արդէն միջոցէ մը ի վեր գործի զանազան շրջանակներ ահազանգ կը հնչեցնէին տնտեսական ճգնաժամի մը մասին։ Արդարեւ յատկապէս ճաշարաններու խնդիրով շատ լուրջ զրկանքներ պարտադրուած էին այդ ոլորտի գործատէրերուն եւ ինքնաբերաբար աշխատողներուն։ Անոնք անհամբերութեամբ կը սպասէին իրենց աշխատանքէ ներս որոշ թուլացումներ, բայց եւ այնպէս չեն գտած իրենց ակնկալածը։ Նախագահի յայտարարութեամբ Թուրքիոյ քաղաքները պիտի բաժանուին վարակման դէպքերու համեմատութեամ համաձայն, շատ վտանգաւոր, վտանգաւոր, միջակ վտանգաւոր եւ նուազ վտանգաւոր յատկանիշներով։
Նուազ վտանգաւոր քաղաքներու մէջ կեանքը տակաւ պիտի շարունակուի որոշ կանխամիջոցներու հնազանդելով, որոնք են դիմակի պահպանումը, բազմութենէ խուսափիլը եւ նման երեւոյթներ։ Իսկ միջին եւ վտանգաւոր քաղաքներու մէջ ժամերու սահմանափակումով թոյլտուութիւն ստացան ճաշարանները նոյնպէս իրենց տարողութեան կէսին չափ յաճախորդ ընդունելու պայմանով։ Այստեղ դժգոհութիւնը կը գոյանար ժամանակի սահմանափակումէն՝ քանի որ ճաշարանները իրենց ծառայութիւնը աւարտած պիտի ըլլային մինչեւ երեկոյեան 19.00։
2 Մարտի յայտարարութիւններու առանցքը կը կազմէին Արդարադատական համակարգէ ներս բարեփոխումներու խոստումը։ Նշենք որ այդ խոստումները բնաւ համոզիչ չէին թուէր երբ կ՚արտասանուէին երկրի իշխանութեան ամբողջ 19 տարիներուն վրայ իր դրոշմը դրած քաղաքական գործիչի մը բերնէն։ Ընդդիմադիր շրջանակները վերապահութեամբ դիմաւորեցին բարեփոխումներու ցուցակը եւ յայտնեցին թէ այժմ խոստացուածները նախապէս ի զօրու եղող եւ Էրտողանի իշխանութեան շրջանին վերացուած սկզբունքներ են։