Նախորդ երկուշաբթի Նախագահ Էրտողան ելոյթ ունենալով կը խոստանար չորեքշաբթի օր ուրախ լուրեր փոխանցել Թուրքիոյ հասարակութեան։ Այդ պահուն ոչ ոք գիտէր՝ թէ ինչ կրնայ ըլլալ այս ուրախ լուրը։ Իսկ չորեքշաբթի օր բարձրախօսներու դիմաց Նախագահ Էրտողան յայտարարեց կարծես թէ սպասուած աւետիսը «Լուսին կ՚երթանք» ըսելով։ Ապա մանրամասնեց Թուրքիոյ անջրպետը նուաճելու ուղղութեամբ մշակած ծրագիրները, այդ բոլորը կապելով նաեւ տարեթիւերու։ Ըստ այդ աւետիսին արդէն շուտով պիտի ունենայինք սեփական ուժերով կառուցուած աստղանաւ, որ լուսին վայրէջք պիտի կատարէ առանց աստղանաւորդի։ Իսկ 2023-ին թուրք աստղանաւորդ մը ոտք պիտի դնէ լուսին։
Երկրի օրակարվը զբաղած էր նախագահի այս անսպասելի լուրով, երբ վրայ հասաւ Ըրաքի հիւսիսային հատուածի քրտական ինքնավար մարզի մէջ տեղի ունեցած զինեալ գործողութեան մը մանրամասնութիւնները։ Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններու կատարուածը պատանդներ փրկելու աշխատութիւն մըն էր, որ աւարտեցաւ 13 պատանդներու մահով։ Դարձեալ մանրամասնութիւններու համաձայն Թուրքիոյ օդային ուժերը 42 կործանիչներով ռմբակոծած են տարածքը եւ ապա յայտնաբերած են պատանդներու դիերը։
Պետական մարմիններու յայտարարութեամբ պատանդները վերջին պահուն սպաննուած են զիրենք գերավարող ՓՔՔ-ի ահաբեկիչներու կողմէ։ Միւս կողմէ ՓՔՔ-ի շրջանակներն ալ կը հերքեն այս պնդումը եւ կ՚ըսեն թէ պատանդները մեռած են ռմբակոծման հետեւանքով։ Նոյնիսկ ԱՄՆ Պետքարտուղարութիւնը յայտարարութիւն մը ընելով ըսած էր թէ եթէ ստուգուի պատանդներու ահաբեկիչներու կողմէ սպաննուելու մասին պնդումները իրենք ամենաբարձր կերպով պատրաս են մեղադրելու կատարուածը։ Անշուշտ այս յայտարարութիւնը սառ ցնցուղի ազդեցութիւն ունեցաւ երկրի քաղաքական շրջանակներու մօտ, որոնք ծանրօրէն դատապարտեցին կատարուած յայտարարութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու Անգարայի ներկայացուցիչը հրաւիրեցին Արտ Գործ Նախարարութիւն այս մասին պետութեան դժգոհութիւնը յայտնելու համար։
Նշենք որ Ճօ Պայտընի ընտրութենէն այս կողմ բաւականին ցուրտ են Անգարա-Ուաշինկդն յարաբերութիւնները եւ առայժմ ապարդիւն կը մնան Թուրքիոյ քաղաքական շրջանակներու այդ լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղեալ ջանքերը։ Պատանդները փրկելու համար կազմակերպուած գործողութեան ձախողումը նաեւ փոթորկեց ներքին քաղաքականութիւնը, քանի որ ընդդիմադիրներ կատարուածի պատասխանատուութիւնը կը բեռցնէ իշխող կառավարութեան, իսկ ան ալ դարձեալ չի վարանիր այս խնդրի մէջ ալ ընդդիմադիրները մեղադրելու իր սովորական ռազմավարութենէն։ Անդին կը մնայ ցաւալի այն իրողութիւնը թէ զոհուածներու ընտանիքները մինչեւ այս օր կը պահէին փրկութեան յոյս մը եւ այդ յոյսը ի սպառ վերացաւ շնորհիւ քաղաքական այլ եւ այլ նախասիրութիւններու։ Այս հանգրուանին վերլուծաբաններու կարծիքով Էրտողանի խոստացած աւետիսը այս գործողութեան յաջողութեամբ պսակուելու յոյսով էր եւ ձախողութեան պարագային վերջին պահուն հնարուած լուր մը ըլլալով դիմեցին «Աստղ կ՚երթանք» կարծեցեալ լրատուութեան։