ԼԻԼԻԹ ՀԱՆՉԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Զրոյց սփիւռքահայ մտաւորական Իշխան Չիֆթճեանի հետ
-Յարգելի պարոն Չիֆթճեան, իբրեւ լեզուաբան, հայագէտ, ինչպէ՞ս կը բնութագրէիք հայերէնը։ Աւելին՝ իբրեւ ազգ՝ ինչո՞ւ ենք այսչափ անտարբեր մեր լեզուի նկատմամբ։
-Լեզուաբան չեմ, սակայն հայագիտական բնագաւառներու մէջ ուսումնասիրական աշխատանք կատարած ըլլալով հայերէնին մասին կրնամ հաստատումներ կատարել. «Լեզուն բնութագրելը» իմ գլխէս վեր աշխատանք է։ Ինծի համար հայերէնին ամենահետաքրքրական յատկանիշը իր ճկունութիւնն է, եւ ատիկա կու գայ այլազան լեզուներու միջեւ գտնուողի անոր կացութենէն, ինչ որ նաեւ մեր ժողովուրդին ճակատագիրը եղած է բնականաբար։ Անոր ներկայիս կը պակսին արդիականացում, մասնագիտական եզրեր, նորաբանութիւններ եւ այլն։
Այո, մենք շատ անտարբեր ենք մեր լեզուին նկատմամբ։ Կը խորհիմ, որ զայն պարզապէս չենք զգար ու չենք սիրեր։ Լեզուին գովքն ու ջատագովութիւնը, անոր մասին երգն ու երազը սիրոյ սահմաններուն չեն հասած մեր պարագային։ Եթէ հասած ըլլային՝ այսօր աշխարհի մէջ զայն գործածող կամ անով հետաքրքրուող մեծ թուով հայրենակիցներ կ՚ունենայինք։ Ասիկա կը վերաբերի մեր հաւաքական կեցուածքին։ Անհատ սիրահարներ միշտ ալ կան անշուշտ։ Այս կեցուածքին պատճառը այն է, որ լեզուն զգալու եւ սիրելու միջոցները կը պակսին մեզի։ Ընթերցումի, ունկնդրութեան, լեզուամարզանքի յատուկ ժամեր տան, դպրոցին, ակումբին, պարտէզին, փողոցին, հանրակառքին մէջ եւ այլուր կրնային միջոցներ ըլլալ այդ սէրը ծաղկեցնելու։ Ասոնք չկան, ուրեմն անտարբերութիւնը բնական կեցուածք կը դառնայ։ Ի՞նչ կայ զարմանալիք։
-Ըստ ձեզ՝ այսօր Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ի՞նչ վերաբերմունք կայ Մայրենի լեզուի հանդէպ։
-Ես կը խորհիմ որ լեզուին հանդէպ լուրջ վերաբերմունք չկայ։ Լեզուն մաս չի կազմեր հետեւողական, զարգացում ապահովող մարտավարական ծրագրի։ Թափուած կամ մսխուած «ճիգեր»ը, եթէ ուզենք անպայման խօսիլ անոնց մասին, չեն անցնիր մակերեսայինէն անդին։ Այս հաստատումներս կը վերաբերին թէ՚ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի։ Հայաստանի մէջ պետական հովանաւորութիւնը շատ զգալի չէ, ոչ միայն մայրենիին, այլեւ՝ ընդհանրապէս լեզուներու նկատմամբ։ Խրախուսիչ երեւոյթ է «Լեզուի Կոմիտէ»ի գոյութիւնը. որքա՞ն կը տեւէ անոր կեանքը եւ ի՞նչ ազդեցութիւն կ՚ունենայ՝ այլ հարցեր են։ Մենք արդիւնքով զբաղող ժողովուրդ մը չենք։ Միայն աշխատանքին սկիզբը կը յայտարարենք։ «Հաշուեյարդար» բառը լոկ բառարաններուն մէջ կրնաք գտնել։ Անկախութեան երեք տասնամեակը արհամարհելի ժամանակ չէ լեզուներ բերելու հայրենիք մը, որ ունի բազմալեզու սփիւռք։ Հայրենադարձներու քանի՞ տոկոսը բերած լեզուն որեւէ ձեւով բանի մը կրնայ ծառայեցնել։ Համապատասխան հիմնարկութիւններ կա՞ն, որ օգտուին այդ լեզուներէն։ Ներկայի յետպատերազմեան հոգերը անշուշտ լեռնակուտակ են, բայց ասկէ առաջ ալ, ամենափայլուն օրերուն, եթէ եղած են անանկ օրեր, լեզուն առարկայ չէ դարձած հոգածութեան։ Հայերէնին քիչ-շատ ծանօթ որեւէ անձի համար յստակ է, որ հայրենի մամուլին, առօրեային ու խորհրդարանին մէջ գործածուող լեզուն անփառունակ է։ Խորհրդարանին մէջ թրքերէն «ամակ»ը լսելու փոխարէն կարելի չէ՞ «վաստակ»ը լսել։ Դեռ չեմ յիշեր ամէն տեղ կրկնուող «նամուս-թասիպ»ը։ Թէ՞ փողոցի լեզուն խորհրդարան փոխադրելով արդիական կը դառնանք։
Գալով սփիւռքին, այստեղ լեզուն կ՚ապրի դպրոցին ու մամուլին միջոցաւ յատկապէս։ Այստեղ ալ վիճակը փայլուն ըլլալէ շատ հեռու է եւ շատ աւելի է քան անմխիթար։ Հայաստան ալ, սփիւռք ալ, խնամքի բացակայութիւնն է պատճառը այս կացութեան։ Սփիւռքի պարագային խմբակային աշխատանքները կրնան արդիւնաւէտ աշխատանք կատարել, երբ արդիւնքը յստակ ըլլայ, երբ հայերէն գրող կամ կարդացող աւելնայ։ Համացանցի վրայ աջէն ձախ նիւթ տեղափոխելը, հաւանում (like) կամ բթամատ հաւաքելը կացութիւն չեն կրնար փոխել։ Անհեռանկար զբաղումը զարգացում չի կրնար յառաջացնել։
-Սփիւռքում հայերէնի ուսուցման հիմնական բեռն ասես վարժարանի ուսուցչի ուսերին է, քանի որ տարեցտարի հայկական ընտանիքներում հայոց լեզուն առօրեայում չի ապրում, հայի զաւակը տանը հայերէն չի լսում, չի խօսում (անշուշտ կան բացառութիւններ)։ Ովքե՞ր պէտք է օգնեն այդ ուսուցիչներին, ինչպէ՞ս պէտք է նպաստել լեզուի ուսուցմանը այսօրինակ պայմաններում. չէ՞ որ մի ձեռքը ծափ չի տայ, այն էլ սահմանափակ ժամանակահատուածում։
-Շատ ճիշդ նկատած էք, որ ուսուցիչները օժանդակութեան պէտք ունին։ Կարգ մը գաղութներու մէջ «Ուսումնական Խորհուրդ» կոչուած յանձնախումբեր կան, որոնց պարտականութիւններէն մէկն է նաեւ, կը կարծեմ, հայերէնի ուսուցման բարելաւման աշխատանքը. դասագիրքերու, ուսուցման ձեւի, ուսուցչաց որակաւորման եւ նման հարցեր իրարու կապուած են։ Աս հարցերուն հոգը վերցնող անհատներ ու միութիւններ կամ կան, բայց լաւ չեն աշխատիր, կամ ալ չկան ընդհանրապէս։ Այսպէս թէ այնպէս՝ հարցերը լուրջի չեն առնուած։ Մեր հայերէնի ուսուցիչներն ալ, մեծաւ մասամբ, յարգելով միշտ սակաւաթիւ բացառութիւնները, տգէտ ու պատահական անձեր են, ասոր կամ անոր բարեկամն ու ազգականը, որոնք եկամուտ ապահովելու համար ուսուցիչ դարձած են։ Այդպիսի անկարող մարդոց եկամուտ ստանալուն պատճառով մենք սերունդներ կը կորսնցնենք։ Նոյնը կարելի է ըսել թերթերու խմբագիրներուն ու աշխատակիցներուն համար, յարգելով, դարձեալ, առաւե՛լ սակաւաթիւ բացառութիւնները։ Այս անլրջութեան արդիւնքն է կաղացող հայերէնը՝ բանիւ եւ գրով, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ։ Մենք մեր Հայերէն Blogի (https://hayerenblog.wordpress.com/) շրջանակին մէջ ունինք բանիմաց ուսուցչուհիներ, որոնց հետ գործակցելով կը փորձենք հայերէնը դասապահու սահմաններէն դուրս բերել։ Դպրոցէն դուրս կեանք ունենալու կոչուած է հայերէնը։
-Զարմանալի աշխարհում ենք ապրում, եթէ ստեղծածդ կօշիկ կամ ադամանդէ զարդ չէ, այլ՝ գիր, բանաստեղծութիւն, խօսք, մարդիկ արժէք չեն տալիս։ Մասնաւորապէս սփիւռքի դէպքում՝ համայնքային կազմակերպութիւնները կամ բարեգործական հիմնադրամները բաւարար ներդրումներ կատարո՞ւմ են, որ արեւմտահայերէնը ապրի։
-Մենք ցուցադրութիւնը սիրող ժողովուրդ ենք։ Ինչ որ երեւելի, շօշափելի, փայլուն է՝ մեզ կը գրաւէ։ Արտաքինին փայլքը առանց երբեք նսեմացնելու կ՚ուզեմ ընդունիլ, որ կան նաեւ նոյնքան լուսաւոր կէտեր, որոնք աներեւոյթ են։ Օրինակ մը տամ. կը յիշեմ Կիպրոսի Մելքոնեանին փակման առթիւ արտայայտուած կարծիք մը. «դպրոցը եկամտաբեր հաստատութիւն չէ»։ Հարկաւ, եթէ եկամուտը միայն դրամն է՝ չէ՛։ Բայց եթէ «եկամուտ»դ հայերէնախօս պատանին, վաղուան հայն է, որ իր պատմութեան ու լեզուին մասին նախագիտելիքը դպրոցէն պիտի ստանայ, ուրեմն դպրոցն ալ եկամտաբեր հաստատութիւն է։ Դժուար է հասկնալ, թէ այսպէս մտածող ու գործող մարդիկ ինչպէ՞ս կրնան մեր ազգային կեանքին մէջ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնել։ Եղեռնին թուրքը մեզ ու մեր հաստատութիւնները ոչնչացուց, ու հիմա այս տիպարները մեր հաստատութիւնները կը լլկեն։ Մէկը միւսին գործը չի՞ շարունակեր։
Սփիւռքի մէջ թերեւս տասնամեակ մըն է, որ արեւմտահայերէնի մասին թմբուկ կը զարնուի։ Այս «թմբուկ»ը բազմիմաստ է. կը ներառէ խորհրդակցութիւն ու յանձնախումբ, գիտաժողով ու հրատարակութիւն, դրամաշնորհ ու մրցանակ։ Վստահ եմ, որ այս ձեռնարկութիւններուն մէկ մասը մեզի օգտակար պաշար կը տրամադրէ, օրինակ՝ թուայնացուած բառարաններ, հատորներ, օգտագործելի աղբիւրներ եւ այլն։ Կան նաեւ յումպէտս մսխուած տարածքներ, օրինակ՝ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան, որ կրնար խզբզանքի դաշտ ըլլալէ շատոնց դադրիլ կամ արեւելահայերէնէ սխալ թարգմանութեանց հանդիսարան չըլլալ։ Երեւակայեցէ՛ք, որ սփիւռքի մամուլը, առանց այդտեղի տարրական սխալները սրբագրելու, իմա՝ առանց իսկ կարդալու, հոնկէ նիւթեր կ՚արտատպէ, հայաստանցի ուսանողներ անոր «արեւմտահայերէն»ով ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն...։
Արեւմտահայերէնի ապրիլն ու վերապրիլը դրամական ներդրումներէն եւ վաճառականական ճամարտակութիւններէն շատ աւելի առաջ հեռանկար ունեցող, ճիւղ արձակող, կրթանքի սէր արթնցնող մթնոլորտ ստեղծելուն մէջ կը կայանայ։ Այդ մթնոլորտը համացանցն ալ մեզի կրնայ տալ, եթէ մենք օժտուած ենք մեր համոզումը թարգմանելու, ճշմարտելու կարողութեամբ եւ բերք ներկայացնելու շնորհքով։
-Դուք «Հայերէն blog»-ում աշխարհի 4 ծագերից հարիւրաւոր երիտասարդների էք համախմբել արեւմտահայերենի շուրջ եւ փաստացի ցոյց էք տալիս, որ լեզուի ուսուցումը պէտք է պարզապէս սկսել լեզուն գործածելուց, այդպէս չէ՞։ Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան ընդառաջ՝ Հայաստանի եւ աշխարհասփյուռ հայ երիտասարդներին ի՞նչ կարեւոր հաղորդագրութիւն կը փոխանցէիք։
-Այո՛, այդպէս է. ի գործ ածել, գործի բերել լեզուն իր բոլոր՝ կարելի ու անկարելի ձեւերով ու մակարդակներով՝ գրական, խօսակցական, փողոցային, բարբառային։ Եւ գործը աշխատանք է, ճիգ ու ջանք, նեղութիւն եւ տքնութիւն, խմբագիր-աշխատակից խորհրդակցութիւն ու քննարկում. ոչ՝ խեղկատակ զբաղում, ինչ որ կրնաք գտնել համացանցի վրայ քիչ մը ամէն տեղ։ Մեր էջին վրայ պիտի գտնէք տարբեր խմորումներու, տարբեր տարիքի աշխատակիցներու հայերէնը։ Առօրեայ դրութեամբ նորութիւն ունինք, որ, ինչպէս յաճախ կը շեշտեմ, սարէն-ձորէն չենք հաւաքած, մեր ածուին մէջ կ՚աճին։
«Կարեւոր» ըսելիքս հետեւեալն է. ան որ մանանեխի հատիկին չափ փափաք ունի հայերէն գրելու, ինչ տարիքի ու հետաքրքրութեան ալ տէր ըլլայ, կրնայ մեզի դիմել, մեր դիմատետրի էջին միջոցաւ, ամէն օր։