Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչ Սերժ Սարգսեան, որ Թաւշեայ յեղափոխութենէ ետք առհասարակ հեռու մնացած էր քաղաքական բանավէճերէ, վերջերս սկսած է ուշագրաւ յայտարարութիւններով վերադառնալ դէպի քաղաքականութիւն։ Նշենք որ նախկին նախագահը այդ միջոցին մէջ ապրեցաւ նաեւ իր կողակիցը՝ անցեալի առաջին տիկին Ռիմա Սարգսեանի մահուան թախիծը պսակաձեւ ժահրի համավարակի պատճառաւ։ Սերժ Սարգսեան ինք եւս վարակուած էր, բայց յաջողեցաւ ապաքինիլ։
Սարգսեան վերջերս յայտարարութիւններ կ՚ընէ զանազան հեռուստակայաններուն եւ կը քննադատէ Փաշինեանի կառավարութիւնը պատերազմի օրերուն Արցախի անկախութիւնը ճանչցած չըլլալուն համար։ «Պատերազմը լաւագոյն առիթն էր Արցախի անկախութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու համար։ Նոյնիսկ պատերազմը երբ աւարտեցաւ պարտութիւնով այդ ճանաչումը աւելի ծանր հետեւանք մը պիտի չունենար եւ ամենաթէժ պայմաններուն պիտի հարկադրուէինք այդ որոշումը չեղարկելու եւ ոչ աւելին»։ Բաւականին վիճելի է Սարգսեանի այս խորհուրդը, բայց նաեւ վրան մտածելու արժանի։ Քանի որ այդ օրերուն բաւական ընդունելութիւն գտած կարծիք մըն էր այս։ Իսկ այս պահուն որքան ալ քննարկենք ացեալի բացթողումները, մեր առջեւ կայացած կարեւորագոյն խնդիրը կը մնայ երկիրը բերել որոշ կայունութեան, վերջ դնելով սնամէջ քաղաքական քաշքշուքի։
Երկիրը մատնուած է ճգնաժամի մը եւ առաջնահերթ խնդիրն է վերահաստատել բնականոն առօրեան եւ պայքարիլ կաշառակերութեան եւ նման կործանարար սովորութիւններու հետ։ Միայն օրինական երկիրի տիրանալով է որ կարելի պիտի ըլլայ կուտակուած բազում խնդիրներու յաղթահարումը։