Պատրիարքարանի մատենաշարէն լոյս տեսաւ Պէշիկթաշ թաղի պատմական անցեալը ներկայացնող ուսումնասիրութիւն մը՝ «Պէշիկթաշի Յուշամատեան» խորագիրով։ Այդ կարեւոր աշխատասիրութեան հեղինակն է Տէր Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեանը, որ նախապէս ալ նման բնոյթով հատոր մը հրատարակած էր նիւթ ունենալով Գատըգիւղ թաղամասը։
Նոր հրատարակութեան առթիւ Տէր Գրիգոր Քահանայ իր հետ ունենալով Պէշիկթաշի թաղական Խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, այցելեց Պատրիարքարան եւ հրատարակութեան առաջին օրինակը նուիրեց Սահակ Բ. Պատրիարք սրբազանին։
Պատրիարք Հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տէր Հօր մասին, որուն յուշամատեանի աշխատութիւններուն օղակ մը եւս կ՚աւելնար այս շքեղ գիրքով։ Պատրիարք Հայրը, դրուատեց նաեւ Պէշիկթաշի Եկեղեցին, հանդերձ իր մեծ ընտանիքով ու մաղթեց որ իրենց գործունէութիւնը մնայ պայծառ։
Պատրիարք Հայրը, թելադրեց նաեւ որ այս գիրքը ծանօթացուի շնորհահանդէսով մը։ Այցելուներ յայտնեցին, որ արդէն իսկ այս ուղղութեամբ յանձնախումբ մը գործի լծուած է, առաջնորդութեամբ՝ Հայր Սուրբին, որ Ս. Զատկի յաջորդող օրերուն կը նախատեսէ գիրքը ծանօթացնել, Պատրիարք Սրբազան Հօր բարձր հովանաւորութեամբ։