Կիլիկիոյ շրջանին մէջ գոյութիւնը մինչեւ օրս պահած միակ հայկական գաւառը հանդիսացող Վաքըֆլը գիւղ կը շարունակէ իր յաջողութիւններու շղթային նոր օղակներ աւելցնել։
Այսպէս Վաքըֆլը գիւղի յատկութիւնները նկատուած են հեռաւոր այլ գաւառէ մը, ուր «Կենդանի Քաղաքներու Հարթակ» անուն հասարակական կազմակերպութիւնը ամէն տարի կը նշէ բնակավայր մը, իբրեւ «Տարուայ գիւղը»։
Այս մասին յատուկ տուուչութեան հանդէս մը տեղի ունեցած է Արտահանի կուսակալութեան երդիկին տակ, որուն ներկայ գտնուած են «Սերհատի Զարգացման Աժանս»ը, Արտահանի Համալսարանը, Արտահանի Առեւտուրի եւ Արտադրութեան Կազմակերպութիւնը, Չըլտըրի գաւառապետը եւ քաղաքապետը։
Սամանտաղի հայ համայնքի պետ Ճեմ Չափար կը յայտնէ թէ այս մրցանակին արժանանալով հպարտացած են։ Նման մրցանակի տուուչութեան սատարողներ Անտիոքի երեսփոխան Հիւսէյին Եայման, Անտիոքի կուսակալ Ռահմի Տողան, «Տողաքա» հասարակական կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Օնուր Եըլտըզ եւ Լորա Չափարի յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով ընդգծեց անոնց աջակցութիւնը։