Ինչպէս անդրադարձած ենք թերթիս, թէ նախորդ եւ թէ այս շաբաթուայ համարներով, Փետրուար ամսուայ 21-րդ օրը ընդունուած է իբրեւ Մայրենի Լեզուի Համաշխարային Օր։ Այս նշանակումը ահազանգ մըն է նաեւ կորուստի դատապարտուած բոլոր մայրենի լեզուներուն համար եւ այդ իսկ պատճառաւ իրարու կը յաջորդեն նոր նախաձեռնութիւններ, իբրեւ այդ կորուստի սպառնալիքը վերացնելու միջոց։ Այդ ծիրէն ներս նոր նախաձեռնութիւն մը ըլլալով կը ներկայանայ «Ռատիօ Անաթոլի» համացանցային ձայնասփիւռը, որ շուտով կ՚աւարտէ նախապատրաստութեան շրջանը եւ կը սկսի Թուրքիոյ մէջ գործածուած զանազան լեզուներով իր հաղորդումներուն։
Այդ ծիրէն ներս նախատեսուած է արեւմտահայերէն երկու հաղորդումներ, առաջինը Գայուշ Չալըքման Կավրիլոֆի կողմէ «Ծիծեռնակ» խորագիրով, իսկ երկրորդը Բագրատ Էսդուգեանի կողմէ «Իսթանպուլեան Նամականի» անունով։
Երկու հաղորդումներն ալ իտի սփռուին շաբաթական հերթականութեամբ եւ ունկնդիրներուն պիտի մատուցեն հետաքրքրական բովանդակութիւն մը քաղուած առօրեայ ապրումներէ։