ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԼԱԶՈՒԱՐԹ

– Ճիշդ է, աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւնս կա­­րելի է գոյ­­նե­­­րու նո­­ւիրո­­ւած առա­­ջին հա­­յերէն գի­­տական աշ­­խա­­­տան­­քը նկա­­տել։

– Եւ շատ ճա­­շակա­­ւոր աշ­­խատնաք պա­­րոն Պա­­պէսեան։ Կը տես­­նեմ, թէ ինչպէս ամէն գի­­տական հրա­­տարա­­կու­­թիւն, նոյնպէս ալ ձեր «գու­­նա­­­խօսու­­թիւնը» կը սկսի «գոյն» բա­­ռի սահ­­մա­­­նու­­մով։

– Այո, նա­­խաբա­­նի մէջ նե­­րառե­­ցի հե­­տեւեալ սահ­­մա­­­նու­­մը. «Գոյ­­նը աչ­­քի վրայ ար­­տադրո­­ւած մաս­­նա­­­ւոր տպա­­ւորու­­թիւնն է, զոր դէ­­պի մար­­միններ լու­­սա­­­ւոր ճա­­ռագայթնե­­րու ցո­­լացու­­մէն յա­­ռաջ կու գայ»։

1909-ին Մար­­զո­­­ւան քա­­ղաքի «Ներ­­սօ եւ Սրա­­պեան» տպա­­րանէն լոյս տե­­սաւ բնա­­կան գի­­տու­­թիւննե­­րու ու­­սուցիչ Յով­­հաննէս Պա­­պէսեանի «Եօթը Գոյ­­ներ»գիր­­քը։ Աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւնը նո­­ւիրո­­ւած է գոյ­­նե­­­րու ծագ­­ման, դա­­սաւոր­­ման, ինչպէս նաեւ՝ անոնց անո­­ւանա­­կոչու­­մին։ Պա­­պէսեանին կը հան­­դի­­­պիմ Սիմ-Հա­­ճի գիւ­­ղի իր աշ­­խա­­­տասե­­նեակին մէջ։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կա­­տարածս մտա­­ւոր, կամ՝ երե­­ւակա­­յական ճա­­նապար­­հորդու­­թիւն մըն է։ Հա­­ճելի է նոյ­­նիսկ Պա­­պէսեանի նման հե­­ղինա­­կաւոր անձնա­­ւորու­­թեան մը հետ գոյ­­նե­­­րու եւ մա­­նաւանդ անոնցմէ ամե­­նէն ար­­քա­­­յակա­­նին՝ լա­­զու­­րա­­­թի մա­­սին զրու­­ցե­­­լու գա­­ղափա­­րը։

Իր գրա­­սեղա­­նին վրայ Պա­­պէսեանը ու­­նի գի­­տական գոր­­ծիքներ, օպ­­սի­­­տիանի, տու­­ֆի եւ այլ քա­­րերու մանր բե­­կոր­­ներ, նա­­մակ­­նե­­­րու պա­­հարան­­ներ, կաթ­­նուկի նո­­րաբող­­բոջ տե­­րեւ­­նե­­­րու փունջ մը եւ Ամա­­սիոյ «Ապա­­ռաժ» ամ­­սա­­­թեր­­թի նոր թի­­ւը, որ նոյնպէս տպո­­ւած է Ներ­­սօ-Սրա­­պեան տպա­­րանի մէջ։ Ամե­­նէն ու­­շագրա­­ւը, սա­­կայն, Պա­­պէսեանի հա­­րուստ գրա­­դարանն է, ուր քիչ չեն նաեւ բնա­­գիտու­­թեան նո­ւիրուած եւ­­րոպական գոր­­ծեր։

– Կը շնոր­­հա­­­ւորեմ պա­­րոն Պա­­պէսեան, յա­­ջողած էք ձեր գիր­­քին գու­­նա­­­տիպ հրա­­տարա­­կու­­թեան մը տես­­քը տալ։

– Իւ­­րա­­­քան­­չիւր գոյ­­նի հա­­մար փոքր տու­­փիկ մը գծագ­­րե­­­ցինք ապա զա­­նոնք մէկ-մէկ ձեռ­­քով ներ­կե­ցինք, նե­րառեալ՝ ոս­կե­գոյ­նը եւ ար­ծա­թագոյ­նը։

– Գե­ղեցիկ է տես­նել, թէ վեր­ջին էջի վրայ նոյ­նիսկ առա­ջար­կած էք գոյ­նե­րու հա­յեցի անո­ւանա­կոչումներ։

– Բա­ռացանկ մը անհրա­ժեշտ էր...։ Կան գոյ­ներ, որոնք բոյ­սի, ծա­ղիկի, պտու­ղի կամ մե­տաղի մը անու­նով կը կո­չենք, ինչպէս՝ զմրուխտա­գոյն, արե­նագոյն, կե­ռասա­գոյն, երկնա­գոյն, սա­թագոյն, ծի­րանա­գոյն, պղնձա­գոյն եւ այլն։

– Եւ կայ անոնց ազ­նո­ւագոյ­նը՝ լա­զուար­թը։

– Այո, ամէ­նէն ար­քունա­վայե­լը, ան, որ կը զար­դա­րէ փա­րաւոն Թու­թանխա­մու­նի եւ թա­գու­հի Կղէոպատ­րա­յի կո­պերը։ Լա­զուար­թը ակ­նա­ծան­քով կը գոր­ծա­ծէին Վե­րած­նունդի մե­ծագոյն գե­ղան­կա­րիչ­նե­րը, զայն վե­րապա­հած ըլ­լա­լով նկա­րի կեդ­րո­նական տի­պարի՝ մաս­նա­ւորա­պէս Մա­րիամ Աս­տո­ւածած­նի, ինչպէս նաեւ հրեշ­տակնե­րու տա­րազ­նե­րը գու­նա­ւորե­լու հա­մար։

– Իսկ հայ­կա­կան մա­տենագ­րութիւ­նը կը յի­շէ, թէ «լա­զուարթ» բա­ռի հին ձե­ւերն էին լա­ժուարդ, լա­զուրդ, լա­ջուարդ, լաճ­վարտ եւ լա­ճուարդ։ Ըստ ստու­գա­բանու­թեան - եւ հան­գա­բանու­թեան -, անոր աղ­բիւրն է գո­ճազմ քա­րի «Սա­րէ Սանկ» կո­չուած հան­քը։ Այդ հան­քը կը գտնո­ւի Աֆ­ղա­նիս­տա­նի Բա­դախ­շան նա­հան­գին մէջ։ Մեր բա­ռը պարսկե­րէնէ փո­խառու­թիւն է, բու­նը՝ lazvard, թէ՛ հան­քա­վայ­րը եւ թէ՝ գո­ճազմ քա­րը։ Այս երկնա­գոյն թան­կա­գին քա­րը իր անու­նի հետ տա­րածո­ւեցաւ ու դար­ձաւ հա­մաշ­խարհա­յին։ Հնդկաս­տա­նի մէջ՝ lajavarta, rajavarta, արաբ­նե­րու հա­մար քա­րը՝ lajvard կամ lazvard, գոյ­նը՝ lajvardi, ստո­րին լա­տինե­րէնի մէջ քա­րը՝ lazurum, lazurius կամ lazur, իսկ գոյ­նը՝ azurrum, azura, բիւ­զանդա­կան յու­նա­րէնը λαζούριον- լա­զու­րիոն, Իտա­լիոյ մէջ քա­րը՝ lapislazzolo, գոյ­նը azurro, չե­խերէն եւ լե­հերէն lazur, վրա­ցերէն ლაჟვარდი- lažvardi, կամ՝ ლაჟვარდოვანი- lažvardovani, ռու­մա­ներէն եւ ֆրան­սե­րէն՝ azur։

- Եւ ան­շուշտ, Ֆրան­սա­յի Cote d՛Azur յայտնի ծո­վափը...։ Գո­ճազմ քա­րը ու­նի խո­րունկ կա­պոյտ երանգ, ոս­կե­գոյն աչ­քա­ռու բի­ծեր եւ սպի­տակ մանր երակ­ներ։ Ան առա­ջին քա­րերէն է, որ գոր­ծա­ծուած է ար­քունի ոս­կերչու­թեան մէջ։ Մար­դիկ նոյ­նիսկ հա­ւատա­ցեր են, թէ անի­կա ու­նի «խորհրդա­ւոր ու­ժեր»։ Ուշ միջ­նա­դարու եւ­րո­պացի գե­ղան­կա­րիչ­նե­րը զայն աղա­լով յա­ջողե­ցան ձեռք բե­րել խիստ հա­զուա­գիւտ «ultramarine» ներ­կա­փոշին։ Մենք զայն կրնանք անո­ւանել՝ «անդրծո­վեայ»։

- Լա­զուար­թը ներշնչեց նաեւ հայ բա­նաս­տեղծը... «Կը շար­ժին սէր­վիք (նո­ճի ծա­ռը) լա­զուարդ երկնից մէջ կանգնած»։ Տի­րան Չրա­քեանի «Նո­ճաս­տան» գիր­քին մէջ կը հնչեն այս խօս­քե­րը։

- Պո­լիսէն պա­տուի­րեցի այդ երի­տասարդ տա­ղան­դի նո­րատիպ ժո­ղոուա­ծուն։ Շու­տով կը հաս­նի ու կը հարստաց­նէ գրա­դարանս։

- Հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան խո­րու­թիւննե­րու մէջ պա­րոն Պա­պէսեան, մեր աչ­քե­րը կը շա­րու­նա­կեն շլաց­նեն լա­զուար­թին փայ­լը ու­նե­ցող խօս­քեր. «Ան­յայտ ծո­վերի լա­զուարթ ափե­րում / Լու­սե­ղէն մի բախտ միշտ կան­չում է ին­ձե, Աւե­տիք Իսա­հակեան, «Սե­նեակս [...] նո­ճինե­րու, սե­ւամած ան­տառնե­րու ու անոնցմէ ան­դին լա­զուարթ ծո­վուն եւ նե­ղու­ցի մը կ՛իշ­խէ», Տիգ­րան Չէօկիւ­րեան, «Եւ ամէն մէկ հպու­միդ հո­գի՜ս էր որ ին­կաւ լա­զուարթ ձեռ­քիդ տակ» եւ «Լա­զուարթ ժա­մեր լուսնի», Մի­սաք Մե­ծարենց։ Իսկ ձեր սի­րած Տի­րան Չրա­քեանի քնա­րին կը պատ­կա­նին լա­զուար­թով ներ­կո­ւած ըն­տիր ար­տա­յայ­տութիւններ. «Լա­ժուարթ ար­շա­լոյս», «Լա­ժուարթ ստուեր­ներ», «Նո­ճեաց լա­ժուարթ խա­ւար», «Ահա լու­սի­նը կը ծա­գի լա­ժուարթ գի­շերին մէջ», «Ո՜, նո­ճիներ, լա­ժուարթ վեր­ջա­լոյ­սին մէջ բարձրա­ցած»։ (Իսկ այս զրոյ­ցէն եօթը տաս­նա­մեակ յե­տոյ դար­ձեալ Պոլ­սոյ մէջ բա­նաս­տեղծ Իգ­նա Սա­րըաս­լա­նը պի­տի գրէր հե­տեւեալ տո­ղիկը. «Կոր­սո­ւեցայ գի­շերուան լա­զուարթ մթու­թեան մէջ»)

– Ձեր գիր­քի վեր­ջին էջի վրայ կայ… սե­ւը։

– Ճշմար­տութիւ­նը, յար­գե­լի հիւրս, սե­ւը գոյն չէ, այլ՝ գոյ­նե­րու բա­ցակա­յու­թիւնը, ինչպէս որ մու­թը բա­ցակա­յու­թիւնն է լոյ­սի։

– Գիր­քի պատ­րաստու­թեան ըն­թացքին, զգա­լի է, թէ նկա­տի առած էք հայ աշա­կեր­տութիւ­նը։

– Աշ­խա­տասի­րու­թիւնս կը նո­ւիրեմ նոր սե­րունդի դաս­տիարա­կու­թեան։ Միամեայ յե­ղափո­խու­թիւնը լու­սա­ւոր ապա­գայ մը կը խոս­տա­նայ կայսրու­թեան բո­լոր ազ­գե­րուն, մա­նաւանդ հայ ազ­գին։ Ազա­տու­թեան մթնոլորտ մը կայ Պո­լիսէն մին­չեւ Հայ­կա­կան Նա­հանգներ։ Հե­տեւա­բար, հա­յեցի կրթու­թիւնը նոր թափ մը պի­տի առ­նէ, կաս­կած չու­նիմ։ Սիմ-Հա­ճի գիւ­ղի մէջ կան Պար­թե­ւեան արա­կան եւ Հռիփ­սի­մեան իգա­կան դպրոց­նե­րը։ Անոնց աշա­կերնտե­րը ան­կասկած կ՛օգ­տո­ւին գիր­քէս։ Իսկ մօտ օրէն կը մէկ­նիմ Եւ­դո­կիա։ «Եօթը գոյ­ներ»ը ծրագ­րած եմ տրա­մադ­րել այդ քա­ղաքի հինգ վար­ժա­րան­նե­րուն. Վար­դա­նեանին, Վար­դուհեանին, Ս. Աս­տո­ւածա­ծինին, Ս. Եր­րորդու­թեան եւ Ս. Գէոր­գին։ Հայ մտա­ւորա­կանու­թիւնը նոր եռան­դով սկսած է աշ­խա­տելու ու եր­կի­րը յա­ռաջ տա­նելու։ Բո­լորս հա­մոզո­ւած ենք, թէ գի­տու­թիւնը ազա­տու­թիւն է։

– Ճիշդ է, գի­տու­թիւնը ազա­տու­թիւն է եւ խա­ղաղու­թիւն է լա­զուարթ երկնքի տակ։