ՄԻՍԱՔ ՀԵՐԿԵԼ
«Աւանդութիւններ» յօդուածաշարքի այս բաժնին մէջ կ՚անդրադառնանք Սուրբ Սարգիսի Մուսա Լերան գիւղերուն մէջ ընկալման եղանակին եւ անոր ձօնուած տօնակատարութիւններուն։ Ի դէմ ազգային տարբերութեան հայ ժողովուրդը մեծ սէր ունեցած է զօրավար Սուրբ Սարգիսի հանդէպ։ Ան ծնած էր 330 թուին Կապատովկիոյ Կամիրք (Այժմու Կեմերեք) քաղաքը իբրեւ յոյն ընտանիքի մը որդին։ Քրիստոնէութիւնը ընդունած առաջին հռովմէացի կայսր Մեծն Կոստանդինի կողմէ գնահատուած էր իր քաջութիւնը եւ զինուորական հմտութիւնը ու իր ծննդավայրի հրամանատար ու իշխան կարգուած էր կայսրի կողմէ։
Սուրբ Սարգիս բացի իր ռազմական յատկութիւններուն, քրիստոնէութեան քարոզիչ մըն էր նաեւ։ Իշխանութիւն ըրած տարածութեան մէջ շնորհիւ իր համոզիչ յատկութեան, արագօրէն տարածած էր այս նոր վարդապետութիւնը։ Մինչ այդ մկրտուած ըլլալով հանդերձ քրիստոնէութիւնը մերժող եւ այդ իսկ պատճառաւ ալ հռովմի վերջին հեթանոս կայսրը ըլլալով յիշուող Յուլիանոս սկսաւ ճնշում բանեցնել Սարգիս զօրավարի դէմ։ Այս ճնշումներու դիմաց Սուրբ Սարգիս իր որդւոյն Մարտիրոսի հետ միասին նախ ապաստանեցաւ Հայաստանի թագաւորութեան եւ ապա զրադաշտ (զէրտիւշտ) Սասանեան Պետութեան։ Այստեղ ան նշանակուեցաւ բանակի գլխաւոր զօրավար ու այդ կոչումով պարտութեան մատնեց դէպի Սասանեան երկիր արշաւանքի եկած հռոմէացիները։ Սակայն Սասանեան արքայ Շապուհ Բ. 363 թուին զրադաշտութիւնը մերժող եւ քրիստոնէութիւն քարոզող Սուրբ Սարգիսը պատժեց սպաննելով նախ անոր որդին, 14 քաջ ռազմիկները ու վերջապէս զինք։
Պատմական աղբիւրներու վկայութիւնը այսպէս կը նկարագրեն Սուրբ Սարգիս զօրավարի կենսագրութիւնը։ Սակայն հայ ժողովուրդը գնահատելով անոր յատկութիւնները իւրացուցած է այդ պատմական կերպարը եւ անոր կենսագրութիւնը ճոխացուցած բազմաթիւ յերիւրածոյ պատումներով եւ առասպելներով։ Ան Սասունցի Դաւիթ առասպելի «Գուրգիք Ճելալի»ի նման թեւաւոր սպիտակ ձիովը օգնութեան կարօտներուն հասած, յատկապէս ալ սիրահարներու երազանքները իրականացուցած սուրբ մը ըլլալով դրոշմուած է հայ ժողովուրդի ընկալման մէջ։
Սուրբ Սարգիսի տօնը Ս. Զատկին նախորդող 63-րդ օրուայ շաբաթին, 18 Յունուար եւ 23 Փետրուարի միջեւ եկեղեցական արարողութիւններէ ետք հայ ժողովուրդի տարբեր բնակավայրերուն իրարմէ բոլորովին տարբեր եղանակներով կը յիշատակուի։
Ինչպէս բազում հայկական քաղաքներ Մուսա Լերան տարածքին ալ ամենասիրուած արական անուններէն է Սարգիսը։ Համարեա ամէն գերդաստանէ ներս կարելի է հանդիպիլ մէկէ աւելի Սարգիսներու։ Սուրբ Սարգիսի հանդէպ այս սիրոյ դրսեւորումներէն մէկն է Մուսա Լերան երեք գիւղերու մէջ Սուրբ Սարգիսի անունով յիշուած, այդ սուրբին այդ վայրերուն գտնուած ըլլալուն հաւատուած երեք սրբավայրեր Քեպուսիյէ, Եողունօլուք եւ Պիթեաս գիւղերուն մէջ։
Սուրբ Սարգիսը տեղական բարբառով ասացուածքներուն ալ յիշուած անունն է։ «Եա Սըբ Սարգէս, դէյուն թըղ հասնես» (Ով Սուրբ Սարգիս դուն հասիր) կամ «Եա Սըբ Սարգէս բռնից գուտես չիննեմ, թըղ չիննի հիքքես» (Ով Սուրբ Սարգիս բռնէ գօտիս չիյնամ, թող չելլայ հոգիս) եւ այլն։
Այս պատմական անձը հայոց պատումներու մէջ կը յիշուի իբրեւ հայոց բանակի քաջ հրամանատարը։ Բիւզանդիոնի կայսրը պատերազմի մը ընթացքին օգնութեան կը կանչէ Սուրբ Սարգիսը։ Ան ալ իր 40 ռազմիկներով կը փութայ օգնութեան եւ կը յաղթեն թշնամին։ Սակայն կայսրը տեսնելով անոնց կարողութիւնը կը վախնայ խորհելով թէ ապագային իր գլխուն ալ կրնան փորձանք դառնալ։ կը սարքէ խնճոյք մը հայ ռազմիկներու պատուին, ուր կը ծրագրէ զանոնք հարբեցնելով սպաննել։ Այս մասին կը պաշտօնակոչէ 40 ցոփուհիներ, որոնք պիտի օգնեն այս դաւադրութեան իրականացման։ Սակայն Սուրբ Սարգիսին մօտեցող կինը կը հմայուի Սուրբի գեղեցկութենէն եւ կը խոստովանի կատարուած դաւադրութիւնը։ Ըստ աւանդութեան Սուրբ Սարգիս այս լսելով կարգ մը զրոյցներու համաձայն որդին, իսկ ուրիշ զրոյցներու համաձայն ալ դաւադրութիւնը բացայայտող գեղուհին հետը առնելով կը հեծնի սպիտակ ձին ու թեւաւոր ձին ալ կը սլանայ քաղաքի պարիսպներէն եւ զիրենք կը տանի ազատութեան։
Այս զրոյցները կ՚աւարտին նման փախուստէ մը ետք Սուրբ Սարգիսի ապաստանած քարայրները մատնացոյց ընելով։ Այդ քարայրներու ամենանշանաւորն է մինչեւ 1939 թիւը հայաբնակ Քեպուսիէ գիւղի հիւսիս արեւմուտքին գտնուող ժայռափոր քարայրը։ Ան կը գտնուի բարձր դիրքի մէջ, որուն անցեալին կարելի էր բարձրանալ բաւականին խարխուլ սանդուխով մը։ Նոյնիսկ աւանդազրոյցներ կային թէ այդ գիւղը աւելի վերջ հաստատուած օտարներ սանդուխը փորձած են գործածել իրենց պարտէզներուն կամ տներուն մէջ, բայց յաջորդ առաւօտ զարմանալով տեսած են որ սանդուխը դարձեալ յայտնուած է «Սըբ Սարգիսէն մաղարան» այսինքն Սուրբ Սարգիսի քարայրի մուտքին։ Վերջերս քարայր բարձրանալը դիւրացնելու համար կառուցուած է երկաթեայ նոր սանդուխ մը։ Նշենք որ այժմ կողքին աշտարակ մը աւելցնելով մզկիթի վերածուած Քեպուսիէի երբեմնի եկեղեցին ալ կոչուած էր Սուրբ Սարգիս։ Մուսա Լերան հայութեան Սուրբ Սարգիսի հետ կապուած աւանդութիւններէն մէկն ալ սուրբի յիշատակման օրուայ յատուկ կարկանդակը «Քումպու» է։ Մուսա Լերցիներ Սուրբ Սարգիսի տօնակատարութեան առթիւ կը պատրաստէին 30-40 սմ. տրամաչափով բոլորաձեւ խմորեղէն մը, որ կը կոչուէր քումպու։ Քումպուի հիմնական նախանիւթն էր թեփաւոր ցորենի կամ եգիպտացորենի ալիւրը, ձէթը եւ ռուպը։ Անցեալին բաւականին քաղցրահամ թուզի ռուպը կ՚օգտագործուէր եւ նաեւ մեղր։ Նախ կը պատրաստուէր խմորը, որուն աւելացուած կ՚ըլլար մանրուած ընկոյզ եւ պիստակ։ Այս բաւականին թանձր խմորը տան բնակիչներու թիւով շերտերու կը բաժանուէր, որոնց մէջ կը պահուէր նաեւ մետաղեայ դրամ, ուլունք, կոճակ, սիսեռ կամ լուբիա։ Ապա ան կը փաթաթուէր «լվվակ» (թիրշիկի խոտ) բոյսի տերեւներով եւ կը թաղուէր մոխիրին մէջ։ Այդ մոխիրին մէջ երկար եփուող քումպուն յաջորդ օր կը բաժանուէր ընտանիքի մէջ եւ մետաղէ դրամի հանդիպողը, այսինքն «տուլութ»ին տիրացողը ընտանիքի բախտաւորը կը համարուէր։ Բայց բախտաւոր ըլլալն ալ իր կարգին փորձանքաբեր է, քանի որ ընտանիքի դժբախտ անդամներու կողմէ իբրեւ թէ նախանձի արտայայտութիւն յարձակումի կ՚ենթարկուէր ծով նետուելու սպառնալիքով։ Այս ալ մի այլ ակնարկութիւն էր Յովնան մարգարէի առակին, քանի որ ան ծով նետուելով հանդերձ բախտ բերմամբ փրկուած էր։
Աղբիւրներ՝
1 https:// www. houshamadyan. org.
2 «Յուշամատեան Մուսա Լերան» Մարտիրոս Քուշակճեան Պօղոս Մատուրեան, Պէյրութ 1970
3 «Մուսա Տաղի Պապենական Արձագանգներ» Թովմաս Հապէշեան, Պէյրութ 1986
4 «Մուսա Լերան Հայկական Գաղթօճախը» Մարտիրոս Քուշակճեան, Պէյրութ 1988
5 «Մուսմա Լերան Դիմադրութիւնը» Ֆլավիա Ամապիլէ- Մարքօ Թոսաթթի, «Արաս» հրատարակչատուն Իսթանպուլ 2017