ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
ishanerdinc@gmail.com
Նախորդ շաբթու վերջ հիւսիսային Իրաքի Կարէի շրջանին ուղղուած զինեալ գործողութենէն ետք ալեկոծուած է նաեւ քաղաքական դաշտը։ Ինչպէս ծանօթ է թուրք բանակը ՓՔՔ-ի ձեռքին գտնուող զինուոր, ոստիկան կամ լրաքաղութեան ծառայութեան պաշտօնեայ 13 պատանդները փրկելու նպատակով զինեալ գործողութեան մը ձեռնարկած էր, որու արդիւնքին զոհուեցան թէ 13 պատանդները եւ թէ գործողութեան մասնակից երեք զինուորներ։ Այս ձախողութենէ ետք Նախագահ Էրտողան եւ իր կառավարութիւնը մեղադրանքի թիրախ դարձուցած են ՀՏՓ կուսակցութիւնը։ Այսպէս 9 պատգամաւորներու անձեռնմխելիութիւնը վերացնելու համար սկսած է դատական գործողութիւն։ Իսկ Վճռաբեկ Ատեանը վաւերացուցած է նոյն կուսակցութեան պատգամաւոր Էօմէր Ֆարուք Կերկերլիօղլուի դէմ նախապէս վճռուած պատիժը։ Այս առթիւ «Ակօս»ի աշխատակից Իշխան Էրտինչ հանդիպում մը ունեցաւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Կերկերլիօղլուի հետ, որուն պատասխաններէն համառօտ մէկ հատուածը կը ներկայացնենք «Ակօս»ի ընթերցողներուն։
Կերկերլիօղլուի համաձայն իշխանութիւնը նպատակադրած է ՀՏՓ կուսակցութիւնը քաղաքական դաշտէն հեռացնել։ «Քանի որ սահմանադրութեան մէջ կատարուած փոփոխութիւններով դժուարացած է քաղաքական կուսակցութիւնները փակելը, կառավարութիւնը կ՚ուզէ այդ կուսակցութեան պատգամաւորները չէզոքացնել եւ այդպէսով անդամալոյծ ընել մեզ։ Աւելի քան 90 դատական մեղադրանքներ ներկայացուած են մեզի հանդէպ»։
Իսկ գալով պատանդները փրկելու մասին աշխատութիւններուն, պատգամաւորը նշեց որ նախապէս բազում անգամներ հանդիպած է պատանդներու ընտանիքներուն հետ։ Թէ ինք եւ թէ Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Մուրատ Պաքան բազում անգամներ խնդիրը բերած են Խորհրդարանի օրակարգին, բայց իրենց առաջարկները միշտ մերժուած են իշխանութեան ճակատի պատգամաւորներու կողմէ։
«Զինուորական գործողութեան առաւօտուն Պաշտպանութեան Նախարարի յայտարարութիւնը լսելով արդէն զգացի թէ ինչ կատարուած է։ Չէ որ ան կը խօսէր 13 քաղաքացիներու մահուան մասին։ Բայց սպաննուածները քաղաքացիներ չէին, այլ բանակայիններ, ոստիկաններ եւ պետական պաշտօնեաներ, որոնք աւելի քան վեց տարիէ ի վեր պատանդ էին։ Այս լսելով «Թուիթըր»եան իմ էջի վրայ գրեցի հետեւեալը. «Այդ ընտանիքները ինծի դիմած էին։ Կրնային ապրիլ, երանի թէ չմեռնէին»։ Իմ այս գրառումը ահաբեկչութեան քարոզչութիւն համարեցին եւ դատ բացին ինծի դէմ։ Մեր բոլոր կուսակցական ընկերներուն ուղղեալ մեղադրանքներն ալ աւելի տարբեր չեն։ Համաշխարհային իրաւաբանութեան չափանիշերով ծիծաղելի պնդումներ, որոնք կը ներկայացուին մեզ քաղաքականութենէ հեռու պահելու համար»։
Իշխան Էրտինչ նաեւ կը յուշէ Էրեն Քեսքինի եւ Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճըի դէմ վճռուած պատիժները եւ հարց կու տայ թէ խաղաղութիւն քարոզողները ինչպիսի վտանգի մը հետ դէմյանդիման կը գտնուին։
«Եթէ մէկու մը ոտքին կոխեն միայն անոր ոտքը կը ցաւի։ Իսկ մարդու իրաւունքներու պաշտպանները ուրիշի ցաւին համար ալ ձայն բարձրացնողներ են։ Ես նախքան որ երեսփոխան ընտրուիլ արդէն ունէի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ աւելի քան 20 տարուայ աշխատութիւն։ Նախագահի պաշտօն ստանձնած էի «ՄազլումՏէր» մարդասիրական ընկերութեան մէջ։ Ես էի որ յամառօրէն օրակարգի բերի ոստիկանատուներէ կամ բանտերէ ներս մերկ խուզարկման խայտառակութիւնը։ Մերկ խուզարկումը մարդու իրաւունքներու բռնաբարում մըն է, որ դիտումնաւոր կերպով կը կատարուի յատկապէս անհատը նուաստացնելու, անոր ինքնավստահութիւնը եւ կամքը վերացնելու համար։ Նախ բոլորն ալ ուրացան այս իրողութիւնը, հակառակ որ բոլորն ալ գիտէին թէ իրողութիւն մըն է այս, որ կը կիրակուի տարիներէ ի վեր»։
Էօմեր Ֆարուք Կերկերլիօղլու քննադատեց նաեւ Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան պատգամաւոր Էօզլեմ Զենկինի «Պատուէրով կը յղիանան, որպէսզի կառավարութիւնը նեղ դրութեան մատնեն» խօսքերը։ «Հարցնել կ՚ուզեմ արդեօք վիժումներն ալ պատուէրով կը կատարուի։ Յղի վիճակով բանտ մտած երեք կիներու այդ տեղի պայմաններուն մէջ վիժած ըլլալու մասին տուեալներ ունիմ։ Յղութիւնը վտանգելէ վախնալով -Զիս մի ձերբակալէք- աղաչող կիները ի զուր տեղ ձերբակալեցին եւ անոնք իրենց երախաները կորսնցուցին։ Այս ալ պատուէրո՞վ եղած էր»։
Իբրեւ վերջին հարցումի պատասխան Էօմեր Ֆարուք Կերկերլիօղլու կը յայտնէ թէ հակառակ ընտրողներուն իրենց ուղղած «Լքեցէ՛ք այդ Խորհրդարանը եւ վերադարձէք ժողոժուրդին գիրկը» կանչէրուն յամառօրէն պիտի շարունակեն Խորհրդարանէ ներս իրենց օրինական պայքարը։